Արխիւ
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները որոշեցին բանտէն ազատ արձակել «Սիսական» ջոկատի հրամանատար Աշոտ Մինասեանը։ Սիւնիքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանը երէկ Գորիսի մէջ հրապարակեց դատավճիռ, որու հիման վրայ Աշոտ Մինասեանի խափանման միջոցը փոխուեցաւ։
Հայաստանի քաղաքական օրակարգին վրայ արդէն աստիճանաբար տեղ կը զբաղեցնէ նոր Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը։ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականէն վերջ նոր նախագահը ընտրելու համար պիտի գործադրուի Սահմանադրութիւնով նախատեսուած ընթացակարգը։
Երեւանէն երէկ տեղեկացուեցաւ, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վարակուած է քորոնաժահրով։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, ան անմիջապէս մեկուսացած է եւ այս շրջանին պիտի աշխատի հեռավար դրութեամբ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շփումներ ունեցաւ Լիւքսեմպուրկի մէջ։ Բացի իր պաշտօնակից Ժան Ասելպորնի հետ բանակցութիւններ վարելէ, Արարատ Միրզոյեան ընդունուեցաւ նաեւ Լիւքսեմպուրկի վարչապետ Սավիէ Պեթելի կողմէ։
Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Կարէն Անդրէասեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի Արդարադատութեան նախարար Ռաթի Պրեկածէի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին նախարարները քննարկումներ ծաւալեցին իրենց ոլորտէն ներս համագործակցութեան օրակարգային հարցերուն շուրջ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս լոյս տեսաւ ժողովածոյ մը, որ կողքի մը տակ կը համախմբէ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն հոգելոյս Տ. Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի «Հովիւի խօսքեր»ը։ Թեմը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 95-ամեակը եւ այս յոբելեանի ծիրէն ներս լոյս ընծայուած է սոյն հատորին՝ որպէս 5-րդ օղակը «Ոսկեղնիկ» մատենաշարի։
Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը ողջունեց Քամփ Արմէնի վերակառուցման ծրագիրը:
Հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կառոյցը պատրաստակամութիւն յայտնած է շինարարութեան աջակցելու ուղղութեամբ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր հայերս ձախողած ենք մեր մեծերն ու արժէքները լաւապէս աշխարհին ներկայացնելու կարեւոր ու անհրաժեշտ պարտաւորութեան մէջ եւ այդ պակասին պատճառով պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ մեծութիւններ պատմութեան էջերուն մէջ մոռցուած ու կամաց կամաց անշքացուցած են:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մենք բազմաթիւ ծխողներու հարցուցած ենք, թէ ինչպէ՞ս սկսած են ծխել:
Մէկը կը պատասխանէ.
-Փոքր եղած ատենս հայրս կատակի համար բերանս ծխախոտներ կը դնէր: Այդ եղաւ պատճառը, որ 8 տարեկան հասակիս ես արդէն ծխել սորված էի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անոնք որոնք գիր-գրականութեան մօտ չեն, կը կարծեն, թէ գրուած գիրքերը պարզապէս կատարուած դէպքի մը նկարագրութիւնն են: Իրականութեան մէջ անոնք տեղեկագրութենէն աւելի համոզում եւ ապրում է, որ կը փորձեն փոխանցել ընթերցողին, նոյնիսկ շատ անգամ պարտադրել եւ կամ համոզել փորձելով զիրենք:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մթնոլորտը, որ կը տիրէ մեր Հայրենիքէն ու սփիւռքէն ներս, բաւական մտահոգեցուցիչ եւ յուսահատական է: Մտահոգեցուցիչ, որովհետեւ տարիներով մարդուժի մասին խօսած ենք, քարոզած, տեղի անտեղի բարբաջած, բայց այսօր մարդուժի չգոյութեան պատճառով, մեր Հայրենիքին ղեկը անցած է խումբ մը բախտախնդիրներու ձեռքը, որոնք բացի Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի շահերէն, ամէն ինչի մասին կը մտածեն եւ ամէն տեսակ կ՚աշխատին իրենց ու իրենց շրջապատին կեանքը բարելաւելու, միւս կողմէ հակառակորդին ու օտարներուն հաճելի ըլլալու համար:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կը յիշեմ՝ Զաւէնը նոր ծնած էր, հանգուցեալ Մանուշակ թանթիկը մանկան տեսութեան եկաւ: Աստուած հոգին լուսաւորէ, բարի եւ խնդումերես կին մըն էր, միշտ պատրաստ՝ իր մեծական խորհուրդներով ու խրատներով դիմացինին օգտակար ըլլալու:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի սաները վերջին օրերուն այցելեցին հոգելոյս Հրանդ Տինքի յիշողութեան վայրը՝ մինչ նշուեցաւ իր նահատակման 15-րդ տարելիցը։ Յիշողութեան վայրի համակարգող Նայադ Գարաքէօսէ եւ հիմնարկի Թուրքիա-Հայաստան ծրագրի համակարգող Թալին Սիւզմէ ուղեկցեցան աշակերտներուն՝ բացատրութիւններ տալով անոր կենսագրութեան ու գաղափարներուն շուրջ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Աշոտ Մինասեանի պաշտպանութեան խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ Սիւնեաց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Մակար Վրդ. Յակոբեան։
Իրանի Պաշտպանութեան նախարար Մուհամմէտ Աշտիանի երէկ Թեհրանի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը։ Ան այս առթիւ ընդգծեց, որ Պաքուի եւ Թեհրանի միջեւ ռազմական համագործակցութեան զարգացումը կարեւոր գործօն մըն է։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը երէկ մասնաւոր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով տեղեկացուց, որ «Vlume»ի հետ իր համագործակցութիւնը կը շարունակուի՝ ընդլայնելով այս մեծ թուային գրադարանը:
Հանրապետութեան նախագահը Չանքայայի ապարանքին մէջ ընդունեց Ս.Փ. Ազգ. հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետն ու փոխ-ատենապետը, որոնք այցելեցին Անգարա:
Էրտողան երէկ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Հերման Պալեանի հետ քննարկեց փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու վաղուց առկախեալ ընտրութիւններու հարցի այլեւս կարգաւորման պարագաները՝ մինչ պետութիւնը վերջին ամիսներուն խտացուցած է համապատասխան աշխատանքները:
Պատկան մարմինները կրնան ներկայացնել կմախքի բնոյթով նոր կանոնադրութեան նախագիծ մը, որ գործադրութեան փուլին կրնայ համապատասխանեցուիլ իւրաքանչիւր համայնքի առանձնայատկութիւններուն:
Ինչո՞վ հզօր է սրբավայր մը, ի՞նչ է ձգողականութեան գաղտնիքը։ Ճարտարապետական հմայքը՞, դիրքի հրապոյրը՞, առթած պատկառանքը՞... Այս բոլորը կրնան համախմբելու կարողութիւն տալ սրբավայրին, բայց այդքա՞ն միայն։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերագտած է իր առողջութիւնը՝ վերջին շրջանին իր ենթարկուած դարմանումէն վերջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Քաղաքացիի որոշում» սոցիալ-դեմոկրատ կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի անդամ Միքայէլ Նահապետեանի կարծիքը շօշափեցինք Հայաստանի քաղաքական կացութեան շուրջ։ Ստորեւ՝ իր դիտարկումներն ու խորհրդածութիւնները։