Արխիւ
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղը այս շրջանին ձեռնարկած է մատենաշարի մը հրատարակութեան։ «21-րդ դարու հայ գրականութիւն» կը կոչուի այս մատենաշարը, որու երկրորդ հատորը անուանուած է «Ձայն հիւսիսային»։
Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի վաղը բանակցութիւններ պիտի վարէ Պեշար Էսատի կողմէ:
Սուրիա քայլ առ քայլ կ՚ընթանայ դէպի Արաբական լիկայի անդամակցութեան վերահաստատում՝ ներքին պատերազմէն վերջ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլ։ Երկու նախագահները միասնաբար մասնակցեցան «Teknofest» փառատօնին՝ առաջին տիկիններուն հետ։
Պլինքըն շաբաթավերջին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ:
Միրզոյեան եւ Պայրամով կը ջանան ճանապարհային քարտէս մը մշակել Ուաշինկթընի մէջ:
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ «Սէր» խորագրեալ ցուցահանդէս մը։ Հարկ է նշել, որ վերջին շրջանին Արամեան սանուց միութեան երդիքին տակ յախճապակի եւ կերպաս ներկելու, մշակելու ուղղեալ աշխատանոցներ կը կազմակերպուին։
«Բարեկամ» խմբակը երէկ Սամաթիոյ մէջ կազմակերպեց ձեռնարկ մը, որ համախմբեց համայնքային շրջանակները։ Հաւաքոյթին նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Կարմիր կիրակիի Ս. Պատարագին նախագահեց Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմակալ առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան երէկ պատարագեց Մոնրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Նորին սրբազնութեան առընթերակայ էր Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Արժանթինէն պատուիրակութիւն մը, որու անդամներու շարքին էին հասարակական գործիչներ, լրագրողներ, իրաւաբաններ եւ գործարարներ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լրացաւ հայագէտ, բառարանագիր եւ հրատարակիչ Երեմիա Մեղրեցիի «Բառգիրք հայոց» բառարանի 325-ամեակը: Երեք դար առաջ Իտալիոյ Լիվոռնօ քաղաքին մէջ տպագրուած այս գիրքը հայերէն առաջին տպագիր ընդարձակ բառարանն է, որ մեզի հասած է բազմաթիւ ձեռագրերով, սակայն ձեռագրերէն միայն մէկուն հիմքի վրայ հրատարակուած է տպագիր օրինակը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Երբեք վախցա՞ծ էք որեւէ ճանապարհէ։ Հաւանաբար գիշերը առանձին քալած էք ճանապարհով մը, որ չափազանց մեկուսի կամ չափազանց վտանգաւոր է: Այդ պահուն կը խորհիք, թէ ձեր կեանքը վտանգի տակ է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Աշոտ Ոսկանեան. «Որպէսզի կարողանամ ըսել, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ սփիւռքը՝ պէտք է կարողանամ ըսել, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ Հայաստանը։ Այժմ երկրին մէջ կայ տարամէտ վիճակ մը, հասարակութիւնը չի կրնար որեւէ ձեւով կեդրոնանալ հիմնական բաներու վրայ, հասկնալ իր ընելիքը եւ սփիւռքին ալ ըսել, որ եկէք, ըրէք այս ինչ բանը»:
«Ես կը գերադասէի, որ իւրաքանչիւր համայնքի մասին առանձին-առանձին խօսուի։ Պէտք է հասկնանք, որ սփիւռքը ունի իր որոշակի շահերը։ Այսօրուան սփիւռքը հայաստանակեդրոն չէ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հրէական սովորութիւն էր կարդալ Սուրբ Գիրքէն, որ ինքնին կը նկատուէր քարոզ, առանց յաւելուածական մեկնութեան։
Աստիճանաբար, սակայն, մասամբ՝ իրենց առօրեայ բարբառէն տարբեր եղող լեզուին պատճառաւ, եւ մասամբ ալ ստուգելու համար այն յաւելուածը, որ գրուած էր պարզ օրէնքին վրայ դպիրներու կողմէն, սովորութիւն դարձաւ թոյլ տալ երկար մեկնութիւններու եւ եզրակացութիւններու։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աւելի քան դար մը առաջ Հայոց Հայրիկ Խրիմեանը կը հրատարակէր իր «Դրախտի ընտանիք, …ի պէտս Հայոց ընտանեաց» աշխատութիւնը եւ այս աշխատութեամբ կը փորձէր դաստիարակել հայ ընտանիքը՝ մանաւանդ հայ երիտասարդն ու երիտասարդուհին, որպէսզի կատարեալ գիտակցութեամբ առաջնորդուին իրենց ամուսնական կեանքին մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բարկութիւնը իրապէ՛ս ախտ մըն է՝ նկարագիր մը, որ մարդուս միայն վնաս կը պատճառէ, եւ ո՛չ մէկ օգուտ։ Ամէն տեսակի մեղքերը եւ գարշելի մոլութիւնները կը ջանան մարդոցմէ պահել եւ ծածկել իրենց անօրէնութիւնները, բայց «բարկութեան ախտ»ին մոլեգնութիւնը կատաղի է եւ նոյնքան վնասակար, վտանգաւոր եւ գազանամի՛տ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կոյրերը, խուլերն ու համրերը մարդկութեան համար անկարներ ըլլալ կը կարծուին եւ կամայ թէ ակամայ անոնց հանդէպ գութ մը կը ծագի մարդոց քարացած սիրտերուն մէջ, մոռնալով, որ մեծագոյն անկարութիւնը ո՛չ թէ աչքերու կամ լսողութեան չգոյութեան, այլ մարդոց միտքին մէջ է պարզապէս:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուաշինկթընի մէջ իր շփումները պիտի շարունակուին մինչեւ մայիսի 5-ը։
Երէկ երեկոյեան, Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան Միջմիութենական գիտելիքի մրցոյթի եզրափակիչը։ Այս տարի 24-րդ անգամ կեանքի կը կոչուի այս նախաձեռնութիւնը։
Իսթանպուլի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Համաշխարհային երգչախմբային երաժշտութեան գիտաժողովը (WSCM), որ պիտի եզրափակուի վաղը։ Միջազգային երգչախմբային երաժշտութեան դաշնակցութեան (IFCM) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ համաշխարհային մակարդակով ամենամեծ ձեռնարկն է այս մէկը, որ Իսթանպուլի մէջ համախմբած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն երգչախումբեր։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, թէ Երեւան երբեք պատրաստ չէ ու չի պատրաստուիր ներգրաւուիլ՝ Լաչինի միջանցքի դրութեան վերաբերեալ նոր կարգաւորման մը շուրջ որեւէ բանակցութեան։