Արխիւ

Ուրբաթ, Փետրուար 22, 2019

Ուժանիւթի նախարար Ֆաթիհ Տէօնմէզ Պաքուի մէջ մասնակցեցաւ Հարաւային կազի նրբանցքի խորհրդակցական մարմնի ժողովին։ Իր տեսակին մէջ հինգերորդ այս հաւաքին ժամանակ նախարարը ելոյթ մը ունեցաւ բացման նիստի ընթացքին։

Ուրբաթ, Փետրուար 22, 2019

Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ ստորագրուեցաւ 2019-ի ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը:
Փաշինեան կարեւորեց հաւասարակշռուած դիրքորոշումը տարածքաշրջանային հակամարտութիւններու կապակցութեամբ:

Ուրբաթ, Փետրուար 22, 2019

«Միջնորդներու այցի նպատակն է ծանօթանալ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման մանրամասնութիւններուն»:
ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը լաւատես՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ:

Ուրբաթ, Փետրուար 22, 2019

Պատրիարքական Աթոռը երէկ հանդէս եկաւ նախաձեռնութիւնով մը, որով կանխուեցաւ քրիստոնեաներու տեսակէտէ վիրաւորական երեւոյթ մը, գեղարուեստի պատրուակով։ Այսպէս, վերջին օրերուն համացանցի վրայ շրջանառութեան մէջ մտած էր աշխարհահռչակ նկարիչ Լէոնարտօ տա Վինչիի նշանաւոր Վերջին ընթրիքի կտաւին աղաւաղուած ձեւը։

Ուրբաթ, Փետրուար 22, 2019

Նորոգ հանգուցեալ ազգային բարերար Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի մահուան ստեղծած ցաւը կը շարունակէ մնալ հայաշխարհի օրակարգին վրայ։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի կեդրոնին մէջ սգոյ տոմար մը բացուած է Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի համար։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019

Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածուն երէկ այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը:
Մուսթաֆա Սարըկիւլ միշտ հաւատարիմ՝ անխտիր ծառայութիւն մատուցելու սկզբունքին:

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019

Յայտնի սրտաբան ու ներքին հիւանդութեանց մասնագէտ Տքթ. Արէտ Լազօղլու երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Տեղւոյն թաղային խորհուրդին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Բժշկութեան օրեր»ու ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ նախագահեց Խորհրդակցական մարմնի ժողովին։ Սա Խորհրդակցական մարմնի 2019 թուականի առաջին նիստն էր։ Բացման աղօթքէն վերջ նորին սրբազնութիւնը ողջունեց ժողովականները, որոնց բացատրութիւններ տուաւ Անգարայի մէջ պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ տեղի ունեցած հանդիպման առընչութեամբ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Մեծահարուստ մարդ մը կար, որ բեհեզ եւ ծիրանի հագուստներ կը հագնէր եւ ամէն օր փառաւոր խնջոյք կ՚ընէր» (ՂՈՒԿ. ԺԶ 19)։ Քրիստոս, «մեծահարուստ» մը կը ներկայացնէ այս լակոնական տողերով։ Եւ երբ կը կարդանք այս աւետարանական հատուածը, կը հարցնենք, թէ ինչի՛ մէջ կը կայանայ ճշմարիտ «հարստութիւն»ը, քանի որ Քրիստոսի համաձայն. «մարդուս ստացուածքներուն առատութենէն կախեալ չէ իր կեանքը» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 15)։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօրուան մեր ընկերութիւնը լեցուն է զանազան եւ բազմաթիւ հոսանքներով ու ուղղուածութիւններով, որոնց ծագումը առաջին հայեացքով այդքան ալ յստակ չէ, բայց բաւարար է քիչ մը ուսումնասիրել եւ շուտով կը հասկնանք, թէ գրեթէ բոլորին ծնունդն ալ մէկն է՝ սատանան, որովհետեւ անոնց գործունէութիւնը մի միայն կը ծառայէ սատանայի շահերուն ու անոր կամքին:

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019

Տեսակցեցաւ՝ 
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Օրերս պատիւն ունեցայ հիւրընկալուելու եւ հաճելի ու տպաւորիչ զրոյցի բռնը-ւելու պոլսահայ համայնքի երիցագոյն մտաւորականներէն՝ 94-ամեայ գրող Լիժի Փուլճու Չիզմեճեանին հետ։ 
Անյագուրդ կը կարդամ Տիկին Լիժիի «Իսթանպուլի մէջ կորստեալ ժամանակներ» գիրքի երկրորդ հատորը, զոր ընթերցողը կը հրապուրէ իւր ինքնատիպ, անմիջական ու ջերմ ոճով։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019

Թաքսիմի «Կեզի» ճեմապարտէզին մէջ 2013 թուականին պատահած դէպքերուն վերաբերեալ ամբաստանագիրը երէկ հրապարակուեցաւ։ Մեղադրականը կը վերաբերի 16 մեղադրեալներու։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019

Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ երէկ Պրիւքսելի մէջ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէրի հետ ունեցած հանդիպումէն վերջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան տեղեկացուց, որ BREXIT-ի շուրջ Եւրոյանձնաժողովի հետ տեղի ունեցած բանակցութիւններու արդիւնքով արձանագրուած է յառաջընթաց։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

«Սէր»ը տիեզերքի մեծագոյն գաղափարներէն մին է, որուն մասին մտածելը միայն ու միայն մարդկութեան տրուած շնորհք մըն է։ Բնութեան մէջ առհասարակ կարելի է նկատել, թէ շնչող եւ ապրող իւրաքանչիւր կենդանի, իրեն համաձայն սիրոյ արտայայտութիւն մը ունի, բայց միայն մարդն է, որ կը տեսնէ այս բոլորը, երբեմն կը մտածէ իր տեսածներուն մասին եւ ի վերջոյ կը ջանայ այս բոլորը՝ անձնական զգացումներուն ու փորձառութիւններուն միացնել։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները Երեւանի երէկուան շփումներէն վերջ անցան Պաքու:
Միջնորդները ներկայիս պատրաստութիւն կը տեսնեն գործընթացի յառաջիկայ քայլերուն եւ հանդիպումներուն շուրջ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019

Ազգային բարերար, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախկին նախագահ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած է ամբողջ հայաշխարհին մէջ։ Մինչ հայ ժողովուրդը կը սգայ այս կորուստը, երէկ ցաւակցականներ հրապարակեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019

Պուլկարահայ համայնքէն երեք գործիչներ այս օրերուն կ՚այցելեն քաղաքս։ Անոնք են՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Պուլկարիոյ թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Անդրանիկ Շաքարեան, Փլովտիւի մօտ նախկին պատուոյ հիւպատոս Եղիազար Ուզունեան եւ համայնքի յայտնի դէմքերէն Աղաւնի Գէորգեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար վաղը պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ:
«Երբ որ տեղն ու ժամանակը գայ, Թուրքիա Եփրատի արեւելքին անպայման վերջ պիտի տայ ԵՓԿ-ի սպառնալիքին»:

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019

Պիւյիւքտէրէի «Ֆուատ փաշա» ապարանքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ կանանց հաւաքոյթ մը։ Դպրոցի ծնողաց միութեան եւ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս «պրանչ»ը համախմբեց մեր համայնքէն շուրջ 300 տիկիններ, որոնք փութացած էին զանազան թաղերէ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիա այ­լեւս ա­ռան­ձինն չի կրնար դի­մադ­րել հա­ւա­նա­կան նոր գաղ­թա­կան­նե­րու ա­լի­քի մը։ 
Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Չը­րա­ղա­նի պա­լա­տին մէջ Պու­տա­փեշ­տի գոր­ծըն­թա­ցի վե­ցե­րորդ նա­խա­րա­րա­կան հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րը հիւ­րըն­կա­լուե­ցան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ։

Էջեր