Արխիւ

Երեքշաբթի, Մայիս 11, 2021

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարը եւ ընդհանուր քարտուղարը բարձր գնահատեցին ՄԱԿ-ի զանազան մասնագիտական կառոյցներուն եւ Հայաստանի միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։

Երեքշաբթի, Մայիս 11, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման Ազգային ժողովը երէկ լուծարուեցաւ իրաւունքի ուժով:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրեց՝ 20 յունիսին արտահերթ ընտրութեան ձեռնարկելու ուղղեալ հրամանագիրը:

Երեքշաբթի, Մայիս 11, 2021

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով աշխատանքային այցելութեան մը ձեռնարկած է դէպի Պաքու։ Ռուս նախարարին ուղեւորութիւնը սկսաւ երէկ եւ առաջին իսկ փուլին ան ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։

Երեքշաբթի, Մայիս 11, 2021

«Հայաստան» դաշինքը արտահերթ ընտրութեան ընդառաջ առաջնահերթութիւն դարձուցած է Սիւնիքը:
Ըստ Քոչարեանի, երկիրը դէմ յանդիման է մարտահրաւէրներու, որոնք կը վերաբերին անվտանգութեան սպառնալիքներու:

Երեքշաբթի, Մայիս 11, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սուրիահայ բանասէր, պատմաբան, ազգագրագէտ Յակոբ Չոլաքեան վերջին տարիներուն իր կարեւոր մասնակցութիւնը ունի Հայաստանի գիտական, գրական, պատմագրական, լեզուական միջավայրի կերտման:

Երեքշաբթի, Մայիս 11, 2021

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւնով երբ հայկական հարցը նոր հարթութիւն մը թեւակոխած է, յառաջիկայ շրջանին սա ի՞նչ անդրադարձ կրնայ ունենալ թրքահայութեան վրայ։ Սպիտակ տունէն հրապարակուած պատգամը հայկական հարցի ուղղակի կամ անուղղակի բոլոր դերակատարներուն տեսակէտէ նոր իրավիճակ մը ստեղծած է։

Երեքշաբթի, Մայիս 11, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Ան, որ Հայրը սրբեց եւ ղրկեց» (տե՛ս Յհ 10.36):
Մեկնութիւն.
մի՛ մտածեր թէ Բանին բնութիւնը սրբութեան կարօտ է, ինչպէս կ՚ըսէ Մեկնիչդ [Նանա]:

Երեքշաբթի, Մայիս 11, 2021

Նկարիչ, քանդակագործ, գրող, դերասան, բեմադրիչ, թատերագիր, լուսանկարիչ, շարժանկարի դերասան, բեմանկարիչ, նկարազարդող, ակնագործ եւ գծանկարիչ Սալվատոր Տալի (լրիւ անունը՝ Սալվատոր Տոմինկօ Ֆելիփէ Խասինտօ Տալի ի Տոմենեք, Մարքիզ տէ Տալի տէ Փուպոլ) ծնած է 1904 թուականի մայիսի 11-ին, Սպանիայի Քաթալոնիա նահանգի Ֆիկերեզ քաղաքին մէջ։ Տակաւին մանկութեան Սալվատոր կը տարբերէր իր վարքով եւ բնաւորութեամբ։

Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վերլուծաբան Սթանիսլաւ Թարասով. «Երբ Հայաստան հրաժարեցաւ պաշտօնապէս ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղը, Ռուսաստան ստիպուած Ատրպէյճանինը համարեց այն գօտիները, որոնք խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ անցան։ Միջազգայնօրէն ճանչցուած չէ խաղաղարարներու կարգավիճակը։ Ուստի Ատրպէյճանի տարածքին մէջ Ռուսաստանի ուժերու գոյութեան պարագային կը ստեղծուի լրիւ տարբեր իրավիճակ մը։ Ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցերը պիտի որոշուին Պաքուի եւ Մոսկուայի միջեւ երկկողմանի բանակցութիւններու միջոցաւ»:
«ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի կողմէ աշխոյժ դիւանագիտական քայլը պիտի սկսի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն եւ Երեւանի մէջ նոր իշխանութեան ձեւաւորուելէն վերջ»:

Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Նախագահ Պայտընի 24 Ապրիլի պատգամը ի՞նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ Հայաստանի տեսակէտէ կամ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ գործել անոր քաղաքականութեան վրայ։ Սպիտակ տունէն ցեղասպանութեան յայտարարութիւնը հնչած է այնպիսի ժամկէտով մը, երբ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Երեւան ինքնիշխանութեան ճակատագրական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։

Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Եւրոպայի օրուան առթիւ հրապարակեց պատգամ մը։ Ան այս առթիւ ընդգծեց, որ Եւրոմիութիւնը ռազմավարական կուրութենէ պէտք է փրկուի։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախագահ Էրտողան այս առթիւ շեշտեց, որ ԵՄ-ի ամուր կլոպալ դերակատար մը դառնալուն առջեւ ամենամեծ խոչընդոտն է՝ ռազմավարական համբերութեան եւ տեսլականի պակասը։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021

Հայաստանի մէջ 20 յուլիսին նախատեսուած է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւն։ Ընդհանուր ակնկալութիւնը այն է, որ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակի մէջ յառաջացած քաղաքական տագնապի յաղթահարման համար ճանապարհ հարթեն այս ընտրութիւնները։

Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր աշխատանքային այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Պաքու, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած առկայ իրավիճակին մէջ տեղի կ՚ունենայ ռուս նախարարին ուղեւորութիւնը՝ համապատասխան գործօններով պայմանաւորուած օրակարգով։

Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021

Առեւտուրը, խորքին մէջ, անպակաս է կեանքէն։ Ամէն մարզի մէջ, բոլոր հարթութիւններու վրայ առեւտուր կ՚ընթանայ։ Աշխարհ մեծ շուկայ մըն է այս առումով։ Առեւտուրը զանազանութիւն կ՚ենթադրէ, իսկ շուկան՝ ճոխութիւն։ Այդ բոլորը նաեւ մեծ ժխորի մը թատերաբեմը կը հանդիսանան։

Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Յանուն անկեղծութեան ու ճշմարտութեան պէտք է ըսեմ, որ այսօր՝ տարիներ ետք, քիչ մը դառնութեամբ կը յիշեմ կեանքիս յատկապէս ա՛յն շրջանը, երբ որպէս մասնագիտութիւն  ընտրած ըլլալով հայագիտութիւնը՝ շարունակ «գրոհի կ՚ենթարկուէի» աջէն ու ձախէն:

Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Աշխարհի վրայ ամենաքաղցրն է մօրը սէրը, որ չի ճանչնար սահմաններ։ Մայր մը՝ իր զաւկի ծնունդով, ընդմիշտ կը դադրի «երեխայ» մը ըլլալէ։ Զաւկի նկատմամբ անփոխադարձ սիրոյ հետ միանգամայն զինք կը պատէ նաեւ զոհողութեան, համբերատարութեան, հանդուրժողականութեան զգացումները։

Շաբաթ, Մայիս 8, 2021

Առաջին նախագահը միշտ հետամուտ կը մնայ «Ազգային համաձայնութեան դաշինք»ի ձեւաւորման:
Հայաստանի արտահերթ ընտրութեան ընդառաջ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կը մատնանշէ նորանոր աղէտներէ խուսափելու միջոցը՝ Փաշինեանի յանցաւոր եւ ազգակործան վարչախումբի վերարտադրման վտանգը կանխելու համար, այլապէս հաւանական հետեւանքները շատ աւելի ծանր պիտի ըլլան՝ քան վերջին պատերազմի նուաստացուցիչ պարտութիւնը:

Շաբաթ, Մայիս 8, 2021

ԹԼԿԱՏԻՆՑԻ

Մա՛յր բոլոր ասոնք ու աս պատմածներուդ ամենայետին մանրամասնութիւններն ալ միտքս են տակաւին, որոնք տունին պզտիկներն ալ չեն մոռցեր ու անոնք մէկ-մէկ սորվեցուցած աղօթքիդ պէս կը յիշեն, բայց՝ քանի որ կ՚ըսեմ, միայն գիշեր մը ճամբորդելով, այնքան մը տեղեկութիւններ կը բերէիր գեղէն, որ այնքան հեռու կը մնար մեզմէ, հիմա ալ պահ մը վեր ա՛ռ գլուխդ ու ըսէ՛ ինծի, ի՞նչ կայ անդին։

Շաբաթ, Մայիս 8, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի հասարակութեան լայն շերտերուն համար «Քովիտ-19»ի դէմ պատուաստուելու հարցը կը շարունակէ մնալ կարեւոր օրակարգի նիւթ։
Ճիշդ է, որ երկրին մէջ համավարակի տարածումը կը շարունակուի, սակայն այն առաջուան նման վախի մթնոլորտ տարածելու «ունակութիւնը» չունի։

Շաբաթ, Մայիս 8, 2021

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս հաւաք:
Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ ընդհանուր ժողովի ընթացքին ծաւալուն քննարկումներ:

Էջեր