Արխիւ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան շահագրգռուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ իրավիճակի կարգաւորումով։
Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Խորհրդակցութեան բարձրագոյն մարմնի ժողովը Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս:
Թուրքիա առաջին անգամ կը հետեւի արտաքին քաղաքականութեան մը՝ սեփական առաջնահերթութիւններու, կարիքներու եւ ծրագրաւորումներու հիման վրայ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Գումգաբուի վերջին համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութիւնը մռայլ համայնապատկեր մը պարզեց հանրութեան աչքին առջեւ՝ 2020-2021 վերամուտի սեմին թրքահայ կեանքի առընչութեամբ։ Երկար տասնամեակներէ ի վեր կրթական համակարգի առանցքին շուրջ կը բիւրեղանան մեր համայնքի մարտահրաւէրները։
Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, համավարակի պատճառաւ մեր համայնքային վարժարանները եւս կրթական գործընթացը հարկադրաբար կը կատարեն հեռակայ դրութեամբ, որ կ՚ենթադրէ համակարգիչի մը կարիքը։ Իսկ կարգ մը աշակերտներ չունին համակարգիչ մը, որ կարենան օգտագործել սոյն նպատակին համար։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
1997 թուականի սեպտեմբերի 1-ին իմ աչքով տեսայ, որ երբեք մարդամեքենաներ չեն ուսուցիչները, որոնք վերամուտին ընդառաջ քաղաքս կը ժամանեն ուղղաթիռներով, այլ մեզի պէս մարդիկ: Իմ կեանքի մէջ երբեք չէի տեսած ուսուցիչ, այդ իսկ պատճառաւ պատկերացումներս երեւակայական էին:
Արցախի Թալիշ համայնքէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ մտահոգիչ դէպք մը։ Անյայտ անձ մը Մարտակերտի շրջանի Թալիշ համայնքէն ներս հրկիզեց առանձնատուներ, կացարաններ եւ ալրաղաց մը։
Ռուսաստանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար զօրավար Անտրէյ Քարթափոլով երէկ ժամանեց Երեւան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարը հանդիպումներ կ՚ունենայ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար կազմին հետ։
Հայաստանի Արմաւիրի մարզէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ պայթում մը։ Այսպէս, «Պռոշեան» քոնիաքի գործարանի մասնաճիւղէն ներս ծագեցաւ հրդեհ մը, որուն յաջորդեց պայթում մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնի շրջանաւարտներու խումբը՝ առաջնորդութեամբ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրի եւ լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տիանա Եըլանճըօղլուի։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները որոշեց վերջ տալ Յունական Կիպրոսի դէմ տարիներէ ի վեր գործադրուած՝ զէնք ու զինամթերքի վաճառքի շրջափակման։ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անասթասիատիսի հետ։
Համայնքային շրջանակներէ ներս օրակարգի վրայ մնալ կը շարունակէ Էսաեան վարժարանի նոր տնօրէնուհիի նշանակման հարցը։ Երէկ հաղորդած էինք, որ միջնակարգի նոր տնօրէնուհիի պաշտօնը կը ստանձնէ Անիլտա Մանթօ Մենեքշէ։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ ուշադրութիւն հրաւիրեց, որ Թուրքիոյ մէջ վարակման աշխոյժ պարագաները կ՚աւելնան թափով։
Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։
ԵՐԱՄ
Նորայի խոնաւ ձայնը լսելով, խռովեր էր Զանան։ Օր մը ամբողջ ստիպուած էր սպասել տակաւին, մինչեւ ան գար Երեւան եւ պատմէր ի վերջոյ, թէ ի՞նչ էր եղեր։
Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալի գլխաւորութեամբ թրքական պատուիրակութիւն մը վերջին օրերուն այցելեց Մոսկուա։ Արտաքին գործոց նախարարութեան, Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ՄԻԹ-ի իրաւասուներէն բաղկացեալ այս պատուիրակութիւնը ռուսական կողմին հետ բանակցութիւններ վարեց Լիպիոյ եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Երէկ աւարտեցան բանակցութիւնները, որոնք ունէին խորհրդակցական բնոյթ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
-Կը հաւատա՞ս:
-Կը հաւատամ:
-Ուրեմն խնդրէ ու կը ստանաս:
Ստանալով տէր հօր օրհնութիւնը՝ աղջիկը ուրախ ու զուարթ հեռացաւ եկեղեցիէն:
ՀԱՅՃԱՐ պատրաստակամ՝ մեր վարժարաններուն այս փուլին աջակցելու եւ ուղղութիւն ցոյց տալու:
Հնութեան կարգավիճակով շէնքերու տոկունութիւնը ստուգելու համար պաշտօնական կանոնադրութիւններու մէջ յստակ եզրեր չեն առաջարկուած, ինչ որ ժամկէտներու կանխատեսումը կը դժուարացնէ մեր դպրոցներու վերաբերեալ աշխատանքներու պարագային: Պետրոս Շիրինօղլու ընդգծեց պետական մարմիններու հետ շփումներու գծով անհրաժեշտ լրջութեան ցուցաբերումը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սէրը՝ ամենաբարձր արժէ՛քն է կեանքին. չէ՞ որ «Աստուած սէր է», (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8)։
Սէրը առաքինութի՛ւն է, եւ ամենէն ազնիւ եւ վե՛հ զգացումը, քանի որ «Մեծագոյն սէրը ա՛յն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար», (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պոլսահայ կրթական համակարգի դիմագրաւած ծանր մարտահրաւէրներուն վրայ եկած է աւելնալ՝ վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի դէմ ամրացման հրամայականը: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, Գումգաբուի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութիւն մը, որու ընթացքին վերամուտի սեմին օրակարգի վրայ եկան հրատապ բնոյթով հարցեր, որոնց յաղթահարումը կախում ունի նիւթական միջոցներէ, մասնագիտական համակարգուած աշխատանքէ, բազմակողմանի համագործակցութենէ եւ ընդհանուր զօրակցութենէ:
Էտինպուրկի համալսարանի գիտնականները ապացուցած են, որ արեան մէջի երկաթի մակարդակը կ՚ազդէ մարդու կեանքի տեւողութեան վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ մասնագէտները հաշուի կ՚առնեն նաեւ երկարակեացութեան նկատմամբ ծինային հակուածութիւնն ու մարմնի մէջ երկաթի իւրացման արագութիւնը
Սուրճը ամենատարածուած ըմպելիքներէն մէկն է, սակայն ան ոչ միայն համեղ է ու թարմացնող, այլեւ շատ օգտակար։ Աւստրալացի գիտնականներու հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ այս տարածուած ըմպելիքը խիստ դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ լեարդի վրայ, իսկ կանոնաւոր օգտագործելու պարագային կ՚օգնէ պաշտպանել լեարդը քաղցկեղի զարգացումէն։