Արխիւ

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Փա­րի­զի Հայ մշա­կոյ­թի տան «Տէ­մի­րեան» սրա­հին մէջ Հա­մազ­գա­յի­նը կազ­մա­կեր­պած էր ձեռ­նարկ մը, ո­րու ըն­թաց­քին բա­նա­խօ­սեց պատ­մա­բան Ա­նա­հիտ Տէր-Մի­նա­սեան։ Ձեռ­նար­կին ա­ռիթ տուած էր Կա­րօ Սա­սու­նիի «Լեռ­նե­րու խոր­հուր­դը» հա­տո­րին ֆրան­սե­րէ­նով կա­տա­րուած հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը «Փա­րան­թէզ» հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէ, «Որ­սոր­դը» խո­րագ­րով։ Հա­տո­րը թարգ­մա­նած է Բաբ­գէն Սա­սու­նի, իսկ վեր­ջա­բա­նի հե­ղի­նակն է Ա­նա­հիտ Տէր-Մի­նա­սեան։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Քո­փեն­հա­կի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ու­սում­նա­սի­րո­ւած են 101 հնա­գոյն ծննդա­կան նմոյշ­ներ Եւ­րոա­սիա­յի տար­բեր շրջան­նե­րէն:

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Ե­րե­ւա­նի մօտ Գեր­մա­նիոյ դես­պան Ռայ­նէլ Մո­րէլ Ե­րե­ւա­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ «ՆԱ­ԹՕ-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ նոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու լոյ­սի ներ­քոյ» խո­րագ­րով խորհր­դա­ժո­ղո­վին։ Ան իր ե­լոյ­թին մէջ յայ­տա­րա­րեց, թէ վստահ է, որ օր մը Գեր­մա­նիա պի­տի ճանչ­նայ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Ա­րեւմ­տա­հա­յոց ազ­գա­յին գոնկ­րէ­սը, որ Փա­րի­զի մէջ գտնուող սփիւռ­քա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն մըն է, յայ­տա­րա­րեց, թէ գո­հու­նա­կու­թեամբ կը դի­մա­ւո­րէ ե­րեք հայ ե­րես­փո­խան­նե­րու մուտ­քը Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նէն ներս։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն­նե­րու ու­թե­րորդ փա­ռա­տօ­նը՝ «Տէօ­քիւ­մեն­թարիստ» կը սկսի այ­սօր։ Փա­ռա­տօ­նի յա­տուկ բա­ժին­նե­րէն մէ­կը խո­րագ­րուած է «100-ա­մեայ լռու­թիւն» եւ նուի­րուած Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան։ Այս շրջագծով այ­սօր, ժա­մը 13.00-ին «Սալթ Պէ­յօղ­լու»ի մէջ կը ցու­ցադ­րուի Սիւ­զան Խար­տա­լեան եւ Փէ­յա Հոն­քիւս­տի «Կ՚ատեմ շնե­րը» եւ ժա­մը 15.00-ին ալ՝ Եու­սուֆ Քե­նան Պէյ­սիւ­լէ­նի կող­մէ նկա­րա­հա­նուած «Կեա­վուր մա­հալ­լէ­սի» վա­ւե­րագ­րա­կա­նը՝ Մկրտիչ Մար­կո­սեանի եւ Տիար­պա­քը­րի հա­յու­թեան վե­րա­բե­րեալ։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

​Հանրապետութեան նախագահը աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Ատրպէյճանի մայրաքաղաքը՝ Պաքուի մէջ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան մէկտեղուեցաւ Իլհամ Ալիեւի, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի առաջին խաղերու մասնակից այլ երկիրներէ նախագահներու հետ:

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ընդ­հա­նուր Ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ՝ թէ դա­րե՜ր շա­րու­նակ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ Ս. Հա­ղոր­դու­թեան Խոր­հուր­դին վե­րա­բե­րեալ վէ­ճեր տե­ղի ու­նե­ցած են, ո­րոնք ո՛չ թէ միա­ցու­ցած, այլ մա­նա­ւանդ հե­ռա­ցու­ցա՛ծ են ե­կե­ղե­ցի­նե­րը ի­րար­մէ, դժբախ­տա­բա՛ր։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դէ­սը կա­յա­ցաւ թա­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ «Իլգ­գան» սրա­հին մէջ։ Ներ­կայ էին տեղ­ւոյն թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­տե­նա­պետ Մու­րատ Չա­քա­նի, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ե­դուարդ Հար­բութ, Ս. Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­հի Սիլ­վա Թրի­քա, նախ­կին ա­տե­նա­պե­տու­հի ու բա­րե­րար Մո­նիք Եր­կա­նեան, ծնո­ղաց միու­թե­նէն ան­դամ­ներ, կրթա­կան մշակ­ներ եւ հրա­ւի­րեալ­ներ։ Յայ­տագ­րի տե­ւո­ղու­թեան ար­տա­յայ­տուե­ցան տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Թու­մա­յեան, Մու­րատ Չա­քան եւ Ե­դուարդ Հար­բութ, ո­րոնք շնոր­հա­ւո­րե­ցին շրջա­նա­ւարտ­նե­րը։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ Գում­գա­բուի Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Յա­րու­թիւն Ա­մի­րա Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ։ Ձեր­նար­կին ներ­կայ էին տեղ­ւոյն թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հրանդ Մոս­կո­ֆեան եւ իր լծա­կից ըն­կեր­նե­րը, հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սե­ւան Կիւ­րին, տնօ­րէ­նու­հի Ե­ղի­սա­բէթ Չա­թա­նաս­լան, հրա­ւի­րեալ­ներ ու ա­շա­կերտ­ներ։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ վար­ժա­րա­նի ըն­դար­ձակ պար­տէ­զին մէջ։ Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան թա­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան, Շիշ­լիի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Վազ­գէն Պա­րըն, տեղ­ւոյն թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տու­թե­նէն խորհր­դա­կան Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ւե­տիս Հա­ճըն­լեան եւ տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Նոր­վե­կիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Օս­լո­յի մէջ կա­յա­ցած Եւ­րո­պա­կան միու­թեան Մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան եւ «Europa Nostra» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Տիար­պա­քը­րի Ս. Կի­րա­կոս հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցիին շնոր­հուե­ցաւ եօթ գլխա­ւոր մրցա­նակ­նե­րէն մէ­կը։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի երէկուան շրջանաւարտից հանդէսը դարձաւ իւրայատուկ պահ մը վարժարանի 62-ամեայ պանծալի պատմութեան մէջ:
Փոխ-վարչապետ Պիւլենտ Արընչ կրթօճախի սրահին մէջ ունեցած իր ելոյթին ժամանակ մաղթեց, որ օր մը Հայաստանէն վարչապետ մըն ալ ներկայ ըլլայ այս արարողութեան:

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Երաժշտական փառատօնի շրջագծով քաղաքս հիւրընկալեց պատուաբեր ներկայութիւն մը:
Սրբոց Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ մէջ կայացած համերգը ունէր անդրանիկ ելոյթի մը հանգամանքը:

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 28 2015: Քա­թա­րէն աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ կը մեկ­նիմ Թո­քիօ: Ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ Ճա­բոն պի­տի այ­ցե­լեմ: Բնա­կա­նա­բար կը հե­տե­ւինք Ճա­բո­նի ճար­տա­րա­րուես­տա­կան յա­ռաջ­խա­ղաց­քին եւ գի­տենք, որ այդ եր­կի­րը իր ար­տադ­րու­թիւն­նե­րով ո­ղո­ղած է աշ­խար­հի շու­կան, բայց նաեւ կար­դա­ցած եմ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ա­նոր սխրա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մա­սին:

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

Հայ ժո­ղո­վուրդն ու հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը հա­մաշ­խար­հա­յին հռչա­կի ար­ժա­նաց­նող եւ մի­ջազ­գա­յին ա­րո­ւես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան սիրե­լի դարձ­նող մե­ծա­նուն հա­յե­րու փա­ղան­գին մէջ, իր բարձ­րա­դիր պա­տո­ւան­դա­նը ու­նի Ա­րամ ­Խա­չատ­րեան, ո­րուն ծննդեան տա­րե­դար­ձը կը տօ­նենք ­Յու­նիս 6-ի օ­րը։

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015

Գալ­ֆաեան Տան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի եւ ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից հան­դէս­ներն ու ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի ըն­թերց­ման տօ­նը։ Կրթօ­ճա­խի ու­սուց­չու­հի­նե­րուն կող­մէ պատ­րաս­տուած յայ­տա­գի­րը խան­դա­վա­ռեց ներ­կա­նե­րը։

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նը տուն դար­ձաւ ման­կա­պար­տէ­զի դա­սա­րան­նե­րու տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ յետ­մի­ջօ­րէին վար­ժա­րա­նի հան­դի­սաս­րա­հին մէջ, ներ­կա­յու­թեամբ Մխի­թա­րեան հայ­րե­րու՝ Մագ. Հ. Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէ­նի եւ Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեա­նի, հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Պերճ Մեն­զիլ­ճիօղ­լուի, Մա­տա­կա­րար մարմ­նի ա­տե­նա­պետ եւ ան­դամ­նե­րուն, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան, ու­սուց­չաց կազ­մին եւ ծ­նող­նե­րու:

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015

​Մշոյ Ս. Կա­րա­պետ վան­քի վե­րա­կա­ռուց­ման, գէթ իր գտնուած պատ­մա­կան վայ­րը յի­շո­ղու­թեան վայ­րի մը վե­րա­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ Սա­սուն-Պիթ­լիս-Մու­շի եւ այլ վայ­րե­րու հայ փոք­րա­մաս­նու­թեանց միու­թեան կող­մէ նա­խա­ձեռ­նուած ջան­քե­րը հետզ­հե­տէ կը սկսին տալ ի­րենց ար­դիւն­քը։

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015

Զուարթ­նո­ցի տա­ճա­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հռչա­կա­ւոր դաշ­նա­կա­հար Տիգ­րան Հա­մա­սեա­նի եւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին երգ­չա­խում­բի հա­մա­տեղ «Լոյս ի լու­սոյ» խո­րա­գի­րը կրող շրջա­գա­յու­թեան հա­մեր­գը։

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015

Հայ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու մե­ծա­գոյն յօ­րի­նող­նե­րէն մէկն է Տիգ­րան Ման­սու­րեան, ո­րու գոր­ծե­րէն մին նա­խըն­թաց օր ա­ռա­ջին ան­գամ ունկնդ­րի դա­տին յանձ­նուե­ցաւ Պոլ­սոյ ե­րաժշտա­կան փա­ռա­տօ­նի շրջագ­ծով։ Մեծ ե­ղեռ­նի բիւ­րա­ւոր զո­հե­րը ո­գե­կո­չե­լու նպա­տա­կով փա­ռա­տօ­նի կազ­մա­կեր­պիչ İKSV ող­ջու­նե­լի քայլ մը ա­ռած էր՝ ե­րաժշ­տու­թիւն պա­տուի­րե­լով Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նին։

Էջեր