Արխիւ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հա­յե­րէն դպրու­թեան գա­ղա­փա­րը ի­րա­գոր­ծե­լու, պաշ­տա­մուն­քը հա­յե­րէն դարձ­նե­լու նուի­րա­կան աշ­խա­տան­քին առ­ջեւ մեծ ար­գելք էր ա­սո­րի հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը, որ օգ­տուե­լով Պար­սից պե­տու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թե­նէն, վճռա­կան դեր ու­նե­ցած է Հայ Ե­կե­ղե­ցիի նկատ­մամբ։ Ուս­տի Հայ Ե­կե­ղե­ցիի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը եւ պաշ­տա­մուն­քը ա­սո­րե­րէն ե­ղած է։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2015

Ե­րե­ւա­նի մի­ջազ­գա­յին կի­սա­մա­րա­թո­նը կա­յա­ցաւ։ Հա­յաս­տա­նի Աթ­լե­թիզ­մի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գահ, հե­ռա­ցատ­կի Եւ­րո­պա­յի չգե­րա­զան­ցուած մրցա­նի­շի տէր Ռո­պէրթ Էմ­միեա­նի նա­խա­ձեռ­նած մի­ջազ­գա­յին ա­ռա­ջին կի­սա­մա­րա­թո­նը սկսաւ Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կէն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2015

2015-ի խա­ղա­ղու­թեան Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կը շնորհուե­ցաւ Թու­նու­զի Ազ­գա­յին երկ­խօ­սու­թեան քա­ռեա­կին։ Այս մա­սին ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց Նոր­վե­կիոյ Նո­պէ­լի յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Քա­սի Քուլ­ման Ֆի­վէ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015

Գրա­կա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռի մէջ 2015-ի Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կը շնորհուե­ցաւ Սպի­տակ Ռու­սիա­յէ գրող Սվետ­լա­նա Ա­լեք­սիե­ւի­չին։ Իր գրչին կը պատ­կա­նին «Պա­տե­րազ­մը կա­նա­ցի դէմք չու­նի», «Չեր­նո­պի­լեան ա­ղօթք» եւ այլ գե­ղա­րուես­տա­կան-վա­ւե­րագ­րա­կան գիր­քեր եւ այլ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015

Հա­յաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­յի ֆութ­պո­լի հա­ւա­քա­կան­նե­րը ե­րէկ ի­րի­կուն Ե­րե­ւա­նի մէջ ու­նե­ցան ըն­կե­րա­կան հան­դի­պում մը։ Ար­դիւն­քին՝ Հա­յաս­տան պար­տուե­ցաւ 4-0 հա­շուով։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015

Մայրաքաղաք Երեւան կը հիւրընկալէ ճատրակի միջազգային կարեւոր մրցաշարք մը եւս:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան ողջոյնի խօսքով մը բացումը կատարեց ձեռնարկին:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ըն­դու­նեց Վե­նե­տի­կի յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ճիա­նի Պու­քի­քիոն։ Նա­խա­գա­հի մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թեան փո­խանց­մամբ, նա­խա­գա­հը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Վե­նե­տի­կի յանձ­նա­ժո­ղո­վի այն ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնք մաս­նա­գի­տա­կան բարձ­րո­րակ օ­ժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցին սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015

«Հայ­ճար»ի վար­չու­թեան նա­խա­գահ Ժան Կավ­րի­լոֆ եւ նախ­կին ա­տե­նա­պետ, վար­չու­թեան ան­դամ ու հիմ­նա­դիր­նե­րէն Նա­զա­րէթ Պի­նաթ­լը Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ պար­գե­ւատ­րուե­ցան «Ար­շիլ Կոր­քի» շքան­շա­նով՝ Ճար­տա­րա­պետ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին օ­րուան առ­թիւ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015

Եւ­րո­պա­յի խոր­հուր­դը յայ­տա­րա­րեց, թէ վերջ կու տայ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց գծով Ատր­պէյ­ճա­նի հետ իր գոր­ծակ­ցու­թեան։ Պատ­ճառն է այդ երկ­րին մէջ մարդ­կա­յին հիմ­նա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու ի­րա­վի­ճա­կին կտրուկ վատ­թա­րա­ցու­մը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015

Հայոց հոգեւոր մայրաքաղաքը կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան պանծալի տարեդարձը:
Էջմիածնի հրապարակին վրայ մեծ հանդիսաւորութեամբ բացումը կատարուեցաւ Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանին:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը սպառնայ Ռուսաստանին՝ ըսելով, թէ այսուհետեւ կազ պիտի չգնէ:
Վլատիմիր Փութինի մամլոյ քարտուղար Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, թէ Մոսկուայի իշխանութիւնները կը պաշտպանեն նաեւ Թուրքիոյ սահմանները:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015

Ո­ւել­սի Լորտ Կլաթ­սո­նի ա­նու­նը կրող գրա­դա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Անկ­լի­քան-Ա­րե­ւե­լեան Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու աս­տուա­ծա­բա­նա­կան երկ­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին աս­տուա­ծա­բա­նա­կան հեր­թա­կան նիս­տը։ Թի­ւով չոր­րորդ այս նիս­տը նուի­րուած էր Անկ­լի­քան եւ Ա­րե­ւե­լեան Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն մէջ Ս. Հո­գիի դե­րին եւ աս­տուա­ծա­բա­նա­կան նշա­նա­կու­թեան ըն­կալ­ման։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015

ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

8 Հոկ­տեմ­բե­րին կ՚ո­գե­կո­չենք մա­հուան 80-ա­մեա­կը հայ գրա­կա­նու­թեան շնոր­հա­լի ման­կա­գիր եւ սի­րուած ա­ռա­կա­գիր Խնկօ Ա­պէ­րի, որ իր պարզ, հա­ղոր­դա­կան եւ կրթիչ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով ու ման­կա­վար­ժա­կան եր­կա­րա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան վաս­տա­կով՝ փնտռուած ա­նուն է հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն հա­մար, հայ մշա­կոյ­թի ու հա­յե­ցի ար­ժէք­նե­րու սէրն ու պաշ­տա­մուն­քը սեր­մա­նե­լով ա­նոնց նե­րաշ­խար­հին մէջ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015

Մանկապատանեկան երգչախումբերու մրցոյթի դափնեկիրներու ելոյթները պսակեց յատկանշական միջոցառումը:
Հեղինակաւոր արուեստագէտներն ու մասնակիցները ծաղիկներ զետեղեցին «Անլռելի զանգակատան» Պանթէոնի մէջ գտնուող շիրմին մօտ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015

Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ գործող «Հրանդ Տինք» վարժարանի պատասխանատու Արեգնազ Աւագեան, օգնականը՝ Դաւիթ Խաչատրեան եւ աշխատութեանց նիւթապէս ու բարոյապէս սատարող Թալին Հորոզօղլու այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015

Սեպ­տեմ­բեր 17-Հոկ­տեմ­բեր 11 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ Թե­փե­պա­շըի հար­թա­կին վրայ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ հնագ­րա­վա­ճառ­նե­րու 9-րդ փա­ռա­տօ­նը։ Կազ­մա­կեր­պիչ­ներն են Մշա­կոյ­թի եւ Զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, Իս­թան­պու­լի քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը, «Քիւլ­թիւր քեն­թի» հիմ­նարկն ու Պէ­յօղ­լուի քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ, երկ­րորդ պսա­կի մա­սին կ՚ը­սէ.
«Ա­ւե­լի լաւ կ՚ը­նեն՝ ե­թէ ին­ծի պէս մնան, բայց ե­թէ չեն կրնար տո­կալ՝ թող ա­մուս­նա­նան, քա­նի որ նա­խընտ­րե­լի է ա­մուս­նա­նալ քան ցան­կու­թեամբ ե­ռալ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015

Ա­րե­ւե­լեան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու գծով Պա­պա­կան նուի­րակ Կար­տի­նալ Լէո­նար­տօ Սանտ­րի, որ քա­նի մը օր ա­ռաջ Հա­յաս­տան կը գտնուէր՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Կիւմ­րիի Սրբոց Նա­հա­տա­կաց հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ օծ­ման, յայ­տա­րա­րեց, թէ հա­ւա­նա­կան է, որ Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Պա­պը Հա­յաս­տան այ­ցե­լէ յա­ջորդ տա­րի։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015

Ա­րե­ւե­լեան Ա­մե­րի­կա­յի Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի «Ա­զա­տու­թիւն» մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցող­նե­րու կար­գին կը գտնուի նաեւ Մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց պաշտ­պան, ի­րա­ւա­գէտ Ֆեթ­հի­յէ Չե­թին։ Ան հե­ղի­նա­կած է «Մեծ­մայրս» գիր­քը, ո­րու հրա­տա­րա­կու­թե­նէն ետք թուրք հա­սա­րա­կու­թեան մօտ զգա­լի աճ մը ար­ձա­նագ­րուած է 1915-ի Հա­յոց մեծ ե­ղեռ­նին նկատ­մամբ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015

«Թումօ» գիտական կեդրոնի Ստեփանակերտի մասնաճիւղը ձեռնարկեց արդիւնաւէտ ու օգտաշատ աշխատանքի:
ՀԲԸՄ-ի համագործակցութեամբ բացուած վայրը վստահաբար շուտով պիտի դառնայ երկսեռ պատանիներու նորագոյն ժամադրատեղին:

Էջեր