Արխիւ
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Խաչվերացի տաղաւարին հասած ենք արդէն։ Մեր եկեղեցական օրացոյցին համաձայն կը տօնենք Սուրբ Խաչին ընծայուած տօներէն մեծագոյնը, յիշելով Է. դարուն պատահած կարեւոր դէպք մը, որ է Խաչափայտին ազատագրումը Պարսկական գերութենէն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ազգային երգերու լիբանանահայ երիտասարդ մեկնաբան՝ Նժդեհ Պոտրումեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն։
-Սիրելի Նժդեհ, ի՞նչ նպատակով կը գտնուիս Հայաստան:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու Պոմոնթիի Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Շուշան Սվասլըօղլուն։ Հիւրերը Պատրիարքարան այցելած էին՝ ծանօթութիւններ փոխանցելու համար ձեռնարկի մը շուրջ, որ նախատեսուած է յառաջիկայ 7 հոկտեմբերին։
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր արձագանգ կը հանդիսանայ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած հովիւ Ումութ Ալի Էօզմէնի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։ Ինչպէս ծանօթ է, ան միջոց մը առաջ Կարսի շրջանէն խախտած էր Հայաստանի սահմանը։
Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիա երէկ Թիֆլիզի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպերմանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու նախարարները ստորագրեցին հռչակագիր մը՝ պաշտպանութեան ոլորտէ ներս կողմերու համագործակցութեան ամրապնդման շուրջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ։ Էլիզէի պալատին մէջ Նիկոլ Փաշինեան կը հիւրընկալուի Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։
Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս քրիստոնեաներու տեսակէտէ կարեւոր ժողով մը:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ հանդիպման մասնակցեցան դիւանապետն ու կալուածոց տեսուչը:
Թուրքիա-Ղազախիստան բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի նիստ:
Նախագահ Էրտողան. «ՖԵԹԷՕ կազմակերպութիւնը սպառնալիք մըն է այն բոլոր երկիրներուն համար, ուր կը գործէ»:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Ուիսքանսըն նահանգի Մարքըսմըն քաղաքի երկրորդական վարժարանի աշակերտներէն մին՝ 15 տարեկան Մեթիու Շունեքըր, իր տնօրէնին դէմ դատ բացած է, որովհետեւ իրեն արգիլած է զէնքերով զարդարուած (տեսնել նկարը) իր սիրած շապիկը հագնիլ։ Երբ Մեթիու չէ հնազանդած տնօրէնին հրահանգին, ան պատժուած է երկու օրուան մեկուսացումով, յատուկ խցիկի մը (cubicle) մէջ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը երէկ այցելեց Հրէից խախամապետարան:
Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան շնորհաւորութիւններ փոխանցեց րաբունապետ Հալեւային:
Կը տեղեկանանք, որ վերջին օրերուն վիրահատութեան մը ենթարկուած է համայնքային յայտնի բարերար Արէտ Երկանեան։ Որոշ ժամանակէ մը ի վեր Արէտ Երկանեան կը տառապէր մէջքի շրջանի սաստիկ ցաւերէ, որոնց հետեւանքով հասած էր գրեթէ անշարժունակութեան եզրին։
Türkiye Ermeni Okulları Birliği adı verilen girişim çerçevesinde, cemaat basını aracılığıyla izlediğim çalışmaların genel gidişatıyla ilgili derin bir endişe taşıdığımı kamuoyuyla üzülerek paylaşmaktayım. Geçtiğimiz günlerde bu kapsamda düzenlenen çalıştay esnasında ismimin ima edilmesi, bu girişimin VADİP şemsiyesi altında yürütüldüğünün belirtilmesi bu açıklamayı zorunlu kılmış bulunmaktadır.
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Այս աշուղական երգին հնչիւնները յաճախ կարելի է լսել Հանրապետութեան հրապարակին զուգահեռ, Նալպանտեան փողոցի անցումին մուտքէն իսկ: Վաթսունն անց, սպիտակահեր տղամարդ մը, իր տեղը գրաւած է անցումին աստիճաններուն անմիջապէս վարի անկիւնը եւ քամանչան ձեռքին կը նուագէ յուզառատ մեղեդայնութեամբ. քամանչային պատեանը դէմը դրած, անցորդներուն սրտաբուխ կոպեկները նուէր ստանալով:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց Շիրակի թեմէն մեկնած ուխտաւորներ։ Մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ Նորին Սրբութիւնը մէկտեղուեցաւ Կիւմրիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ուխտաւորներուն հետ՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Վարուժան Քհնյ. Տէրտէրեանի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Baruch Spinoza (1632-1677), Աստուծոյ երկրի վրայ ըլլալու մասին իր տեսակէտով աննախընթաց գաղափար մը յայտնած է։ Մինչդեռ կրօններու մեծամասնութիւնը Աստուած նկատած եւ նկարագրած են գերբնական եւ գերաշխարհիկ Էակ մը՝ Անձ մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իր ամենալայն առումով, «բարոյականութիւն»ը մարմնաւորումն է բարիին՝ գեղեցիկին՝ ճշմարիտին եւ արդարին, որ կը ներկայացնէ բարոյական բարձր արժէք մը՝ բարձրութիւն, ազնուութիւն, առաքինութիւն եւ գիտակցութիւն։
Իսկ «բարոյագիտութիւն»՝ «éthique» կը նշանակէ՝ փիլիսոփայական ուսմունք բարոյականութեան՝ որպէս հասարակական գիտակցութեան ձեւերէն մէկուն մասին՝ բարոյական կանոններ՝ սկզբունքներ քարոզող խրատաբանութիւն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Թող կատարուի Քու կամքդ, ինչպէս որ երկինքի մէջ՝ այնպէս ալ երկրի վրայ»:
Տէրունական աղօթքի աստուածային խնդրանքներուն վերջինն է այս խնդրանքը, որով մեր Փրկիչը կը սորվեցնէ մեզի խնդրել, որպէսզի մեր Հօր Աստուծոյ կամքը կատարուի երկրի վրայ ալ, ինչպէս որ կը կատարուի երկինքի մէջ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յայտնի երգիչ Պարթեւ Կարեան համերգի մը համար հրաւիրուած է Նիւ Եորք։ Ծանօթ է, որ Պարթեւ Կարեան մեր համայնքէն ներս ամենասիրուած ու նախնտրուած մենակատարներէն մին ըլլալու առընթեր սփիւռքի մէջ ալ ունի իր համակիրներու շրջանակը եւ ամէն տարի զանազան առիթներով կը հրաւիրուի արտասահման։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի Հայաստանը առաջին անգամ կը միանայ Համաշխարհային մաքրութեան օրուան, որ ամէն տարի տեղի կ՚ունենայ սեպտեմբեր ամսուն եւ այս տարի այդպիսի օր հռչակուած է 15 սեպտեմբերը:
2008 թուականէն ի վեր շարունակուող Համաշխարհային մաքրութեան օրուան շարժումին միացած է 150 երկիր. ինչպէս՝ Միացեալ Նահանգներ, Արժանթին, Աւստը-րալիա, Պելժիա, Պրազիլ, Գերմանիա, Սպանիա, Ինտոնեզիա, Իրլանտա, Իտալիա, Իրան, Գանատա, Հարաւային Ափրիկէ, Յորդանան, Ղազախիստան, Ճաբոն, Ռուսաստան, Վիեթնամ, Ֆրանսա եւ այլ երկիրներ:
Պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմինը ժողով մը գումարեց՝ Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ:
Գումգաբուի երէկուան բազմակողմանի քննարկումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան պոլսահայ կրթական համակարգի առկայ հրատապ խնդիրները: