Արխիւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018

Լրագ­րող­նե­րու մօտ ըն­դու­նուած է ը­սել՝ ժա­մա­նա­կը ցոյց կու տայ: Ես շատ ալ չեմ սի­րեր այդ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը եւ բո­լոր իմ ու­սա­նող­նե­րուս կ՚ը­սեմ, որ եր­բեք մի՛ գոր­ծա­ծէք այս ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը յօ­դուած­ներ գրե­լու ժա­մա­նակ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հակառակ որ շրջան մը աշխատած եմ նաեւ հեռատեսիլի մէջ, որ կը թուի՝ աւելի գայթակղիչ տեղ մըն է, սակայն տպագիր թերթը լրագրողիս համար եղած է եւ կը մնայ առաջնային, քանի որ մանուկ հասակիս առաջին գրութիւնս տպագիր թերթի մէջ լոյս տեսած է, ինչ որ ճակատագրական եղած է յետագայ լրագրողական աշխատանքի համար՝ ճանապարհ բանալու առումով:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018

Յար­գե­լի ներ­կա­ներ, թոյլ տուէք մին­չեւ իմ խօս­քիս սկ­­սի­լը շնոր­հա­ւո­րել ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը՝ 110-ա­մեա­կի առ­թիւ, շնոր­հա­ւո­րել Ա­րա Գօ­չու­նեա­նը, ա­նոր ծնող­քը, կո­ղա­կի­ցը, ո­րոնք բո­լո­րով, այս նոր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, պահ­պա­նե­լով ըն­տա­նե­կան ա­ւան­դոյ­թը, յա­ռաջ կը տա­նին շատ պատ­կա­ռե­լի կեն­սագ­րու­թիւն ու­նե­ցող այս թեր­թը…

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Խօսքը ժողովրդային բառին մասին է, որ այս թերթը արդէն հարիւր եւ տասն տարիէ կը պահէ: Պոլսոյ զիկ-զակներէն, անոր նեղ ու աղմկոտ փողոցներէն սլացող, «գաղտնի ճամբայ» մը կը բանար ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ինծի համար:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018

Հայաստանի մէջ քոնիաքի արտադրութիւնը, որ դարերու պատմութիւն ունի, կը շարունակէ մնալ որպէս խոշոր գործ: Երկրի մայրաքաղաքը՝ Երեւանը կրնայ պարծենալ անով, որ այստեղ մէկ շունչին բաժին հասնող քոնիաքի թորիչները աւելի շատ են, քան աշխարհի որեւէ այլ քաղաքի մէջ, նսյնիսկ ֆրանսական Քոնիաքին մէջ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս մասին կ՚ըսուի յայտնի Forbes պարբերականին մէջ հրապարակուած լայնածաւալ յօդուածին մէջ, որ վերնագրուած է՝ «Բացայայտելով հայկական պրանտիի աշխարհը»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018

Ես ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ըն­թեր­ցողն եմ ար­դէն հինգ տա­րիէ ի վեր եւ ե­րե­ւի, թէ չեմ գի­տեր՝ քի­չե­րէ՞ն մին, թէ՞ շա­տե­րէն մին, թէ, որ ե­ղած եմ նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբագ­րա­տա­նը, ուր շատ աշ­խա­տան­քա­յին մթնո­լորտ կայ, շատ բա­րե­կա­մա­բար կ՚ըն­դու­նին բո­լո­րը եւ  նոյն կերպով կը ճա­նա­պար­հեն: 
ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի մա­սին խօ­սե­լու ա­տեն ես կ՚ու­զեմ ըն­դա­մէ­նը քա­նի մը յատ­կա­նի­շեր նշել. Նախ՝ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ը, կը կար­ծեմ, տա­րա­ծքաշր­ջա­նա­յին թերթ է, հա­կա­ռակ, որ ան կը հրա­տա­րա­կուի Պո­լիս, բայց շնոր­հիւ այն հար­ցադ­րում­նե­րու, ո­րոնք ընդգր­կուած են ա­նոր է­ջե­րուն մէջ եւ նաեւ շնոր­հիւ Սա­գօ Ա­րեան թըղ-թակ­ցի, որ սիւ­նակ ու­նի այն­տեղ, ան կը դառ­նայ տա­րա­ծքաշր­ջա­նա­յին թերթ։

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018

Հայաստանի Ազգային ժողովը վաւերացուց Եւրոմիութեան հետ ստորագրուած համաձայնութիւնները:
Փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան. «Պրիւքսել կը նախատեսէ աւելցնել Երեւանի ի նպաստ ելմտական աջակցութիւնները»:

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018

Էրտողան բացատրութիւններ տուաւ Թրամփի եւ Փութինի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցներուն մասին:
Թուրքիա շատ խիստ դիրքորոշում ունի քիմիական զէնքերու դէմ ու կ՚ակնկալէ ողբերգութեան վերջ գտնելը:

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Անգլիան եւ Ֆրանսան երէկ երեկոյեան ռմբակոծեցին Սուրիան։ Սուրիոյ ներքին պատերազմի արիւնալի ու բարդ իրավիճակին մէջ վերջին օրերուն խնդրայարոյց երեւոյթները գագաթնակէտին հասած էին՝ արեւելեան Կութայի եւ Տումայի մէջ՝ երկրի բանակին կողմէ քիմիական զէնքերու օգտագործման պնդումներով։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը այդ կէտէն սկսեալ շարժման անցած էր՝ արտայայտելով մտադրութիւն միջամտելու համար Սուրիոյ իրադարձութիւններու ընթացքին։ Ծանօթ է, որ այս բոլորը միջազգային բեմահարթակի վրայ լարուածութեան բարձրացման պատճառ դարձաւ։

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018

Գալֆաեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ նախընթաց օր կազմակերպուեցաւ մարմնամարզի միջվարժարանային աւանդական մրցոյթը, որ տեղի ունեցաւ Աթագիւղի մէջ։ Այս տարի 15-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային սոյն մրցաշարքը։

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի աշակերտուհիներէն Կապրիելլա Պաքըրճըօղլու վերջերս մասնակցութիւն բերաւ Քապաթաշի լիսէին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ գրող Էօմէր Սէյֆետտինի յիշատակին ձօնուած գրական մրցոյթի մը։ Իր տեսակին մէջ 7-րդ այս մրցոյթին ան պատրաստուած էր վարժարանի թրքերէնի ուսուցչուհի Զիւպէյտէ Տիզտարի հսկողութեան ներքեւ։

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ո­գե­կո­չեց թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի բա­րե­յի­շա­տակ բա­րե­րար հան­գու­ցեալ Զե­նոբ է­ֆէն­տի Մէ­րա­մէթ­ճեա­նը՝ մա­հուան 106-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ։
Այս առ­թիւ ե­րախ­տա­շատ բա­րե­րա­րի Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան դամբարանին մօտ կա­տա­րուե­ցաւ մաս­նա­ւոր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Տ. Մի­նաս Աւագ Քահանայ Ճի­հան­կիւ­լեա­նի։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ կարեւոր նախաձեռնութիւն:
Երբեմնի Լուսաւորիչեան վարժարանի շէնքի տանիքը կը վերականգնուի՝ Գէորգ Էօզգարակէօզի հսկողութեան տակ:

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018

Ուսումնասիրեց՝ Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Աստուած Աբրահամի ըսաւ, թէ իր սերունդը Քանաանի երկիրը պիտի ժառանգէ։ Աստուած Դաւիթով այդ խոստումը վերահաստատեց՝ ըսելով. «Իմ Ժողովուրդիս Իսրայէլին ալ տեղ պիտի որոշեմ ու զանիկա պիտի տնկեմ, որ իր տեղը բնակի ու ալ չշարժի» (Բ. Թգ 7.10)։

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԻ­ՔԱ­ՅԷ­ԼԵԱՆ

Մարդիկ, որոնք շատ կը կարդան, մարդիկ, որոնք լաւ պաշար ունին եւ խօսելու կարողութիւն, միշտ զիրենք լսողներ կը փնտռեն: Իրենց ամբարած գիտելիքներն ու կեանքի փորձառութիւնները կ՚ուզեն բաժնեկցիլ ուրիշներու հետ, թէ՛ այդ ձեւով լիցքաթափուելու եւ թէ՛ դիմացինին ալ օգտակար դառնալու հաճոյքը ունենալու:

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇ­ԿԷ­ՐԵԱՆ

Այս ի­րա­կան կեան­քէ առ­նուած պատ­մու­թիւ­նը մե­զի կու գայ Հիւ­սի­սա­յին Քա­րո­լայ­նա նա­հան­գի Նայթս­տէյլ քա­ղա­քէն, ուր բը-նա­կու­թիւն հաս­տա­տած է Փրէտլ ըն­տա­նի­քը։
Այդ ըն­տա­նի­քին Քէյ­թի ա­նու­նով դուստ­րը որ­դեգ­րու­թեան տրուած էր, երբ ան տա­կա­ւին ե­րե­խայ էր։

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018

Անց­նող օ­րե­րուն մի­ջազ­գա­յին լրա­հո­սին հա­մար ա­մե­նէն «փայ­լու­ն» աստ­ղը դար­ձաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամփ: Ա­մե­րի­կա­յի նա­խա­գա­հը մաս­նա­ւո­րա­պէս կը գրա­ռէր՝ «Ռու­սաս­տան կը խոս­տա­նայ վնա­սա­զեր­ծել այն հրթիռ­նե­րը, ո­րոնք պի­տի ար­ձա­կուին Սու­րիոյ ուղ­ղու­թեամբ, իսկ ես կ՚ը­սեմ, պատ­րաս­տուե­ցէ՛ք, ո­րով­հե­տեւ հրթիռ­նե­րը պի­տի գան եւ պի­տի ըլ­լան գե­ղե­ցիկ ու խե­լա­ցի:

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յի­նանց 3-րդ Կի­րա­կին կը կո­չուի «Աշ­խար­հա­մատ­րան Կի­րա­կի» կամ «Կա­նաչ Կի­րա­կի»՝ որ այս տա­րի կը հան­դի­պի 15 Ապ­րիլ Կի­րա­կիի, ըստ ե­կե­ղե­ցա­կան օ­րա­ցոյ­ցի։
Մա­ղա­քիա Ար­քեպս. Օր­մա­նեան իր «Ծի­սա­կան բա­ռա­րան»ին մէջ սա­պէս կը ներ­կա­յաց­նէ «Աշ­խար­հա­մատ­րան Կի­րա­կի»ն, բա­ցատ­րե­լով ա­նոր ի­մաս­տը եւ բնոյ­թը.

Ուրբաթ, Ապրիլ 13, 2018

Թրքական արդի գրականութեան տիրական անուններէն Ահմէտ Համտի Թանփընար երէկ ոգեկոչուեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ուր 1930-ական թուականներուն պաշտօնավարած էր՝ որպէս գրականութեան ուսուցիչ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 13, 2018

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Անուշ ձայն մը կը բախի լսողութեանս, շատ մօտ ու սրտամօտ: Կողքի սենեակէն երաժշտական գործիքներուն ձայնն է, որ կը հոսի ու կը տարածուի իր հունին մէջ խաղաղութեամբ հոսող առուակի մը պէս: Կ՚ըլլան չէ՛ պահեր, երբ մարմաջ մը կը պարուրէ էութիւնդ խաղաղ հնչիւններ լսելու:

Էջեր