Արխիւ

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015

​ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ու­ժը՝ ո՛ւժ է, զոր նոյն աղ­բիւ­րը կը հայ­թայ­թէ ա­մէն տեղ եւ ա­մէն ա­տեն, հա­մե­մա­տա­բար՝ եր­բեմն տկար, եր­բեմն ալ շատ զօ­րա­ւո՛ր։ Ուս­տի ա­մէն ուժ իր ժա­մա­նա­կին եւ տե­ղին մէջ մե՛ծ է եւ զօ­րա­ւոր, կա­րե­ւոր, եւ ազ­դակ մըն է մարդ­կա­յին յա­ռաջ­դի­մու­թեան եւ լու­սա­ւո­րու­թեան։ 

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ «Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ գիտական շահեկան ձեռնարկ մը:
Երեկոյթի ատենախօսն էր Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարանի Ուժանիւթի կաճառէն Սեւան Կարապետօղլու:

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արքեպիսկոպոս Ա­թէ­շեան ե­րէկ Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Գեր­մա­նիոյ Պա­վիէրա նահանգէն փու­թա­ցած խումբ մը հիւր հո­գե­ւո­րա­կան­ներ։ Տո­րո­թէա Կրէ­նիէ­րի կող­մէ գլխա­ւո­րուած խում­բը Իս­թան­պու­լի մէջ այս օ­րե­րուն կը ծա­նօ­թա­նայ փոք­րա­մաս­նու­թեանց կրօ­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Վստա­հու­թիւն»ը՝ ան­ձեր ի­րա­րու կա­պե­լու զօ­րա­ւոր ազ­դակ մըն է՝ կապ մը, որ ո­րե­ւէ կաս­կա­ծի, տա­րա­կու­սան­քի պատ­ճա­ռած երկմ­տու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին կը ջնջէ եւ ան­կեղծ փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, ա­ռողջ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշակ­ման ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յէ։ Վստա­հու­թիւ­նը, ու­րեմն ա­պա­հո­վու­թիւն է, հա­ւաս­տիք է, ե­րաշ­խիք է, յո՛յս է, որ հաս­տատ հա­մո­զու­մի մը հե­տե­ւանքն է՝ որ կը կազ­մուի մար­դուս մտքին մէջ։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

Ե­րէկ, Մա­յիս 28-ի Հան­րա­պե­տու­թեան տօ­նը փայ­լուն հան­դի­սու­թիւն­նե­րով նշուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Սար­տա­րա­պա­տի յու­շա­հա­մա­լի­րին մօտ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, որ հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը։ Տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ զի­նուո­րա­կան շքերթ։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

Թէեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը յա­րա­բե­րա­բար սա­ռե­ցեալ վի­ճա­կի մը մէջ կը գտնուի, սա­կայն հայ եւ ա­զէ­րի կող­մե­րուն մի­ջեւ լայ­նա­ծա­ւալ դի­ւա­նա­գի­տա­կան պայ­քար մը կ՚ըն­թա­նայ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն մօտ։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Պա­քու ՄԱԿ-ի անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դին մօտ շրջանա­ռու­թեան մէջ դրած է հեր­թա­կան փաս­տա­թուղ­թը, որ սադ­րանք ու զրպար­տանք կը հա­մա­րուի Ե­րե­ւա­նի կող­մէ։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար Վոլ­քան Պոզ­քըր յայ­տա­րա­րեց, թէ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի Թուր­քիոյ վե­րա­բե­րեալ յե­տաձ­գեալ տե­ղե­կագ­րի հար­ցին շուրջ մաս­նա­ւո­րա­պէս խնդրա­յա­րոյց դար­ձած է հայ­կա­կան հար­ցը։ «Հա­պէր Թիւրք»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Եւ­րո­խորհրդա­րա­նի Թուր­քիոյ վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կագ­րի նա­խագ­ծին հա­մար 420 փո­փո­խու­թեան ա­ռա­ջարկ կա­տա­րուած է։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

Լրագ­րող-հրա­պա­րա­կա­գիր Հրանդ Տին­քի դէմ կա­տա­րուած մա­հա­փոր­ձի հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով ե­րէկ երկ­րորդ ան­գամ ցուց­մունք­ներ տուաւ Իս­թան­պու­լի Անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան լրա­քա­ղու­թեան բա­ժան­մուն­քի պետ Ա­լի Ֆուատ Եըլ­մա­զէր։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ան այդ ցուց­մունք­նե­րը տուաւ Իս­թան­պու­լի Հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թեան ա­հա­բեկ­չու­թեան ու կազ­մա­կեր­պեալ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մուն­քի դա­տա­խազ Կէօ­քալփ Քէօք­ճի­ւի կող­մէ յա­ռաջ տարուած հե­տաքն­նու­թեան շրջագ­ծով։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

Երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանը:
«Եկեղեցի եւ պետութիւն Կիլիկեան Հայաստանի մէջ. հայեացք ներսէն ու դուրսէն»:

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

«Մայք­րո­սոֆթ» ըն­կե­րու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ պի­տի հիմ­նէ ամպա­յին եւ բջի­ջա­յին փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու նոր կեդ­րոն մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, սա պի­տի դառ­նայ ըն­կե­րու­թեան տասն լա­ւա­գոյն կեդ­րոն­նե­րէն մին աշ­խար­հի մէջ։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

Կիպրոսի մէջ վերսկսած բանակցութիւններուն ընթացքը կը ներշնչէ լաւատեսութիւն:
Մուսթաֆա Աքընճը եւ Նիքոս Անաստասիատիս յառաջիկային պիտի տեսակցին եւս չորս անգամ:

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

«Շեհիր» համալսարանի Գրականութեան ֆաքիւլթէի նախաձեռնութեամբ դասախօսութիւն մը:
Փրոֆ. Գէորգ Պարտաքճեան արտայայտուեցաւ 19-րդ դարու երգիծաբանական-հեգնաբանական կարեւոր երեւոյթներուն շուրջ:

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Ծ.Խ.- www.haralez.net կայքէջին համար գրուած ու հեղինակին կողմէ խմբագրութեանս ալ ուղարկուած այս յօդուածը կ՚արծարծէ այժմէական նիւթ մը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատը՝ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձի պահանջով։ Հայկական աշխարհի պայմաններով, բաւական ինքնուրոյն եւ այլնտրանքային մօտեցումներով գրի առնուած յօդուած մըն է այս մէկը։ 

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015

Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին Պէ­շիկ­թա­շի Կրթա­կան տնօ­րէ­նու­թեան կող­մէ կազ­մա­կերպուած BELFEST միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ծրագ­րին։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015


Երեւանի եւ Դամասկոսի ղեկավարութիւնները նոյնանման վերաբերմունք ունին ահաբեկչութեան դէմ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան շփումներ ունեցաւ Սուրիոյ մէջ:

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015

Գու­րու­չէշ­մէի «Սուա­տա»ին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ գալ­ֆաեան­ցի կա­նանց կէ­սօ­րուան ճա­շի հա­ւա­քոյ­թը, որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Վար­ժա­րա­նի տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ ծնո­ղաց միու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան հաս­տա­տու­թեան զա­նա­զան թա­ղե­րէ հա­մա­կիր­նե­րը։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015

Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ տօ­նա­կան օր մը ապորւե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րու տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սին առ­թիւ։ Կրթա­կան շրջա­նի փակ­ման ներ­կայ հանգ­րուա­նին դպրո­ցին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան զա­նա­զան հան­դէս­ներ, ո­րոնց շար­քին ե­րէ­կուա­նը ու­նէր ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն, քա­նի որ կը հա­մախմ­բէր փոք­րիկ­նե­րը։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015

 Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ա­սու­լի­սով մը հան­դէս ե­կաւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ։ Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի սա­նուց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կերպուած էր այս ե­րե­կոյ­թը՝ որ­պէս ներ­կայ ե­ղա­նա­կի եզ­րա­փա­կիչ ձեռ­նարկ։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը խօ­սինք նոյն հար­ցին շուրջ, եւ կ՚ը­սենք, որ ճշմա­րիտ տգի­տու­թիւ­նը, իս­կա­կան տգի­տու­թիւ­նը՝ ո՛չ թէ չգիտ­նալ է, այլ՝ չգիտ­ցա­ծին չանդ­րա­դառ­նալ, չգիտ­ցա­ծը չգիտ­նալ եւ գիտ­նալ կար­ծել է այն ա­մէն ինչ՝ ո­րոնց մա­սին ո­րե­ւէ տե­ղե­կու­թիւն չու­նի, եւ կամ մա­կե­րե­սա­յին ծա­նօ­թու­թիւն մը ու­նե­նալ եւ կար­ծել, թէ այդ մա­սին գի­տէ ա­մէն ինչ…։ Կան, ո­մանք ի­րենց մա­կե­րե­սա­յին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով ի­րենք զի­րենք «ա­մե­նա­գէտ» եւ աս­կէ-ան­կէ ստա­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով «մաս­նա­գէտ» կը հռչա­կեն։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Միջազգային եւ անվտանգութեան հարցերու հայկական հիմնարկը կը վերլուծէ Հայաստանի արտաքին ու ներքին քաղաքական խնդիրները:
Սաֆարեան. «Մենք այսօր օրակարգի վրայ ունինք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հարցը, որովհետեւ սա մեզի համար կը նշանակէ նոր ճանապարհ դէպի աշխարհ»:

Էջեր