Արխիւ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Ամանորի սեմին նախարար Զօհրապ Մնացականեան մէկտեղուեցաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018

Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու, ուր հիւրընկալուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին նախարարը անդրադարձաւ թէ՛ երկու երկիրներու եւ թէ անոնց ղեկավարներու բարեկամութեան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018

Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին նախընթաց օր հիւրընկալեց Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները։ Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի առթիւ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որուն Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան անունով մասնակցեցան լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան եւ դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018

Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ՝ երկաթուղիի մը եւ մայրուղիի մը կառուցման շուրջ։ Թեհրանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի Աստարա եւ Իրանի նոյնպէս Աստարա կոչուած շրջաններուն միջեւ պիտի կառուցուին մայրուղի մը ու երկաթուղի մը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ երէկ ստորագրուած հրամանագրերու հիման վրայ երկրի արտասահմանեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն ոմանց գլուխը անցան նոր անուններ։ Այս ծիրին մէջ Կարէն Նազարեան նշանակուեցաւ Վատիկանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարութիւններուն միջեւ լիակատար փոխըմբռնում գոյութիւն ունի յարաբերութիւններու ապագային մասին:
Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վլատիմիր Փութինի Մոսկուայի հանդիպման ընթացքին ամփոփուեցան վերջին ութ ամիսներուն տեղի ունեցած ծաւալուն քննարկումները:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Տղա՛ս, տունը հայերէն կը խօսինք. ամիս մըն է դպրոց կ՚երթաս, ամէն օր այս յանկերգը պիտի կրկնե՞նք, երբ տուն հասնիս:
-Mam, I like tomato in this sandwich, please put it in.

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբի անդամները, որոնք շնորհաւորութիւններ յղեցին Նոր տարւոյ եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2018

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ամանորի աւանդական տօնակատարութիւնը։ Այս առթիւ «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ համախմբուեցան հոգաբարձութեան անդամները, բժշկապետը, հաստատութեան յարակից յանձնախումբերու անդամները, բժշկական կազմը, մասնագիտական անձնակազմը, մնայուն բնակիչներն ու պաշտօնէութիւնը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2018

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախագահները քննարկեցին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ երկկողմանի ու բազմակողմանի ձեւաչափով համագործակցութեան օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակի ներկայ յոբելենական շրջանին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ կատարուած նախաձեռնութիւնը բացառիկ նշանակութիւն ունի բոլոր առումներով։ Աւելի քան դարէ մը ի վեր այս թերթը կը գոյատեւէ՝ ժամանակներու մէջ կերպարանափոխուելով, սակայն հաւատարիմ մնալով նաեւ իր հիմնադիրներու ուղիին, սկզբունքներուն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2018

Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ հրամանով:
Առաջին անգամ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի կողմէ աշխարհաբարի վերածուած՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրք-երկը
վերահրատարակուեցաւ՝ Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեանի ջանքերով եւ յայտնի պատմաբան փրոֆեսէօր Հրաչիկ Միրզոյեանի խմբագրմամբ: 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2018

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի կողմէ առաջին անգամ աշխարհաբարի վերածուած Նարեկի վերահրատարակութեան առթիւ որդիական զգացումներով կու գանք մեր ամենախորին երախտագիտութիւնը յայտնել Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, որու օրհնութիւնով ու հրամանով վերահրատարակուած է գիրքը։ Վեհափառ Հայրապետի ցուցաբերած վերաբերմունքը մեզ կը խրախուսէ Քասիմի աւանդին հաւատարիմ մնալու ճանապարհին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2018

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի կողմէ առաջին անգամ աշխարհաբարի վերածուած Նարեկի վերահրատարակութեան առթիւ որդիական զգացումներով կու գանք մեր ամենախորին երախտագիտութիւնը յայտնել Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, որու օրհնութիւնով ու հրամանով վերահրատարակուած է գիրքը։ Վեհափառ Հայրապետի ցուցաբերած վերաբերմունքը մեզ կը խրախուսէ Քասիմի աւանդին հաւատարիմ մնալու ճանապարհին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սա իրողութիւն մըն է, թէ այն որ բանականութիւն ունի, այն որ նիւթի մը մասին խորհելու կարողութիւն ունի, այն որ կարծիք մը ունի, բնական է որ արատայայտել ուզէ զայն։ Այս կը նշանակէ, թէ ամէն մարդ խօսիլ կ՚ուզէ։ Ամէն մարդ կը խօսի, բայց քիչեր են որ խօսելու կերպը գիտեն, քանի որ խօսի՛լն ալ արուեստ մըն է։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2018

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

«Քարանթինա»ն արաբացուած տարբերակն է Quarantaine բառին, որ կը նշանակէ քառասնօրեայ արգելափակման վայր: Արգելափակում՝ ո՛չ բանտարկեալի իմաստով:
Լիբանան հասած գաղթականները նաւահանգիստէն անմիջապէս կը փոխադրուէին վայր մը, ուր կը մնային 40 օր եւ բժշկական մանրակրկիտ քննութենէ անցնելէ եւ վստահ ըլլալէ ետք, որ որեւէ փոխանցիկ հիւանդութիւններով պիտի չվարակեն տեղացի ժողովուրդը, հրաման կը ստանային մուտք գործելու քաղաք: 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աստուած, երբ մարդը ստեղծեց, դրախտին մէջ, արդէն անոր համար պահք սահմանեց։
«Եւ Տէր Աստուած պատուիրեց մարդուն՝ ըսելով.- Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի եւ չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր, քանի որ այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս», (ԾՆՆԴ. Բ 16-17)։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2018

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի մէջ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ու արդիւնքներուն շուրջ բարձրացած փոթորիկը տակաւին չէ խաղաղած. քաղաքական բեմն ու անոր հետեւող մամուլը ամէն օր նորութիւն կը փնտռեն, եւ կը գտնեն, գնահատելու այս քայլը կամ դատափետելու մէկ այլ որոշում՝ սկսելով նոր խորհրդարանի դիւանին, յանձնաժողովներուն, նախարարութեանց եւ յարակից հարցերէն, ներքին ու արտաքին ընդդիմադիր ճակատներու ձեւաւորումէն, մինչեւ՝ իրաւական հետապնդումներ եւ գողօններու վերադարձ: Այս բոլորը «ներքին կարգով» քննարկելի եւ լուծելի հարցեր են, կը ստեղծեն իրաւ կամ խոշորացոյցով դիտուող մտահոգութիւններ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր արժէքներն ու բարքերը ահաւոր կերպով սկսած են անկում ապրիլ, եւ այդ անկումին որպէս հետեւանք դէմ յանդիման կը գտնուինք այնպիսի քաոսի մը, որ յայտնի չէ, թէ դէպի ո՛ւր կ՚երթայ այս ամէն ինչը:
Բարոյականութիւն, սկզբունք, արժէք, հաւատք, նուրիուածութիւն, հաւատարմութիւն, անկեղծութիւն, այս բոլորը կարծէք անցեալին վերաբերող երեւոյթներու վերածուած ըլլան, եթէ չըլլան մատներու վրայ հաշուող մարդիկ, որոնք խենթերու նման տակաւին կը շարունակեն կրել այս յատկութիւնները եւ հակառակ կեանքին պարտադրած պայմաններուն, ամուր կառչած կը մնան այս յատկութիւններուն, հաւատարիմ մնալով իրենց մարդ կոչումին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2018

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին ընդառաջ երէկ անցուցին հաճելի օր մը։ Տղաքը հաւաքաբար այցելեցին «Աքուափարք», Ֆլորիա։

 

Էջեր