Արխիւ

Երեքշաբթի, Փետրուար 5, 2019

Աշխատասիրեց՝
ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

ԻՆՉՊԷՍ որ աշխարհային բաները փնտռելու, գործածելու եւ վայելելու համար կարեւոր է զգաստութիւնը, նոյնպէս կարեւոր է նեղութեան մէջ: Թէ՛ բախտաւորութեան եւ թէ դժբախտութեան մէջ մարդ պարտաւոր է հաւասար հոգի կրել եւ երբեք բանականութեան եւ արդարութեան սահմանը չանցնիլ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 5, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ընդամէնը ամիսներ առաջ Երեւանի մէջ լոյս տեսած այս հատորը կը նուիրուի 2015 թուականին կեանքէն հեռացած ֆրանսահայ գրող, մամուլի նուիրեալ Արփիկ Միսաքեանին, որ դուստրն է «Յառաջ»ի հիմնադիր Շաւարշ Միսաքեանի եւ հօր մահէն յետոյ ստանձնած է թերթի խմբագրի պաշտօնը, մինչեւ «Յառաջ»ի փակուիլը՝ 2009 թուականը: Ֆրանսայի մէջ 1925-2009 թուականներու միջեւ լոյս տեսած «Յառաջ» թերթը սփիւռքի կարեւորագոյն թերթերէն մին էր, որու թիւերը այսօր պատմական նշանակութիւն ունին հայ մամուլն ու սփիւռքը ուսումնասիրողներուն համար:

Երկուշաբթի, Փետրուար 4, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Որ ո՛չ կորուսանել զմարդկան ոգիս այլ կեցուցանել»։ (Գրիգոր Նարեկացի-Նարեկ, Բան ԽԱ)։
«Դուն որ եկար ո՛չ թէ կորսնցնելու՝ այլ ապրեցնելու մարդոց հոգիները»։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի այսպէս կ՚աղօթէ երբ ներում կը խնդրէ Յիսուս Քրիստոսէ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 4, 2019

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 

17 նոյեմբեր 2018-էն սկսեալ բողոքի զանգուածային ցոյցեր սկսան Ֆրանսայի մէջ՝ ընդդէմ նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի յայտարարած՝ վառելանիւթի գիներու բարձրացումի որոշումին:
Ցոյցերուն կազմակերպումը ստանձնած է, այսպէս կոչուած, «Դեղին բաճկոններ»ու շարժումը:

Երկուշաբթի, Փետրուար 4, 2019

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ամերիկացիք կէս շունչ մը քաշեցին անցեալ շաբաթավերջին, երբ նախագահ Թրամփ համաձայնեցաւ «վերաբանալ կառավարութիւնը»՝ սպասելով, որ յառաջիկայ երեք շաբաթներուն կարելի ըլլայ լիարժէք համաձայնութիւն մը գոյացնել շոգեկառքը բնական ընթացքի մէջ դնելու համար:

Երկուշաբթի, Փետրուար 4, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանեան լուրերուն հետեւողներուս համար յառաջիկայ օրերը պիտի ըլլան ոչ-սովորական։ Այն իմաստով, որ ամբողջ ինն ամիս լրատուական ծառայութիւններուն համար թիւ մէկ նիւթը հանդիսացող կառավարութեան կազմութեան տագնապը կը հասնէր իր աւարտին։

Երկուշաբթի, Փետրուար 4, 2019

Փետրուարի 1-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հովուապետական այցով ժամանեց Աւստրալիայի եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 4, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան խնդիրը այսօր դարձեալ գետի նման կը վարարի համայնքի օրակարգին վրայ։ Ուշադրութեան սլաքը ուղղուած է դէպի Անգարա։ Վերջին 11 տարիներու իրադարձութիւններու ամբողջին մէջ, միանշանակօրէն, կ՚առանձնանայ այսօրուան ժամադրութիւնը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 4, 2019

Անգարայի ղեկավարութիւնը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը շփման մէջ կ՚անցնին՝ պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան 11 տարուան վաղեմութեամբ հարցին շուրջ: Երկխօսութեան գետին:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս առաւօտ հիւրընկալեց Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանն ու Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեանը, որոնք իր հետ կը տեսակցին՝ որպէս Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի ներկայացուցիչները: Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան:

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019

Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ հետզհետէ կը ձեւաւորուի համագործակցութեան յստակ օրակարգ մը։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Անկելա Մերքէլ երէկ Պերլինի մէջ աշխատանքային ճաշի ձեւաչափով ծաւալեցին կարեւոր քննարկումներ։

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Խորագիրը ձեր միտքը թող չպղտորէ: Այս մէկը ո՛չ Թումանեանի հեքիաթներէն մէկն է եւ ո՛չ ալ հայերէնի դասագիրքէ փրցուած էջ մը: Միտքս պարզեմ:

 

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վերջին տարիներուն բազմաթիւ ամպիոններէ լսելի դարձաւ այն, որ սփիւռքահայ երիտասարդներու Հայաստան գալ-ապրելու երեւոյթը սկսած է նոր թափ ստանալ։ Եթէ հաշուի առնենք յատկապէս Միջին Արեւելեքի հայագաղութները, ապա յստակօրէն պիտի նշմարենք, որ այդ գաղութներուն մէջ միայն ապահովական կամ Մերձաւոր Արեւելքէն «հեռանալու» գաղափարը չէ, որ կը մղէ մեր երիտասարդները Հայաստան տեղափոխուիլ։

 

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019

Toplumsal Tarih ամսագիրը, որ լոյս կը տեսնէ Պատմութեան հիմնարկի (Tarih Vakfı) հովանիին ներքեւ, արդէն թողարկած է իր 302-րդ թիւը։ Սա բացառիկ համար մըն է, որ կը բովանդակէ «Աշխարհամարտ, զինադադար եւ բռնագրաւում» խորագրեալ թղթածրար մը

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ լրագրող-բանաստեղծուհի Վերճիհան Զիֆլիօղլու հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Beni Unutma Rusyam»։ Այս գիրքը շուրջ եօթ տարուան ընթացքին հեղինակին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ պատրաստուած է։

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աւետարանի մէջ (ՄԱՏԹ. ԻԲ 2-14) եւ (ՂՈՒԿ. ԺԴ 16-24) երբ կը խօսուի «հարսանեկան խրախճանք»ի մասին, ուր շատեր մերժած են մասնակցիլ անոր, կը խորհրդանշէ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։ Ուստի խրախճանքի համար «Մորթուած զուարակ»ը, այսինքն մատաղ ցուլը՝ Ի՛նքն՝ Աստուծոյ Գառն է, որ զոհուեցաւ մեզի՝ մեղաւորներու փրկութեանը համար, որպէսզի լիանանք Անոր Սուրբ Մարմնով եւ Արեամբ, եւ միանանք Անոր հետ ամենասերտ միութեամբ, եւ ըլլանք մարմին՝ Անոր Մարմինէն եւ ոսկոր՝ Անոր Ոսկորներէն, ինչպէս որ հարկ է հարսին՝ Եկեղեցին։

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019

Երգահան Կոմիտաս Վարդապետի եւ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակները ներառուած են ԻՒՆԷՍՔՕ-ի յոբելենական իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ:

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019

Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի Նորարարութեան եւ արհեստագիտութիւններու առաջին տարածքաշրջանային զբօսավայրը: Անիկա պիտի դառնայ ապագայի աշխատավայր աւելի քան 6 հազար առաջատար մասնագէտներու համար, որոնք պիտի նպաստեն տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները տնտեսութեան առաջատար ճիւղերու մէջ ամբողջապէս ընդելուզելու ու նորարարական լուծումներ առաջարկելու գործընթացին, ինչպէս նաեւ ճարտարագիտական, ելեւմտական, դրամատնային, առողջապահական, ապահովագրական, ռազմական, գիւղատնտեսական, հանքաարդիւնաբերական, լրատուադաշտի եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտներու մէջ։

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019

Այս տարուայ ամրան նախատեսուած են Համահայկական 7-րդ խաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան օգոստոսին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Համահայկական խաղերու բացման արարողութիւնը 6  օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի մէջ։

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019

Եւրոմիութիւնը կը պատրաստուի խորհրդաժողով մը կազմակերպել Սուրիոյ տագնապին շուրջ։ Իր տեսակին մէջ երրորդ այս խորհրդաժողովը նախատեսուած է Պրիւքսելի մէջ, 12-14 մարտին։

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կարգադրութեամբ՝ Աւետ Ադոնց նշանակուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համապատասխան որոշումը երէկ հրապարակուեցաւ պատկան մարմիններուն կողմէ։ 

Էջեր