Արխիւ

Շաբաթ, Մարտ 13, 2021

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 46-րդ նստաշրջանին հրապարակուեցաւ Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի յատուկ ձեւաչափով տեսաուղերձը։ Նման հնարաւորութիւն կ՚ունենան բացառապէս A միջազգային կարգավիճակով օժտուած մարդու իրաւանց ազգային հաստատութիւնները։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

150 միլիոն կտոր եւ երեք տարուայ աշխատանք. Չինաստանի մէջ ստեղծուած է լեկօ-քանդակներու աշխարհի ամենամեծ հաւաքածոն։ Այսպէս, Չինաստանի մէջ երեք տարի շարունակ 50 ձեւագծող, ոգեշնչուելով երեւակայական սեռի անգլիացի գրող Ճոն Ռանըլտ Ռիւել Թոլքինի «Մատանիներու տիրակալը» եռերգութեամբ, 150 միլիոն կտոր լեկոներով ստեղծած են աշխարհի լեկօ-քանդակներու ամենամեծ հաւաքածոն, որ վերջերս ընդգրկուած է «Կինէս»ի մրցանիշներու գիրքին մէջ:

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

Ամերիկացի բեմադրիչ Նիքոլ Քեսսըլ գրող Լայմըն Ֆրենք Պաումի «Հրաշագործ Օզը» գիրքի հիման վրայ նոր շարժանկար մը կը նկարահանէ, կը հաղորդէ «Fox News»ը։
«Warner Bros.»ի պատկանող «New Line Cinema» աշխատանոցը որոշած է պաստառաւորել յայտնի գիրքը։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

Աշտարակներ, երաժշտական գործիքներ եւ տարատեսակ այլ առարկաներ. ճաբոնցի վարպետը ուշագրաւ քանդակներ կը կերտէ մատիտի միջուկով։ Այսպէս, ճաբոնցի նկարիչը, որ համացանցի մէջ յայտնի է Շիրոյի անունով, կրնայ սովորական մատիտները վերածել իրական քանդակներու:

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Պատկերացուցէք այսպիսի վիճակ մը։ Պաշտպանութեան նախարարութիւն կու գայ գերագոյն հրամանատարը, որ բացարձակապէս ոչինչ կը հասկնայ ռազմական գործէն եւ իր գործողութիւններուն մէջ կ՚առաջնորդուի ո՛չ թէ պետութեան անվտանգութեան շահերով, ոչ ալ նոյնիսկ պարզ տրամաբանութեամբ, այլ միայն՝ սեփական յաւակնութիւններով ու ֆանթազիներով եւ գովազդային (PR) ցոյցեր ընելու ձգտումով։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Վլատիմիր Թիթով նախընթաց օր Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի՝ Անդրկովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Անիքա Սիոտերի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ տարածքաշրջանի իրավիճակը, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

Հայաստանի ներքին քաղաքական առկայ տագնապին մէջ կը շարունակուին անհաւատալի իրադարձութիւնները։ Նմանաբնոյթ երեւոյթները այս շրջանին, դժբախտաբար, յաճախակի դարձած են նաեւ բանակի պարագային, ինչ որ ակնյայտ ապացոյց մըն է՝ թէ պետականութեան գոյութեան վերաբերեալ մտահոգութիւնները որքան արդար են։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէէն ներս նիստ:
Կիպրական հիմնախնդրին առընչութեամբ գործընթացներուն մէջ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը ուղղակի դեր պիտի ստանձնէ:

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) Արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Ապտուլլահ պին Զաիտ էլ Նահեանի հետ։ Այվազեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ ԱՄԷ, իր պաշտօնակցին հետ հանդիպման ժամանակ վերահաստատեց Հայաստանի մտադրութիւնը՝ առաւել խորացնելու ուղղութեամբ երկկողմանի յարաբերութիւնները։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը վերջերս կազմակերպեց առցանց գիտաժողով մը՝ «Կրօն, կրթութիւն եւ խաղաղութիւն» վերնագրով։ Հեռավար այս գիտական ձեռնարկի կազմակերպման ուղղութեամբ Հայկազեանի հետ համագործակցած էր՝ Մինէսոթայի Սենթ Ճոնզ համալսարանի «Ճէյ Ֆիլիփս» միջհաւատքային ուսուցման կեդրոնը։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Վրաստան կը ջանան բացուիլ դէպի Կեդրոնական Ասիոյ տարածքաշրջան:
«Անգարա կ՚աշ­խա­տի կար­գա­ւո­րե­լու հա­մար այն տագ­նապ­նե­րը, ո­րոնք կը սպառ­նան տա­րած­քաշր­ջա­նին՝ նե­րա­ռեալ Կով­կա­սը»:

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարով բնորոշուած անցեալ շուրջ միամեայ ժամանակաշրջանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առաջնահերթութեան վերածուեցաւ ընկերային զօրակցութեան շարժումը։ Համայնքէն ներս յանկարծ արտասովոր կարիքներ գոյացան եւ անոնք դարձան հրատապ՝ համաճարակով պայմանաւորուած առողջապահական եւ ընկերատնտեսական ծանր խնդիրներուն հետեւանքով։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

ԵՐԱՄ

Արեւային քաղաքին տակ, քաղաքը քաղաք ընող, տարբեր կէտերն անոր իրար շաղկապող ընդուղին է իր կայարաններով։ Երակն է քաղաքին. ոչ միայն շրջագայութեան ապահովման առումով, այլ կեանքի։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Քաղաքին գիշերային լոյսերու
Խորհրդաւոր սպրդումներուն տակ
Զոյգեր կ՚անցնին յամրաքայլ 
Որ չերեւին աչքերու 
Սիրեն-սիրուին աննշմար

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Քառասուն մանուկներ, բոլորն ալ կանխաւ քրիստոնեայ եղած, զանազան քաղաքներէ, Սեբաստիա գտնուած միջոցին, Լիւսիաս Կեսարիոյ դուքսը (=duc), հրաման ստացաւ Լիկիանոսէ, քննել թէ կա՞ն քրիստոնեաներ բանակին մէջ։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

Բրիտանացի զոյգը երկյարկանի հանրաշարժը վերածած է «շքեղ բնակարանի» մը։ Այսպէս, Չարլի Մաքվիքըր եւ Լուք Ուոլքըր որոշած են միասին ապրիլ։ Անոնք գիտակցած են, որ չեն կրնար բնակարան մը գնել, կամ բնակարանի վարձ վճարել։

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հերթական անգամ խորհրդածութիւնով մը հանդէս եկաւ երկրի առկայ տագնապալի կացութեան շուրջ։ Ան այս առթիւ հերթական անգամ սուր քննադատութեան թիրախ դարձուց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021

Տեւական հանրահաւաքներ եւ ահազանգներ. «Իսկական իշխանութիւն չկայ եւ անիշխանականութիւնը յղի է պետականութեան կորուստի ամենաիսկական վտանգներուն»:
Զօրավար Օննիկ Գասպարեան դատարան դիմեց իր պաշտօնազրկման հարցին շուրջ: Նիկոլ Փաշինեան նոր ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ նշանակեց զօրավար Արտակ Դաւթեանը, որ նախապէս ալ միջոց մը վարած էր այդ պաշտօնը. կը սպասուի վաւերացման: Արմէն Սարգսեան հետամուտ՝ այս շաբաթավերջին խորհրդակցութեան սեղանի մը շուրջ համախմբելու երկրի հիմնական դերակատարները, քննարկելու համար առկայ տագնապալի կացութեան յաղթահարման հնարաւորութիւնները: «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» կողմէ քննադատական արձագանգ:

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021

Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ ամենաբարձր մակարդակի աշխուժութիւնը կը շարունակուի եւ այս ամբողջին մէջ միշտ կը շօշափուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ունեցան իրենց հերթական հեռավար հանդիպումը։

Էջեր