Արխիւ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բա­րո­յա­կան վճռա­կան ընտ­րանք­նե­րը կը հրա­ւի­րեն մար­դը՝ մաք­րուե­լու սիր­տով, ներք­նա­պէս, ա­մէն յո­ռի բնազդ­նե­րէ եւ փնտռել սէ՛­րը։ Այս ուղ­ղու­թեամբ կ՚ու­-սուցուի, թէ ճշմար­տու­թիւ­նը ո՛չ թէ տե­սա­նե­լի կամ շօ­շա­փե­լի ար­ժէք­նե­րու, այլ ան­տե­սա­նե­լի եւ հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րու մէջ կը կա­յա­նայ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

«Ֆես­հա­նէ»ի հա­մա­լի­րէն ներս այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նան «Հա­թա­յի օ­րեր»։ Ե­րէկ սկսած այս ձեռ­նար­կը պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ շա­բա­թա­վերջ։ Այս շրջագծով տա­ղա­ւար մըն ալ յատ­կա­ցուած է Վա­գըֆ­լը­գիւ­ղին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան մա­տոյց Ս. Պա­տա­րագ, ո­րու ըն­թաց­քին խօ­սե­ցաւ նաեւ խրա­տա­կան մը։ Մեծ պա­հոց եւ Ա­ւագ շաբ­թուան ա­ւար­տին, Գուզ­կուն­ճու­քի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ար­դէն վե­րա­հաս­տատուած է ըն­թա­ցիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու դրու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

«Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նի դե­րա­սան­նե­րը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ձեռ­նար­կե­ցին ներ­կայ ե­ղա­նա­կի ի­րենց ներ­կա­յա­ցում­նե­րու շար­քին։ Թա­տե­րա­խում­բը այս տա­րի կը բե­մադ­րէ «Բե­րա­յի մէջ ե­րե­կոյթ մը» խո­րագ­րեալ խա­ղը՝ հայ եր­կու եր­գի­ծա­բան­նե­րու՝ Յա­կոբ Պա­րո­նեա­նի եւ Ե­րուանդ Օ­տեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

 Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի տե­ւա­կան խախ­տում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ ի­րադ­րու­թիւ­նը միշտ կը մնայ լարուած։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կէն 20-ա­մեայ զի­նուոր Լե­ւոն Մի­րզո­յեան նա­հա­տա­կուե­ցաւ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ բա­ցուած կրա­կին հե­տե­ւան­քով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան մը ձեռ­նար­կեց դէ­պի Ի­տա­լիա եւ Վա­տի­կան։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Հռո­մի մէջ, Սերժ Սարգսեան կը հիւ­րըն­կա­լուի Ի­տա­լիոյ բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Քրիստո­սի Հրա­շա­փառ Ս. Յա­րու­թեան տօ­նին առ­թիւ հիւ­րըն­կա­լեց իս­թան­պու­լա­հայ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Պատ­րիար­քա­րա­նի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած այս ա­ւան­դա­կան հա­ւա­քո­յթին ըն­թաց­քին ստեղծուե­ցաւ ջերմ մթնո­լորտ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան մեր ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի ար­ժէ­քա­ւոր ա­նուն­նե­րէն սոփ­րա­նօ Նա­թա­լի Պօ­ղո­սեան ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Էլ­մա­տա­ղի Նոթ­րը Տամ Տը Սիոն ֆրան­սա­կան լի­սէի դահ­լի­ճին մէջ։ «Ծո­վափ­նե­րէն տպա­ւո­րու­թիւն­ներ» խո­րագ­րեալ այս ե­րաժշ­տա­հան­դէ­սը նա­խա­տե­սուած էր թա­տե­րա­կան շա­նի ձե­ւա­չա­փին մէջ, տա­ւի­ղի նուա­գա­հան­դէ­սով հան­դերձ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015

ՀԲԸՄ-ի զրոյցներուն գծով քննարկուած գաղափարները կը համընկնին հայաշխարհի մարտահրաւէրներուն:
88-րդ համաժողովին ընթացքին յղացուած տեսակէտներուն հասունացումով կ՚ուրուագծուին նոր հորիզոններ:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015

 Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին վրայ բա­խում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ հրա­դա­դա­րը կը խախ­տուի ա­նընդ­հատ։ «Եր­կիր» հե­ռուս­տա­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, ա­մե­նա­վեր­ջին բա­խում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան Հա­յաս­տա­նի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան սահ­ման­նե­րու եր­կա­րու­թեամբ տե­ղա­կա­յուած զօ­րա­մա­սե­րուն մօտ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015

Թուրքիա-Իրան Բարձր մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդին երկրորդ նիստը արձանագրեց անանտեսելի յաջողութիւն:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ Անգարա բնական կազի համար ամենաբարձր սակագինը կը վճարէ Թեհրանին:
Հասան Ռուհանի թրքական կողմին շնորհակալութիւն յայտնեց հիւլէական ուժանիւթի հարցին շուրջ ընծայուած զօրակցութեան համար:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Մար­թին Շուլց այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ան­գա­րա­յի մէջ, ուր ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ կը հիւ­րըն­կա­լուի երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի ա­ռըն­թեր ան կը մէկ­տե­ղ-ւի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն զա­նա­զան դէմ­քե­րու հետ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015

Յու­նիս 7-ին կա­յա­նա­լիք խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ, ե­րէկ, քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը Բարձ­րա­գոյն ընտ­րա­կան խոր­հուր­դին ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց ե­րես­փո­խա­նա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րուն ցու­ցակ­նե­րը։ Երկ­րի քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գին վրայ ա­ռաջ­նա­հերթ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձան թեկ­նա­ծու­նե­րը, ո­րոնց շար­քին կը գտնուին նաեւ թրքա­հայ հա­մայն­քէն դէմ­քեր։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ի՞նչ է «ուժ»ին գաղտ­նի­քը։ Ի՞նչ է այն ա­նի­մա­նա­լի, ան­տե­սա­նե­լի «ուժ»ը՝ որ նոյն ու նման պատ­ճառ­նե­րով տար­բեր ար­դիւնք­ներ կ՚ար­տադ­րէ։ Ար­դա­րեւ, ջու­րը, հո­ղը, լոյ­սը նոյնն են, բայց հուն­տեր տար­բեր կեր­պով, տար­բեր տե­սքով եւ տար­բեր գոյ­նե­րով կը հաս­նին, տե­սակ տե­սակ կը բուս­նին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2015

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան 88-րդ համագումարը արձանագրեց լուրջ յաջողութիւն:
Աշխարհի բազում երկիրներէն Երեւան մեկնած ժողովականները կը վերադառնան բարձր տրամադրութեամբ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Քրիս­տո­սի երկ­րա­ւոր կեան­քի ա­մե­նէն բախ­տո­րոշ պա­հե­րէն մին է՝ վեր­ջին գի­շե­րուան մու­թին մէջ ապ­րած պա­հե­րը, ուր մարդ­կա­յին չա­րու­թիւ­նը եւ աս­տուա­ծա­յին բա­րու­թիւ­նը պայ­քա­րի մէջ էին։ Ա­հա­ւո՜ր պահ մըն էր, որ կ՚ապ­րէր Յի­սուս այդ վայր­կեա­նին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին յատուկ կարգ մը սահմանած է մայրացող կանանց օրհնութեան  համար:
Սուրբ Կոյս Մարիամի կերպարը վառ արտայայտուած է մեր եկեղեցական տօնացոյցին մէջ, ուր կան Աստուածածնին ընծայուած եօթ տօներ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2015

Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին Ընդ­հան­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վարդա­պետ հռչա­կե­լու Ֆրան­սիս­քոս Սր­բա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին ո­րո­շու­մը, որ հրա­պա­րա­կուե­ցաւ Փետ­րուա­րի 21-ին, ող­ջու­նուեցաւ եւ լայն ար­ձա­գան­գի ար­ժա­նա­ցաւ ոչ միայն հայ հա­սա­րակու­թեան, այլ նաեւ հա­մայն քրիս­տո­նեայ հան­րու­թեան կող­մէ, որ հա­յազ­գի մեծ խորհրդական աս­տուա­ծաբան Սուրբի սրբակրօն վար­քին ու սր­բադ&s

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2015

Քրիս­տո­սի Հրա­շա­փառ Ս. Յա­րու­թեան տօ­նին յա­ջոր­դող Մե­ռե­լո­ցին առ­թիւ ե­րէկ հո­գե­հանգս­տեան ընդ­հա­նուր կարգ տե­ղի ու­նե­ցաւ Շիշ­լիի ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։ Ընդ­հա­նուր հո­գե­հան­գիս­տին հան­դի­սա­պե­տեց Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, ո­րու կող­քին էին Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեան, Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Միւ­ռոն Ա. Քհնյ. Այ­վա­զեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չը­նա­րեան, Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Գու­յում­ճեան, Տ. Զա­քար Քհնյ. Քո­փա­րեան եւ Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2015

Գալ­ֆաեան Տան մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ լու­սան­կար­չու­թեան դա­սըն­թացք մը, ո­րուն խան­դա­վառ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին դպրո­ցի բարձ­րա­գոյն ե­րեք դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը։ Լու­սան­կար­չա­կան հիմ­նար­կի վար­չա­յին­նե­րէն Թայ­լան Պաղ­ճը այս առ­թիւ այ­ցե­լեց վար­ժա­րան եւ հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մը մէջ ար­տադ­րա­կան աշ­խա­տանք տա­րաւ ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ։

Էջեր