Արխիւ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2020

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Յաղթահարել ներազգային մեծ ու պզտիկ տարակարծութիւնները եւ մեծնալ…
Տարակարծութիւնները պատմութեան դիմաց արհամարհելի մանրուք են: Չեն յիշուիր:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութեան շահապաշտութիւնը շատերու համար կը թուի անընդունելի։ Նոյն այդ քաղաքականութիւնով՝ առնուազն Մերձաւոր Արեւելքի զանազան «տաք օճախներ»ու մէջ Մոսկուան այնպիսի դեր մը ունեցաւ, որ կարելի եղաւ կանխել մեծ արիւնահոսութիւններ եւ յաւելեալ աղէտներ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ողջախոհութիւն կը նշանակէ համալրումը կիրքերու եւ ցանկութիւններու մարդուն մէջ։ Ողջախոհութիւնը, այս իմաստով կ՚ենթադրէ անձնական ինքնատիրումի վարժեցում։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2020

ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

2019-2020 տարեշրջանին, երրորդ տարին ըլլալով հալէպահայ քուէյթաբնակ բարերար մտաւորական Կիրակոս Գույումճեան «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակով կը շարունակէ քաջալեր հանդիսանալ հայկական վարժարաններու 12-րդ կարգի առաջնակարգ այն ուսանողները, որոնք պետական լրացուցիչ քննութիւններուն առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը կ՚ապահովեն:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2020

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

-Տէ՛ր իմ...
Վերամբարձ ձայնը կպաւ կամարակերպ առաստաղին, ինչպէս խունկին քուլաները ոլորուելով կը հանգչին աղօթավայրին պատերուն:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յաճախ կ՚անդրադառնանք մարդուն բանական արարած մը ըլլալուն, որուն հետեւանքն է քննարկել, դատել եւ ազատ կամքով որոշում տալ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ դաշտի վրայ կացութիւնը կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ ու մարդասիրական տեսանկիւնէ չափազանց ծանր։ Հայկական աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ ամբողջ գիշերուան ընթացքին սաստիկ ռմբակոծման ենթարկուած են Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտն ու Շուշին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ խորհրդարանէ ներս զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ յայտնեց, որ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին՝ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ պատերազմի մթնոլորտին մէջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2020

Ռուսաստան եւ Իրան հետզհետէ ընդգծեալ ձեւով անհանգստութիւն կը յայտնեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ահաբեկիչներու գոյութեան բերումով:
Իլհամ Ալիեւ հերքեց Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւնները: Մոսկուա տարօրինակ նկատեց Ատրպէյճանի ղեկավարի յուզական արձագանգը: Մաքրոն եւ Թրիւտօ անդրադարձան իրավիճակին:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2020

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր եկեղեցական կեանքի նուիրեալ սպասաւորներէն Յարութիւն Սրկ. Սարգիսեան։
Ան Շիշլիի «Էթֆալ» հիւանդանոցին մէջ դարմանման տակ կը գտնուէր՝ վարակուած ըլլալով քորոնաժահրով։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2020

Հայկական դիւանագիտութիւնը կը շարունակէ բազմակողմանի նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ մասնակցեցաւ Եւրոխորհուրդի նախարարներու կոմիտէի 130-րդ նստաշրջանին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2020

Մոսկուա ներկայիս կ՚ընէ իրմէ կախեալ ամէն ինչ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով:
«Հակամարտ կողմերը կրնան իրենց նպատակներուն հասնիլ խաղաղ բանակցութիւններու միջոցաւ։ Մենք կապի մէջ ենք թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի հետ։ Կը յուսանք, որ կը յաջողինք արդիւնքի մը հասնիլ՝ տարածքաշրջանի բոլոր բնակիչները բաւարարելիք հիմքով»:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս մարդկային ողբերգութիւնը ամէն օր կ՚ունենայ անհաւատալիօրէն ծանր ցնցիչ դրսեւորումներ:
Արցախի ռազմաճակատին վրայ երէկ նահատակուեցաւ բժիշկ մը՝ Սաշա Ռուստամեան, որ առաջնագիծ կը փութար վիրաւորեալ զինուորի մը օգնութեան հասնելու:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2020

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Պապական նուիրակ Մոնս. Ժոզէֆ Սփիթերիի հետ։ Աւելի քան ժամ մը տեւեց այս տեսակցութիւնը, որու ընթացքին արծարծուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2020

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջերս Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Գրիգոր Մարաշեցիի (Յեսուացի) (12-րդ դար) «Աղօթագիրք, վայեր, ողբեր, մեղաներ» խորագիրը կրող գիրքը: Գիրքի հրատարակութեան նախաձեռնած է Երեւանի Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Գրիգոր Քհնյ. Գրիգորեան:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

-Մարիամս պիտի երթամ,- կնոջն ամուր կուրծքին սեղմելով, տամուկ աչքերով ըսաւ կամաւորը:
-Կ՚աղաչեմ, մի՛ երթար... մնայ մեզի հետ՝ ինձ ու մեր չծնած երեխայի:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայի Գեղագիտութեան Ազգային կեդրոնէն ներս բացուած է ցուցահանդէս մը. կը ցուցադրուի հայ գեղարուեստական լուսանկարչութեան նշանաւոր ներկայացուցիչ Գագիկ Յարութիւնեանի «Ղարաբաղ» շարքը՝ 29 լուսանկարչական աշխատանքով:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ինչպէս որ Հայրս զիս սիրեց, նոյն ձեւով ալ ես ձեզ սիրեցի։ Մնացէ՛ք իմ սիրոյս մէջ» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 9)։
Յիսուսի ամբողջ կեանքը, Անոր խօսքերը, Անոր արարքները, Անոր լռութիւնները եւ Անոր տառապանքները, Անոր ապրելու եւ խօսելու կերպը՝ Յայտնութիւնն է Հօր։ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2020

ՅՈՎԻԿ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Երբ 1994-էն մինչեւ 2008 տարին քանի մը անգամ գործի բերմամբ Հայաստան եւ Արցախ կ՚այցելէի, առիթը չէի փախցներ շրջագայելու Հայաստանի եւ Արցախի ամէն մէկ անկիւն, ուր կային մեր պատմութեան հետքերը. չէի բաւականանար սոսկ շրջապտոյտի ելած անձի որոշ չափով մակերեսային, հապճեպ այցելութիւններով, այլ կ՚երթայի քիչ ծանօթ տեղեր եւ շրջաններ, նոր պեղուող տեղեր, նոր ազատագրուած տարածքներ՝ միշտ յարգելով տեղւոյն իշխանութեան օրէնքներն ու ստանալով համապատասխան թոյլտուութիւնները:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ռազմական ծանր գործողութիւնները կը կարկամին։ Ատրպէյճանի կանոնաւոր բանակը, ըստ վերջին տուեալներուն, առաջուան «հմայք»ը եւ մարտադաշտի վրայ մեծ խաղեր տալու առաջին օրերու ընդունակութիւնը չունի։

Էջեր