Արխիւ

Ուրբաթ, Մարտ 19, 2021

ԵՐԱՄ

Եկէք, այս անգամ, այս դահլիճը, դիմացի բեմն ու անոր վրայի երաժիշտները, զորս կը տեսնենք, տարբեր ակնոցով զննենք։ Անգամուայ մը համար նայինք անոնց ամենաիրական ակնոցով, որ կարելի է դնել մեր աչքերուն։

Ուրբաթ, Մարտ 19, 2021

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Քարը ինծի անկողին
Լեռնաշարը՝ հովանի
Ամպերը՝ ապաւէն
Հովը՝ պարոյր
Ի՜նչ հանգիստ
Ի՜նչ անդորր

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Կիւմրիի մէջ բնակարանաշինութեան ծրագրի մը հետամուտ եղած է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մարտի 19-ին պաշտօնապէս մեկնարկած այս ծրագրի վերջնաժամկէտը յառաջիկայ օգոստոսն է։

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021

Ըստ Սերկէյ Շոյկուի, հրադադարէն վերջ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութիւն կրնայ հաստատուիլ:
Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարը՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան մասին:

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021

Քաղաքական անվերջ տագնապի պայմաններուն ներքեւ այսօր նախատեսուած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Գագիկ Ծառուկեանի հանդիպումը:
Ըստ Հայաստանի Վարչական ատեանի, Օննիկ Գասպարեան ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ կը մնայ մինչեւ դատավարութեան աւարտը. կառավարութիւնը դատավճռին դէմ:

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021

Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութիւնը Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ այս տարի եւս կազմակերպած է քէրմէս մը։ Սա դպրոցին ի նպաստ աւանդական ձեռնարկ մըն է, սակայն, այդ աւանդութիւնը կը պահպանուի բոլորովին նոր միջոցներով։

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Անցեալ աշունը արիւնոտ էր: Նռան գոյնը խանգարեց ըմբոշխնելու աշնան խորհրդաւոր օդն ու ոսկեզօծ երանգները: Ձմեռը պաղ էր ու սառնամանիք:

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այսօր ծննդեան 157-ամեակն է հայ նշանաւոր ճարտարապետ, հնագէտ Թորոս Թորամանեանի: Հայ ճարտարապետութեան պատմութեան գիտական ուսումնասիրութեան հիմնադիրն է ան:

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Ո՜վ Ռոնտա. ինքնայանդիմանութիւնը հոգեւոր պայքարին չ՚օգնե՞ր:
-Կ՚օգնէ, սակայն զանազանելու կարիքն ունի:

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աւետարանական Օրէնքը իր մէջ կ՚ըմբռնէ «երկու ճամբաներ»ու միջեւ վճռական երկընտրանքը եւ գործադրութիւնը Քրիստոսի Խօսքերուն. ան կը համառօտուի «ոսկեղէն» հետեւեալ «կանոն»ով. «Ուստի, ի՛նչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի՝ դուք ալ այնպէս ըրէք անոնց, որովհետեւ այս սկզբունքը իր մէջ կը խտացնէ Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները». (ՄԱՏԹ. Է 12)։

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021

Ֆրանսախօսութեան շարժման շրջանակներէն ներս Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենան զանազան ձեռնարկներ։ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ երէկ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ այս տարուան ծրագրին շուրջ։

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ երկրի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան գերիներու վերադարձի եւ կորսուածներու հայրենադարձման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքները։

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ռուսաստանը ամբաստանեց՝ իր երկրին մէջ 2020 թուականին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան միջամտած ըլլալով։ Ամերիկեան հեռուստակայանէ մը սփռուած հարցազրոյցին մէջ Ճօ Պայտըն շատ խիստ ազդարարութիւններ ուղղեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի դէմ։

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021

Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանէն ներս վերջին շրջանին տեղի ունեցած են զգայացունց իրադարձութիւններ, որոնք արձագանգ գտած են նաեւ տեղական մամուլին մօտ։ Այսպէս, Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը պաշտօնազրկած է Քաղկեդոնի Աթանասիոս մետրապոլիտը։

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021

Վճռաբեկ ատեանի Հանրապետութան աւագ դատախազութիւնը ՀՏՓ-ի դէմ դիմեց Սահմանադրական ատեան։ Այս դատական նախաձեռնութեամբ կը պահանջուի յիշեալ կուսակցութեան փակուիլը։

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021

Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս 14 ապրիլին պիտի այցելէ Թուրքիա։ Երէկ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս մօտալուտ այցելութեան մասին տեղեկացնելով աւելցուց, որ աւելի վերջ ինքն ալ Յունաստան պիտի ուղեւորուի։

Չորեքշաբթի, Մարտ 17, 2021

Ըստ ընկալեալ սովորութեան, ամէն տարի, Ս. Քառասուն Մանկանց տօնի նախօրեակին, Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Իսքենտերունի Ս. Քառասուն Մանկանց եւ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն ուխտագնացութիւն կը կատարուի եւ հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Անցեալ տարի, քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ, բոլորովին ջնջուած էր այս ուխտագնացութիւնը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 17, 2021

«Մեր հայեր» իրերօգնութեան ու զօրակցութեան հարթակը կը շարունակէ մեր համայնքէն ներս աշխատանք տանիլ։ Նորաստեղծ այս հարթակի գործունէութիւնը սկիզբ առած է քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի շրջանին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 17, 2021

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովը վերջերս առցանց նիստ մը գումարեց՝ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ։ Հեռավար ժողովներուն ատենապետեցին Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան եւ Տ. Նարեկ Արք. Ալեմէզեան։

Չորեքշաբթի, Մարտ 17, 2021

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը երէկ արտահերթ ժողով մը գումարեց հեռավար դրութեամբ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւորութեամբ ծաւալուեցան առցանց քննարկումները։

Էջեր