Արխիւ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2016

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը բա­ցուե­ցաւ Մխի­թար Աբ­բա­հօր ի յի­շա­տակ պատ­րաս­տուած ցու­ցա­տախ­տակ մը, որ զե­տե­ղուե­ցաւ դպրո­ցի շէն­քի մուտ­քը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2016

Սկիւ­տա­րի գե­րեզ­մա­նա­տան Ս. Խաչ թա­ղա­մա­սէն ներս վա­ղը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ար­քու­նի ճար­տա­րա­պե­տաց Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի ան­դամ­նե­րուն նո­րա­կերտ յու­շար­ձան-դամ­բա­րա­նին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը։ Այս շի­րի­մը կա­ռու­ցուած է Հրաչ եւ Յա­կոբ Քըր­մը­զեան եղ­բայր­նե­րու բա­րե­րա­րու­թեամբ, ի յի­շա­տակ ի­րենց հո­գե­լոյս ծնո­ղաց՝ Շնոր­հիկ եւ Վահ­րամ Քըր­մը­զեան­նե­րու, ո­րոնք ան­ցեա­լի մէջ ե­ղած են Սկիւ­տա­րի բնա­կիչ­ներ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի հետ։ Անոնք անդ­րա­դար­ձան Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, եւ մա­նա­ւանդ Հա­լէ­պի կա­ցու­թիւ­նը ծայր աս­տի­ճան մտա­հո­գիչ դար­ձած է՝ բա­խում­նե­րու սաստ­կաց­ման հե­տե­ւան­քով։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2016

«Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը ներ­կա­յիս գրա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան տրա­մադ­րու­թեան տակ դրած է ե­զա­կի գործ մը, որ կը դա­սուի հայ­կա­կան գրա­կա­նու­թեան ա­մե­նա­յատ­կան­շա­կան եր­կե­րու շար­քին։ Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի ա­ջակ­ցու­թեամբ լոյս տե­սած է Շա­հան Շահ­նու­րի «Նա­հան­ջը ա­ռանց եր­գի» վէ­պին թրքե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ Հա­լէ­պի շուրջ կռիւ­նե­րը սաստ­կա­ցած են վերս­տին։ Երկ­րի ղե­կա­վար Պե­շար Է­սա­տի եւ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն կռիւ­նե­րը սաստ­կա­ցած են մա­նա­ւանդ Հա­լէ­պի շուրջ։ Սու­րիոյ բա­նա­կը սաս­տիկ յար­ձակ­ման մը տակ ա­ռած է քա­ղա­քը՝ զայն ամ­բող­ջու­թեամբ մաք­րա­գոր­ծե­լու հա­մար զի­նեալ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը եւ լիա­կա­տար վե­րահս­կո­ղու­թիւ­նը ձեռք ան­ցը­նե­լու հա­մար։ Սաս­տիկ բա­խում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ յար­ձա­կում­նե­րու թի­րախ կը դառ­նան նոյ­նիսկ հի­ւան­դա­նոց­ներ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին յա­ռա­ջի­կայ ա­միս հա­ւա­նա­բար այ­ցե­լէ Թուր­քիա։ Քրեմ­լի­նի բան­բե­րը՝ Տի­միթ­րի Փես­քով ե­րէկ յայտ­նեց, որ ան Հոկ­տեմ­բե­րին կրնայ այ­ցե­լել Թուր­քիա։ Նա­խա­պատ­րաս­տա­կան բո­լոր հանգ­րուան­նե­րու ա­ւար­տին Քրեմ­լի­նի աղ­բիւր­նե­րը վերս­տին պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն մը պի­տի ը­նեն այս մա­սին։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016

Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը ե­րէկ ժո­ղով մը գու­մա­րեց մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ։ Պեշ­թե­փէի պա­լա­տին մէջ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ գու­մա­րուե­ցաւ ժո­ղո­վը, որ տե­ւեց շուրջ վեց ժամ։ Սա խոր­հուր­դի երկ­րորդ ժո­ղովն էր՝ 15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն վերջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016

Երեւանի մէջ հայկական ազգագրական երգի ու պարի խանդավառ փառատօն. «Գութան 2016»:
«Մրրօ» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնած ծրագիրը բացուեցաւ մայրաքաղաքի կեդրոնի բացօթեայ երեկոյթով:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան Երեւան այցելութեան օրերուն շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Այո՛, ժողովուրդը քիչ մը պարելու եւ զուարճանալու երաժշտութիւն կ՚ուզէ, բայց պէտք է մենք մեր բարձր արուեստը՝ մեր Կոմիտաս Վարդապետը, Սայաթ Նովան, Կարա Մուրզան, Գալանտերեանը պահենք, որպէսզի մեր մշակոյթը բարձր մնայ»:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016

ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ­

Սեպ­տեմ­բեր 26-ին հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծնուն­դը իր հան­ճա­րեղ զա­ւակ­նե­րէն ա­մե­նէն սրտա­մօ­տին՝ ­Հա­յու ­Հո­գին եր­գով ու ե­րաժշ­տու­թեամբ վեր­ծա­նած եւ աշ­խար­հով մէկ հնչե­ցու­ցած ան­զու­գա­կան, անկրկ­նե­լի՛ ­Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տին (Սողոմոն Սողոմոնեան, 1869-1935)։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

​Քսան­հին­գա­մեայ ան­կախ հայ­րե­նի­քը կը թնդայ իր ար­ծա­թեայ տա­րե­դար­ձը տօ­նե­լով: Ա­մէն տեղ կը ծա­ծա­նի ե­ռա­գոյ­նը, ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դը՝ մե­ծերն ու փոք­րե­րը փո­ղոցն են ու կ՚ուղ­ղուին Ե­րե­ւա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րակ: Ար­ծա­թեայ յո­բե­լեա­նը պի­տի տօ­նուի նախ զօ­րա­հան­դէ­սով, ո­րուն նա­խա­պատ­րաս­տա­կան փոր­ձե­րը տե­ղի ու­նե­ցան ամ­բողջ ան­ցեալ շաբ­թուան ըն­թաց­քին

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016

Ե­րէկ, Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցուե­ցաւ շաբ­թուան հեր­թա­կան Ս. Պա­տա­րա­գը՝ ձե­ռամբ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեա­նի։ Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հոծ բազ­մու­թիւն մը ներ­կայ գտնուե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թեան, ո­րու եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Մու­րատ Իչ­լի­նալ­չա­յի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րէն Քրիս­տին Ծա­ռուկ վեր­ջերս շատ փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն մը ար­ձա­նագ­րած է՝ կօ­շիկ­նե­րու գծագր­ման մրցոյ­թի մը մէջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ելոյթներով հանդէս եկաւ Պէօրքլիի եւ Սթենֆորտի համալսարաններուն մէջ:
Եդուարդ Նալպանտեան հայկական կողմի տեսակէտները մանրամասնօրէն կը բացատրէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ներկայ փուլին շուրջ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Լորտ Պայ­րըն կ՚ը­սէ, թէ՝ «այս աշ­խար­հի վրայ ա­ռա­քի­նու­թե­նէ ա­ւե­լի ազ­նուա­կան եւ ըն­տիր բան չկա՛յ»։ Ա­ռա­քի­նի մարդ ըլ­լալ կը նշա­նա­կէ՝ ազ­նիւ մարդ ըլ­լալ, ըն­տիր մարդ ըլ­լալ, տի­պա՛ր մարդ ըլ­լալ եւ մէկ խօս­քով՝ մա՛րդ ըլ­լալ։ Ար­դա­րեւ բազ­մա­թիւ ա­րա­րած­նե­րու մէջ «մարդ» ստեղ­ծուած ըլ­լալ, «մարդ» ա­նուա­նուիլ՝ ի­րա­պէս շնորհ մըն է, ա­ռա­ւե­լու­թիւն մը, բա­ցա­ռու­թի՛ւն մըն է։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ստո­րեւ կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել Ար­տա­շէս Գալ­փաք­ճեա­նի «Հօր մը իր զաւ­կին հետ մտե­րիմ խօ­սակ­ցու­թիւն» յօ­դուա­ծա­շար­քէն՝ 11 Սեպ­տեմ­բեր 1937 թուա­կիր «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ»ի մէջ հրա­տա­րա­կուած հե­տաքրք­րա­կան յօ­դուա­ծը։ Ար­դա­րեւ, մե­զի հա­մար մեծ հա­ճոյք է մօ­տա­ւո­րա­պէս ութ­սուն տա­րի ա­ռաջ, մեր մեծ­հօր Ար­տա­շէս Գալ­փաք­ճեա­նի, այս նոյն սիւ­նակ­նե­րուն մէջ հրա­տա­րա­կուած յօ­դուա­ծին անդ­րա­դառ­նալ եւ զայն ներ­կա­յաց­նել մեր սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016

Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մի հրա­ւէ­րով Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­լէ ետք Der Standard օ­րա­թեր­թի լրագ­րող Քրիս­տիան Շա­խին­կըր յօ­դուած հրա­պա­րա­կած է Հա­յաս­տա­նի մա­սին՝ ներ­կա­յաց­նե­լով հայ­կա­կան շարք մը զբօ­սաշր­ջա­յին ուղ­ղու­թիւն­ներ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ այս օ­րե­րուն Պո­լիս կ՚այ­ցե­լէ սփիւռ­քա­հայ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան Տքթ. Վար­դան Օ­զի­նեան։ Ան Փա­րի­զէն քա­ղաքս փու­թա­ցած է իր քրոջ՝ վաս­տա­կա­ւոր կրթա­կան մշակ Մա­րի Քա­րա­քա­շեա­նի հետ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016

Իսրայէլի պետութեան իններորդ նախագահը պիտի յուղարկաւորուի այս Ուրբաթ:
Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր ղեկավարը իննսունչորս տարեկան էր:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ դես­պան Ճէյմս Ո­ւոր­լիք յայ­տա­րա­րեց, որ միջ­նորդ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն աշ­խոյժ աշ­խա­տանք տա­նիլ կող­մե­րուն հետ՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին շրջագ­ծով հրա­դա­դա­րի յար­գու­մը խրա­խու­սե­լու հա­մար։

Էջեր