Արխիւ
Յայտնի մորթաբանին հրաժեշտը՝ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեան յաւերժութեան ուղեւորուեցաւ՝ հոծ թիւով սգաւորներու աղօթակցութեամբ եւ արտասուքով:
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը դարձեալ խանդավառ պատրաստութիւններու շրջանի մը մէջ է։ Միութեան երդիքին տակ մարալցիները այս շրջանին ընդհանուր փորձեր կ՚իրականացնեն բարձր տրամադրութեամբ։
Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը մեկնաբանեց Սանասարեանի դատավճիռը:
Ըստ Պետրոս Շիրինօղլուի, երախտագիտութիւն պէտք է ցուցաբերել պետութեան դրական վերաբերմունքին համար եւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նկատմամբ, որ տարաւ հետեւողական աշխատանք:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ռաս ալ Հայմի էմիր, Շէյխ Սաուտ պըն Սաքր ալ Ղասիմի բացումը կատարեց startup վեհաժողովին, որ առաջին անգամն ըլլալով կը կայանայ էմիրութեան Ալ Մարիան կղզիին մէջ:
Ծովեզերեայ startup վեհաժողովը առաջինն է, զոր «Startup Հայաստան» հիմնա-դըրամը կը կազմակերպէ Հայաստանի սահ-մաններէն դուրս:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Գալիֆորնիոյ ծովեզերեայ Սանթա Մոնիքա քաղաքի բնակիչներէն Միշէլ Թրիթըն՝ եոկայի (Yoga) ուսուցիչ է։ Եոկայի իր դասընթացքը սակայն տարբեր է ուրիշ դասընթացքներէ այն առումով, որ անոր դասարանը ազատ մուտք ունին այծերը, որոնք կը դեգերին քիչ մը ամէն տեղ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թրամփի վարչակարգը վճռած է մօտէն հետեւիլ Միջին Արեւելքի զարգացումներուն: Այդ անշուշտ չի նշանակեր, որ մինչեւ հիմա Միացեալ Նահանգներ «բարձիթողի» ըրած էր խնդիրները Միջին Արեւելքի, ուր շատ մը պարագաներու ինք, որպէս ոչ-օրկանիք մարմին մը կը մասնակցի դէպքերու հոլովոյթին։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ՝ իր գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեանին տեղեկացուց, որ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու ըլլալու առաջարկը։
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ռեքս Թիլըրսըն երէկ հանդէս եկան համատեղ կարեւոր յայտարարութիւնով մը:
Թուրքիա եւ ԱՄՆ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ճանապարհին առաջնահերթութիւն պիտի ընծայեն Մենպիչի հարցին:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Տեառնընդառաջի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ մասնակցեցան արարողութեան, որու ընթացքին նորին սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։
Երէկ երեկոյեան Էսաեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ միջմիութենական բանաստեղծութեան մրցոյթ մը, որ ձօնուած էր գրող Զարեհ Խրախունիի յիշատակին։ Մրցոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, որ միեւնոյն ժամանակ վարեց հանդիսավարի պաշտօնը։
Նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ մորթաբանը ցաւ ի սիրտ կը յուղարկաւորուի այս շաբաթավերջին:
Բժշկական աշխարհը կը սգայ Փրոֆ. Տքթ. Յակոբ Կոթողեանի մահը՝ վերջին յարգանքի վառ արտայայտութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տարի մը առաջ, 2017 թուականի Փետրուարին, Սուրիոյ կառավարական ուժերը թէժ մարտեր մղելէ ետք յաջողեցան ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) տիրապետութենէն ազատագրել Հոմսի արեւելեան հատուածին մէջ եղող «Թայֆուր» զինուորական օդակայանը:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Աստուած Տասնաբանեայ պատուիրաններուն մէջ կը թելադրէ Իսրայէլի որդիներուն ու աղջիկներուն՝ ըսելով. «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ» (Ել 20.21։ Բ.Օր 5.16), «որպէսզի միշտ բարիք գտնես եւ երկրի վրայ կեանքդ երկար ըլլայ» (Եփ 6.2-3)։ Իսկ այլուր կ՚ըսէ. «Ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ՝ մահուան պիտի դատապարտուի» (Ել 21.17։ Ղւ 20.9։ Բ.Օր 21.18-20)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքը ունի վեց կիրակիներ՝ որոնք առընչութիւն ունին աւետարանական վեց վկայութիւններու հետ։ Կիրակիներու այս շարքը սահմանուած է Ա դարուն՝ Յակոբոս Տեառնեղբօր եւ Դ դարուն՝ Կիւրեղ Երուսաղէմացիի կողմէ։ Ուրեմն, այդ կիրակիներն են. «Բուն Բարեկենդան», «Արտաքսման», «Անառակի», «Տնտեսի», «Դատաւորի», «Գալստեան» եւ «Ծաղկազարդի» կիրակներ։
Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյենութեան եւ բաժակի մրցաշարքին գծով կատարուած են շարք մը փոփոխութիւններ:
Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի WBO-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ յայտարարեց, որ իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 28 Ապրիլին, հակառակ անոր որ իր մրցակիցին անունը ցարդ անորոշ է:
ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ախոյենութեան բաժակը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով գտնուեցաւ Հայաստանի մէջ:
Հոլանտայի մէջ համախոհական իշխանութեան մասնակից չորս կուսակցութիւնները կը պատրաստուին խորհրդարանի մէջ հաւանութիւն տալ՝ հայկական հարցին շուրջ պատրաստուած երկու բանաձեւերու։ «Պի.Պի.Սի.»ի թրքական ծառայութեան հաղորդումներով, այդ երկու բանաձեւերուն հեղինակն է Քրիստոնէական միութեան կուսակցութեան երեսփոխաններէն Ժոէլ Վորտեւինտ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահոց երկրորդ Կիրակին յիշատակումն է՝ մարդուն դրախտէն արտաքսման։ Արդարեւ Բարեկենդանի յաջորդող այս դէպքը մեզի ցոյց կու տայ՝ անհնազանդութեան հետեւանքը, որ է ստիպուիլ լքե՛լ այն ամէն բարիք, որ հնազանդութեան եւ հաւատարմութեան փոխարէն տրուած է մարդուն։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Ի՞նչ կոչուեցաւ եկեղեցին,- կը հարցնեմ սարկաւագին, որ խորանին առջեւ մոմը բռնած Տեառնընդառաջի լոյսը կը սփռէ մօտեցող հաւատացեալներուն մոմերը լուսաւորելով:
-Ս. Խաչ, աղջի՛կս,- կը պատասխանէ: