Արխիւ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրավիճակը միշտ կը մնայ լարուած։ Մայիսի 12-էն ի վեր Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերէն Ատրպէյճանի կողմէ ոտնձգութիւն կատարուած է Հայաստանի սահմաններուն դէմ։
Շարլ Միշել երէկ Նիկոլ Փաշինեանը ընդունելու առընթեր հեռաձայնով զրուցեց Իլհամ Ալիեւի հետ:
Եւրոմիութիւնը խորապէս շահագրգռուած է Հարաւային Կովկասի անվտանգութեամբ, կայունութեամբ ու բարգաւաճումով:
Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան այցելեց Եռաբլուր զինուորական պանթէոնը։ Հարկ է նշել, որ Պերճ եւ Վերա Սեդրակեան ամոլը վերջին օրերուն կը գտնուին Երեւանի մէջ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
2020 թուականին լրացաւ Շիրակի թեմի հիմնադրման 100-ամեակը: Իբր այդ, 2020 թուականի նոյեմբերին Կիւմրիի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով մը եւ պատերազմական օրերու դժնդակ իրադարձութիւններուն պատճառով տեսակ մը ստուերի մէջ մնաց այդ նշանակալից յոբելեանը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
-Աշխարհի ջուրը կը լմննայ:
Սա նախադասութիւնը օրը քանի մը անգամ կամացուկ կը շշնջամ Զաւէնիկի ականջին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Եառոնտա. մարմնական ճգնութիւնը կ՚օգնէ՞ հաճոյքներու դէմ պայքարին:
-Այո, եթէ այս նպատակով գործածուի, ու այն ատեն մարմինը կը խոնարհի ու հոգիին կ՚ենթարկուի:
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այսօր մեր համայնքային շրջանակներուն ուղղեալ կարեւոր յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած է:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու անդամներէն Դաւիթ Տամլան։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի 14 յունիսին տեսակցիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Գագաթնային այս հանդիպման ընդառաջ, ներկայիս Անգարա զանազան մակարդակներու վրայ պատգամներ կը հասցէագրէ Ուաշինկթընին։
Ֆրանսայի նախագահ. «Ատրպէյճանի ուժերը պէտք է դուրս գան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն»:
Մաքրոն Փաշինեանը հիւրընկալելու ժամանակ նշեց, որ ներկայ դժուար իրավիճակին մէջ Փարիզ Երեւանի կողքին է:
Անգարա տարածքաշրջանային համընդգրկուն գործակցութեան առումով կարեւորութիւն կ՚ընծայէ Թիֆլիզին:
Նախագահ Էրտողան հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Ղարիպաշվիլին, որ պաշտօնական այց մը տուաւ Թուրքիա:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այս օրերուն արդէն գրասէրներու տրամադրութեան տակ է համակրելի գրող Լետա Պոյաճըի նոր գիրքը։ «Beni Bırakma» անունով վէպ մըն է այս մէկը, որ լոյս տեսած է «Ateş» հրատարակչութենէն։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Իմ տունը այնտեղ է՝ սարերու ետեւը: Սարեր՝ որոնք զիս միշտ կը հասցնէին երազներու գիրկը, հեռաւոր երկիրներ, բանուկ փողոցներ ու թաղամասեր:
ԵՐԱՄ
Հացի տոպրակը թեւին տակ դրած բարձրացաւ աստիճաններէն վեր։ Հեւքը հազիւ սկսած՝ հասած էր արդէն։ Բանալին զետեղեց դրան մէջ, պտտցուց կղպանքը ու հրեց դուռը ներս։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Հնատիպ 22 գիրքերուս մէջ աչքառու է հնագոյնը՝ ԺԸ. դարու Ձեռաց Շարակնոցը իր ետին գտնուող Յիշատակարանով, ինչպէս նաեւ Շարակնոցին յաջորդ տպագրութիւնը 1850 թուին, երկուքն ալ տպագրուած Կ. Պոլիս։
Ծանօթ է, թէ քորոնաժահրի համավարակի տարածումը կանխարգելու նպատակաւ վերջին անգամ կառավարական որոշումով հրապարակուած սահմանափակումները 17 մայիս 2021, երկուշաբթի, ժամը 05.00-էն սկսեալ ենթարկուած են բարեփոխման։
Ենիգաբուի «Աւրասիա» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ ART CONTACT ISTANBUL ժամանակակից արուեստի տօնավաճառ։ Մինչեւ 4 յուլիս պիտի շարունակուի ձեռնարկը, որուն մասնակցութիւն կը բերեն մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր նկարչուհիներ՝ Իտա Գահրաման եւ Մարի Կիզելլա Քաւաք։
Պրիւքսելի մէջ 15 յունիսին տեղի պիտի ունենայ կարեւոր գագաթաժողով մը։ Այսպէս, Եւրոմիութեան անդամ 27 երկիրներու եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները պիտի մէկտեղուին, ինչ որ կարեւոր նշանակութիւն ունի միջազգային բեմահարթակի այժմու համայնապատկերին տեսակէտէ։
Փրակի «Օրեր» ամսագիրը հաղորդեց, որ պուլկարահայ գործարար Արթուր Յովհաննիսեան վերընտրուած է Եւրոպայի հայերու միութեան նախագահ։ Մայիսի 30-ին տեղի ունեցած է այս միութեան խորհուրդի ժողովը՝ առցանց դրութեամբ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, երկու նախարարները տակաւին քանի մը օր առաջ Մոսկուայի մէջ կարեւոր բանակցութիւններ վարած էին՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ Հայաստանի սահմաններուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւններով պայմանաւորուած ծանր իրավիճակին մէջ։
Արա Այվազեան հրաժեշտ տուաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան անձնակազմին:
Հայկական դիւանագիտութիւնը ծանր շրջան մը կը դիմագրաւէ՝ Փաշինեանի կառավարութեան քայլերուն բերումով: