Արխիւ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015

2015 թուականի մթնոլորտին մէջ Եւրոպական խորհրդարանը երէկ հերթական բանաձեւ մը ընդունելով վերահաստատեց իր դիրքորոշումը հայկական հարցին շուրջ:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ կառոյցը գերազանցած է իր լիազօրութիւններու սահմանը եւ որոշումը անյարիր է միջազգային իրաւունքին:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան ա­մէն շրջա­նին՝ գա­ղա­փա՛րն է, որ բարձր բռնած է մար­դուն ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւնն ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը, քա­նի որ գա­ղա­փա­րի եզրն է, որ մարդս կը բարձ­րաց­նէ եւ կը զա­տէ միւս բո­լոր ապ­րող էա­կա­նե­րէ։ Ար­դա­րեւ գա­ղա­փա՛րն է, որ ըն­թա­ցքը կ՚ո­րո­շէ կեան­քին եւ մարդս կ՚ուղ­ղէ նպա­տա­կի մը՝ հասկ­նա­լու կեան­քին ի­մաս­տը իր բո­լոր ե­րես­նե­րով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ոչ միայն այս տա­րուան, այլ նաեւ հե­տա­գայ դա­րե­րու հա­մար մե­ծա­գոյն ի­րա­դար­ձու­թիւն էր 12 Ապ­րի­լին Վա­տի­կա­նի Ս. Պետ­րո­սի տա­ճա­րին մէջ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին կող­մէ Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի հռչա­կու­մը իբ­րեւ «Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պե­տ»: Այդ շնոր­հու­մով հայ գրա­կա­նու­թեան վե­րած­ննդեան հիմ­նա­դիր եւ հայ ի­մաս­տա­սի­րու­թեան մտքի գա­գաթ նկա­տուող Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին դար­ձաւ այն ա­նուն­նե­րէն մէ­կը, ո­րուն տրուե­ցաւ այս խիստ բա­ցա­ռիկ պա­տուա­ւոր կո­չու­մը, որ 2000-ա­մեայ քրիս­տո­նէա­կան պատ­մու­թեան մէջ երեսունվեց ան­ձե­րու տրուած է միայն:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն եւ մեր գե­ղա­րուես­տա­կան կեան­քի ծա­նօթ ա­նուն­նե­րէն մին՝ Կա­րօ Այ­վազ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015

Շիշլիի գերեզմանատունէն Ասպետ Ջունդի ստեղծագործութիւնները կը պակսին՝ Կարօ Համամճեանի ատենապետած յանձնախումբի պաշտօնավարութեան շրջանէն ի վեր:
Այժմու պատասխանատուներուն բացատրութիւններով, նորոգութեան ուղարկուած այդ պաստառները շուրջ ամիս մը վերջ վերստին պիտի զետեղուին իրենց տեղը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015

Ռու­սաս­տա­նի Ազ­գա­յին ֆիլ­ար­մո­նիք նուա­գա­խում­բի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար ու գլխա­ւոր վա­րիչ, աշ­խար­հահռ­չակ ջու­թա­կա­հար եւ խմբա­վար Վլա­տի­միր Սփի­վա­քով նա­խըն­թաց օր ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015

Թուր­քիոյ Ֆութ­պո­լի հիմ­նար­կի նո­րըն­տիր վար­չու­թիւ­նը գու­մա­րեց իր անդ­րա­նիկ նիս­տը։ Ճան­տէ­միր Պերք­մա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած այս վար­չու­թեան փոխ-նա­խա­գահ­նե­րէն մին է Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2015

​Հանրապետութեան նախագահը երէկ ծանր ոճով ձայն բարձրացուց Վատիկանի կողմէ հնչած տեսակէտներուն դէմ:
Էրտողան զառանցանք որակեց հայկական հարցին շուրջ Ս. Պապին կողմէ շաբաթավերջին կատարուած յայտարարութիւնները:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2015

​Պատրիարքարանի երդիքին տակ երէկ առաւօտ կազմակերպուեցաւ պատմական նշանակութեամբ ստորագրման արարողութիւն մը:
Գալֆաեանն ու Դպրեվանքը թուղթի վրայ պաշտօնապէս պիտի մնան երկու անջատ կառոյց, բայց գործնականին մէջ պիտի նոյնանան բոլոր առումներով։ Համայնքային շրջանակները կ՚ողջունեն ստեղծուած համագործակցութեան մթնոլորտը եւ անով պայմանաւորուած փայլուն հեռանկարները:
Տոց. Թորոս Ալճանի բացատրութիւններով, այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը հետամուտ է կրթական աշխարհի փոփոխեալ չափանիշներուն այլեւս քայլ յարմարցնելու եւ թրքահայ կեանքէն ներս միասնականութեան ոգիով գործելու մշակոյթի վերահաստատման:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2015

​Գալֆաեան Տան եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնները երկար ջանքերէ մը վերջ որոշեցին ծրագրաւորեալ ձեւով միացնել երկու կրթօճախներու ճակատագիրը:
Սկիւտարի մէջ կը նախատեսուի յառաջիկայ շրջանին կրթական նոր եւ ընդարձակ համալիրի մը կառուցումը՝ երաշխաւորելու համար երկու վարժարաններուն ապագայ առողջ գոյատեւումը:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Կրթա­կան բնա­գա­ւա­ռը թրքա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մօտ եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր նոյ­նա­ցած է քա­րա­ցած խնդիր­նե­րով։ Վէրք մը, որ կը կոտ­տայ շատ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր ու չի սպիա­նար դժբախ­տա­բար։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2015

Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­կիի եւ հայ­կա­կան ա­ռա­ջին տպա­գիր Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի յո­բե­լեան­նե­րը պի­տի նե­րա­ռո­ւին UNISCO-ի յո­բե­լեան­նե­րու ցան­կին մէջ: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումով, այս մա­սին, յայտ­նած են Հայաստանի Մ­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու բա­ժ­նէն:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ երկ­խօ­սու­թեամբ միայն կը հաս­նի ճշմար­տու­թեան, ան այս մի­ջո­ցով է, որ կրնայ գտնել ճշմար­տու­թիւ­նը եւ եր­ջան­կու­թիւ­նը՝ զորս ան­դա­դար փնտռած է դա­րե­րէ ի վեր։ Մար­դուն ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան ա­մե­նավ­սեմ ե­րե­ւոյ­թը կը գտնուի մար­դուն Աս­տու­ծոյ հետ հա­ղոր­դակ­ցե­լու կո­չու­մին մէջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2015

Նկար­չու­հի Նուարդ Եըլ­տըզ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան բա­ցաւ ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէս մը՝ Լե­ւեն­տի թե­նի­սի ա­կում­բին մէջ։ Ցու­ցա­հան­դէ­սի այ­ցե­լու­նե­րը կը ծա­նօ­թա­նան Նուարդ Եըլ­տը­զի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ընդ­հան­րա­պէս ներշն­չուած են բնու­թե­նէն, նաեւ կը ցո­լաց­նեն Իս­թան­պու­լի տե­սա­րան­ներ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2015

Շիշ­լի մար­զա­կում­բը նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կած է կեան­քի կո­չե­լու հա­մար «Նո­րա­ծա­գում» խո­րագ­րեալ ծրագ­րի մը, ո­րով կը նա­խա­տե­սուի կազ­մա­կեր­պել սի­րոյ սե­ղան մը եւ ստեղ­ծել զօ­րակ­ցու­թեան մթնո­լորտ։ 1946 թուա­կա­նին հիմ­նուած այս մար­զա­կում­բը յա­ռա­ջի­կայ տա­րի պի­տի թե­ւա­կո­խէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը, ո­րուն ըն­դա­ռաջ կը ձգտի ամ­րապն­դել իր գոր­ծած են­թա­գե­տի­նը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը վեր­ջին օ­րե­րուն ո­գե­կո­չեց թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի բա­րե­յի­շա­տակ հիմ­նա­դիր Զե­նոբ Է­ֆէն­տի Մէ­րա­մէթ­ճեա­նը։ Ան­ցեալ Կի­րա­կի, Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի, մաս­նա­ւոր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով ո­գե­կո­չուե­ցաւ լու­սա­հո­գի բա­րե­րա­րը, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Թա­թուլ Ծայրագոյն Վարդապետ Ա­նու­շեա­նի։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Քրիս­տոս ե­կաւ աշ­խար­հին իր՝ ամ­բողջ սի­րով ու խո­նար­հու­թեամբ, բայց մար­դոց սիր­տը եւ հո­գին լե­ցուած էր աշ­խար­հիկ տե­սակ տե­սակ հրայրք­նե­րով, զա­նա­զան զբա­ղում­նե­րով՝ ուր տեղ չկար սի­րոյ, խո­նար­հու­թեամբ ի­րեն տեղ փնտռող Քրիս­տո­սի ան­կեղծ սի­րոյն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2015

Ա­մե­րի­կա­հայ հե­ռուս­տաաստղ Քիմ Քար­տա­շեա­նի եւ ըն­տա­նի­քին Հա­յաս­տան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ար­ժա­նա­նալ ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։ Շա­բա­թա­վեր­ջին Քիմ Քար­տա­շեա­նի եւ հա­րա­զատ­նե­րուն շրջայ­ցին հա­մա­հա­ւա­սար հե­տաքրքրու­թիւն ստեղ­ծեց նաեւ ա­մուս­նոյն՝ ռեփ ե­րաժշ­տու­թեան յայտ­նի աստղ Քան­յէ Ո­ւես­տի ե­լոյ­թը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2015

Եւ­րո­խոր­հուր­դի Խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Անն Պրա­սէօր ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր օ­րուան ըն­թաց­քին մէկ­տե­ղուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Անն Պրա­սէօր Ե­րե­ւա­նի մէջ յայտ­նեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի լուծ­ման միակ ու­ղին կը հա­մա­րուի երկ­խօ­սու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2015

2015-ի տա­րե­լի­ցին շրջագ­ծով Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ հրա­տա­րա­կուե­ցան տասն­հինգ գիր­քեր։ 100-րդ տա­րե­լի­ցի ձեռ­նարկ­նե­րուն շրջագ­ծէն ներս, ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս գիր­քե­րուն շնոր­հան­դէ­սը։

Էջեր