Արխիւ
Ս. Երուսաղէմի մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նախորդ շաբաթավերջին Ս. Զատիկը նշեց ըստ Հին տոմարի։ Աւանդական խանդավառութեամբ տեղի ունեցան տօնակատարութիւնները։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ վերջերս «Քինօ քոնկ»ի կազմին կողմէ կատարուեցաւ կարճաժամկէտ ժապաւէններու ցուցադրութիւն մը։ Այս առթիւ դպրոց այցելեցին «Քինօ Քոնկ»ի կազմէն Սարգիս Փաչաճը, Խաչիկ Պայվերտեան եւ Մուրատ Էզէր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚ըսեն՝ թէ ծերութեան շրջանը երկարատեւ ըլլալու համար պէտք է կանուխ ծերանալ։ Արդարեւ տարիքոտ ըլլալ եւ ծեր ըլլալ, թէեւ մերձիմաստ են, բայց էապէս կը տարբերին իրարմէ։ Տարիք ունեցող մէկը կրնայ ինքզինք երիտասարդ զգալ, եւ փոխադարձաբար տարիքը քիչ ըլլալ բայց ծեր զգալ ինքզինք։
Թուրքիոյ մասնաւոր վարժարաններու միութեան կողմէ Թուրքիա հրաւիրուած խումբ մը օտար կրթական գործիչներ երէկ այցելեցին Սուրբ Խաչ դպրեվանք։ Վերջին օրերուն Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համաժողով մը։
Բիւրականի մէջ վերջերս հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ «Հեռանկարներ» միջազգային երաժշտական փառատօնի ակադեմիան։
Աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի որդին՝ Կարէն Խաչատուրեան այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Կարէն Խաչատուրեան այս առթիւ այցելեց Կոմիտասի նորահաստատ թանգարան-կաճառը։
Գերմանիայէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան։ Պունտեսթակի անդամները Երեւանի մէջ շփումներ ունեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի շրջանակներէն ներս, նաեւ հիւրընկալուեցան Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։
«Կազփրոմ»ի միջոցներով Երեւանի մէջ կը կառուցուի ուսումնամարզական նոր կեդրոն մը:
Հիմնարկէքի արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Անգարայի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ բողոքարկել Եւրոխորհրդարանի որոշման դէմ:
Ըստ Ահմէտ Տավուտօղլուի, վերջին բանաձեւը կը գրգռէ իսլամի եւ Թուրքիոյ դէմ թշնամութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պէյրութի ծովուն մօտ գտնուող Պուրճ Համուտը Արա Մածունեանի ծննդավայրն է: Անոր խոնաւ ամառներով ու անձրեւոտ ձմեռներով հասակ առած քանի-քանի սերունդներ արդէն կը վկայեն այս հայկական աւանին մասին:
Քրիստոսի Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի արտօնութեամբ, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան հովուական այցելութիւն տուին Մալաթիոյ եւ Էլազըղի հայ համայնքներուն։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը։ Ներկայ կրթական շրջանի արդէն վերջընթեր ժամանակահատուածին մէջ կազմակերպուած այս հանդիսութիւնը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։
Վարչապետի աւագ խորհրդական Էթիէն Մահչուպեան կոչուեցաւ հանգստեան։ Երէկ, զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ լայն արձագանգ գտաւ այս իրադարձութիւնը։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն, ան հանգստեան կոչուեցաւ տարիքի բերմամբ։
«Tarih Vakfı»ի Հինգշաբթիի զրոյցներու շարքին երէկուան փուլը:
1915-ի օրինակը մեկնաբանուեցաւ խտրականութեան ընդհանուր խնդիրներու շրջագծին մէջ:
Հանրապետութեան նախագահը Աստանայի շփումներուն ընթացքին երէկ դարձեալ ձայն բարձրացուց Եւրոխորհրդարանի որոշման դէմ:
Ըստ Էրտողանի, 1915-ի դէպքերուն պատրուակով որոշում ընդունողները մտադրութիւն չունին հայոց իրաւունքը պաշտպանելու եւ անոնց ցաւերը բաժնելու:
Շիշլիի գերեզմանատան նկարներու հարցին շուրջ Կեդրոնական վրժ.ի նկարչութեան ուսուցչին խօսքը:
Եավուզ Քըլըչէր. «Պէյօղլուի թաղային խորհուրդին հետ կ՚աշխատինք փոխադարձ վստահութեամբ»:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Ուղղափառ աշխարհի Ս. Զատկի տօնին առթիւ Նորին Սրբազնութիւնը փութաց շնորհաւորութեան, իր հետն ունենալով Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը։
Ճատտէպոստանի «Մեծ ակումբ»ին մէջ երէկ երեկոյեան բացումը կատարուեցաւ ցուցահանդէսի մը, որուն զուգահեռ կազմակերպուեցաւ նաեւ աճուրդ մը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ի նպաստ ԶԻՊԷՉ-ի, «Փարոս» ամսագրի համագործակցութեամբ։
Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ Ս. Զատկի տօնին առթիւ խանդավառ երաժշտահանդէս:
Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ Վարդանանց երգչախումբին կողմէ փայլուն կատարումներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պահ մը դիտենք մեր շուրջը եւ անդրադառնանք բնութեան եւ անոր մէջ մարդուն ընդհանուր նկարագրին։ Ի՞նչ կը տեսնէք։ Բնութիւնը շարունակ կը շինէ, կ՚արտադրէ եւ կը պահէ, կը պահպանէ, հոգ կը տանի, կը խնամէ իր շինածին։ Մարդ ի՞նչ կ՚ընէ։