Արխիւ

Երեքշաբթի, Մարտ 30, 2021

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան 18-րդ հերթական համագումարը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին։ Միութեան Նարլըգաբուի հաւաքատեղիին մէջ գումարուեցաւ ընդհանուր ժողովը՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան։

Երեքշաբթի, Մարտ 30, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հրաժեշտի հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպան Ճուն Եամատայի հետ, որ այս շրջանին դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտելու վրայ է Հայաստանի մէջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 30, 2021

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Տէյլի Սապահ» նշանաւոր օրաթերթը հրապարակում մը պատրաստած է Եգիպտոսի զարգացման հոլովոյթին մէջ մեծ դեր ունեցած հայ արհեստաւորներուն մասին: Թերթը անդրադարձած է ընտանիքի մը, որ դարէ մը աւելի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ պապենական գործը լուռ ու մունջ առաջ կը տանի, առանց ենթարկուելու քաղաքակրթութեան վնասարարութեան:

Երեքշաբթի, Մարտ 30, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հովիւը վեց յատկութիւն ունի, որ այստեղ ըսաւ. նախ՝ որովհետեւ դռնէն կը մտնէ փարախին մէջ: Երկրորդ՝ քանի որ դռնապանը կը բանայ:

Երեքշաբթի, Մարտ 30, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Առաքինութիւն, ինքնութիւն ու բարեկեցութիւն՝ մարդկային կեանքին անհրաժեշտ արժէքներն են՝ որոնք կը կատարելագործուին զգացական կեանքը չափաւոր ու նպատակայարմար գործածելով։
Կեանքի պայքարը ընթացք կը ստանայ՝ մարդկային մտածումներու, կիրքերու, արժէքներու համեմատ, որոնք երբ նպատակայարմար գործածուին իմաստութեամբ ապրելու պատճառ կը դառնան։

Երեքշաբթի, Մարտ 30, 2021

Երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Մոցարթի ծննդեան 265-ամեակին ձօնուած համերգ մը։ Սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին հանդէս եկան հանրայայտ դաշնակահար Սվետլանա Նաւասարդեան եւ «Armenian» լարային քառեակը։

Երկուշաբթի, Մարտ 29, 2021

Մարտի 27-ի Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ, շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որու ընթացքին կատարուեցաւ «Արտաւազդ» թատերական մրցանակաբաշխութիւնը։ Այս հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։

Երկուշաբթի, Մարտ 29, 2021

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ յառաջիկայ ամիս հրաժարական պիտի տայ, որպէսզի արտահերթ ընտրութիւններ տեղի ունենան երկրին մէջ։
Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին այցելեց Հայաստանի Արմաւիրի մարզը, ուր ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ երկրի ներքին քաղաքական կացութեան եւ այժմ դիմագրաւած զանազան մարտահրաւէրներուն։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 29, 2021

Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորման հերթական հանրահաւաքը։ Մայրաքաղաքի կեդրոնին անգամ մը եւս ընդդիմադիր ցուցարարներ համախմբուեցան՝ պահանջելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր գլխաւորած կառավարութեան հրաժարականը։

Երկուշաբթի, Մարտ 29, 2021

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իզլանտան։ 2022 թուականին նախատեսուած Ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան որակաւորման փուլի հանդիպումներուն ծիրէն ներս, «J» խմբակէն ներս, հայկական ընտրանին երէկ երեկոյեան հիւրընկալեց Իզլանտայի ազգային հաւաքականը։

Երկուշաբթի, Մարտ 29, 2021

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Դարձեալ «Աւագ շաբաթ»ը կը մօտենայ եւ կամ...: Ու ի՜նչ տխուր է աշխարհը, երբ զայն կը դիտենք մեր սեփական աչքերով, Քրիստոսի ծնունդէն երկու հազար տարի ետք: Մէկ խօսքով, խտացած դժբախտութիւն մը, որ սարսափ կ՚ազդէ ե՛ւ դիտողին, ե՛ւ ապրողին:

Երկուշաբթի, Մարտ 29, 2021

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Ծաղկազարդի տօնը։ Տէր Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը տօնախմբուեցաւ աւանդական արարողութիւններով։

Երկուշաբթի, Մարտ 29, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Արեւմուտքը տեսաւ, թէ, ըստ էութեան, դուրս մնաց Կովկասէն եւ այստեղ արդէն հարց լուծողը Ռուսաստանն է եւ Թուրքիան, որու կրտսեր գործընկերն է Ատրպէյճան»:
«Ռուս-թրքական, նաեւ Մոսկուա-Անգարա-Թեհրան համագործակցութեան ձեւաչափը թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ Հարաւային Կովկասի մէջ շատ լաւ կ՚աշխատի։ Հայաստան այլընտրանք չունի դաշնակցի հարցով, ստիպուած է ռուսական թելադրանքով յառաջ երթալ։ Հետեւաբար ներկայ պահուն Արեւմուտքի լուրջ միջամտութիւնով մը այստեղ չի կրնար փոխուիլ իրավիճակը»:

Երկուշաբթի, Մարտ 29, 2021

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Ի  սկիզբ բանիս պէտք է ըսեմ, որ սփիւռքի մէջ ներկայիս չկայ գրական շարժում,- եւ սա բաւականէ ի վեր,- թէեւ, ի՜նչ խօսք, ունինք մի քանի նոր ուժեր: Կան նաեւ հիները, որոնք իրենց տալիքը տուած են, սակայն կը շարունակեն ստեղծագործել:

Երկուշաբթի, Մարտ 29, 2021

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

1993 թուականի մարտին, լուսանկարիչ-լրագրող Քեւըն Քարթըր գործուղղուեցաւ Սուտան։ Այոտ կոչուած գիւղի մօտ ան զուգադիպեցաւ փոքր աղջնակի* մը, որ ՄԱԿ-ի սննունդի օգնութեան կեդրոն հասնելու ճանապարհին կանգ առած էր յոգնութենէ ու անօթութենէ։ Իսկ փոքր երեխայի ետեւը կանգնած էր անգղ մը, որ կարծէք անոր մահուան կը սպասէր։

Երկուշաբթի, Մարտ 29, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Աւագ շաբաթ»ը մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի տնօրինութիւններուն՝ չարչարանքներուն, խաչելութեան, թաղման, ինչպէս նաեւ դժոխքի աւերման, հոգիներու ազատման եւ հրաշափառ յարութեան շաբա՛թն է։ Այս շաբաթուայ ընթացքին կատարուած ամէն բան, անհրաժե՛շտ էր մեղաւոր մարդուն վերստին «անմահութիւն» պարգեւելու եւ երկնային արքայութեան արժանացնելու եւ հոն փոխադրելու համար։

Շաբաթ, Մարտ 27, 2021

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Աղուհացից օրերը, Քրիստոսի առակները ցոլացնող կիրակիները՝ իւրաքանչիւրը իր իմաստով եւ խորհուրդով ներկայացած, այլեւս այս տարուան պատմութեան էջերուն մաս կը կազմեն։ Եկեղեցական օրացոյցը ըստ նախընթացի մեզ առաջնորդեց եւ հասցուց տարւոյն ամենանուիրական եւ սուրբ շաբաթին, որ է Աւագ շաբաթը։

Շաբաթ, Մարտ 27, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կիրակի, 28 մարտ 2021-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին յիշատակը, որ մեր ժողովուրդին բառապաշարին մէջ դրոշմուած է Ծաղկազարդ անունով:

Շաբաթ, Մարտ 27, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պէյրութը աղէտահար դարձուցած պայթումէն անցած են ամիսներ։ Ճիշդ է, քաղաքացիներ կը փորձեն իրենց վէրքերը սպիացնել, սակայն ամէնօրեայ կերպով Լիբանանի լրահոսին հետեւողներուս համար աւելի քան պարզ է, որ չարաղէտ պայթումին պատճառով ամուսին, եղբայր, քոյր, մայր կամ հայր հողին տուած քաղաքացիներուն մօտ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ տխուր եւ տարերային։

Շաբաթ, Մարտ 27, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արուշ Թաշի, որոնց միացած էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։

Էջեր