Արխիւ
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները կանգ առած են բանակցային գործընթացի պատմութեան վրայ:
Փաշինեան տեղեկացուց, որ Ալիեւի հետ չեն քննարկած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ որեւէ մանրամասնութիւն:
Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ դուրս եկաւ ՃՀՓ-ի շարքերէն։ Ինչպէս ծանօթ է, ան որոշած էր յառաջիկայ 1 մարտի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն վերստին թեկնածու ըլլալ Շիշլիի քաղաքապետի պաշտօնին համար։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը։ Ներկայ շաբթուայ սկիզբին պաշտօնի ձեռնարկած մշտական ներկայացուցիչը քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Գումգաբու, ուր ստացաւ ընդհանուր փոխանորդին օրհնութիւնը։
Թուրքիա եւ Ռուսաստան լիարժէք փոխըմբռնումը պահպանելով կը դիտարկեն Սուրիոյ արիւնալի տագնապի կարգաւորման հեռանկարները:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին երէկ տեսակցեցան շուրջ երկու ժամ, ընդհանուր առմամբ համամիտ գտնուելով նաեւ անվտանգ գօտիի ստեղծման պարագային:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ կրնայ «բարի «մարդ» անուանուիլ, կրնայ նաեւ «յաջող մարդ» ըլլալ, չարութիւններէ հեռու ապրիլ, խուսափիլ վատ գործերէ, կրնայ ո՛չ ոքի չարութիւն ընել, բայց եթէ գործնականապէս բարիք չընէր, անիկա «չէզոք անձ» մը կը նկատուի, որ կը նշանակէ՝ «ամուլ, անշահ եւ անօգուտ մարդ» ըլլալ։ Ամուլ մարդը անշարժ եւ անաշխատ մարդ է, որ եթէ վնաս չի պատճառեր ուղղակի, բայց օգուտ եւ բարիք ալ չ՚ունենար իր շուրջիններուն եւ անուղղակի կերպով վնասակար մէկը կ՚ըլլայ իր միջավայրին մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս ահռելի դէպքը պատահած է Ուիսքանսըն նահանգի Պեռըն քաղաքին մէջ, անցեալ տարուան հոկտեմբեր ամսուան մէջ։ Արդարեւ, 21 տարեկան Ճէյք Փեթըրսըն (տես նկարը) տեսած է 13 տարեկան Ճէյմի Քլոսը (տես նկարը), որ դպրոցական օթօպիւսէն իջնելով տուն կ՚երթար։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Պրն. Քալսահակեան, նախ եւ առաջ կը փափաքիմ, որ հակիրճ կերպով դուք ձեզ ներկայացնէք եւ խօսիք ձեր կատարած ուսումնական եւ կազմակերպչական աշխատանքներու մասին: Այս առումով, կրնա՞ք մեզի խօսիլ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ հայերէն լեզուի վիճակին, մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն մասին, միաժամանակ ի՞նչ աշխատանքներ կը տանիք դիմագրաւելու համար բոլոր այդ դժուարութիւնները:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Թիֆլիզի մէջ Ալեքսանդր Մանթաշեանցի (Մանթաշով) տունը ծախու հանուած է: Բոլոր ժամանակներու հայ ամենամեծ բարերարին տունը՝ Թիֆլիզի կեդրոնը, պատմական արժէք կը նկատուի, անոր հետ կ՚առընչուին հայ նշանաւոր գործարարի կեանքին կարեւոր մանրամասնութիւնները. ուստի Մանթաշեանցի տան վաճառքը, ներկայ սեփականատէրերուն կողմէ, հայութեան մէջ մեծ աղմուկ հանած է, քանի որ հնարաւոր գնորդները արդէն յայտարարած են, որ կը պատրաստուին առեւտրային նպատակներով վերափոխել հրաշագեղ այդ կառոյցը:
ՍԷՎ հիմնարկի նախաձեռնութեամբ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ շահեկան ասուլիս մը, որ մաս կը կազմէր «Երիտասարդներու հետ ձեռք ձեռքի» ծրագրին։ Այս ծրագրին համար մասնաւոր յանձնախումբ մը կը գործէ ՍԷՎ-էն ներս եւ այս ասուլիսը այդ մէկուն կողմէ կազմակերպուած երկրորդ ձեռնարկն է։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Ֆաթիհի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Էրկիւն Թուրանը եւ իր գործակիցները։ Նոյն առթիւ Գումգաբու փութացին Ֆաթիհ գաւառակի սահմաններէն ներս գտնուող մեր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները։
Մեր համայնքի երէց սերունդի կրթական մշակներէն Լիժի Փուլճու Չիզմեճեան շաբաթավերջին մակագրեց իր գիրքերը Նոթրը Տամ տը Սիոն ֆրանսական լիսէին մէջ։ Որպէս այդ լիսէի երիցագոյն սաներէն մին՝ ան մասնակցութիւն բերաւ շրջանաւարտից տարեկան աւանդական հաւաքին։
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր կը գրէ, որ նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի արխիւի եօթանասուն տոկոսի դասաւորումը արդէն աւարտած է։ Աներեւակայելի քանակութեամբ լուսանկարներէ եւ իրերէ կը բաղկանայ այդ արխիւը, որու դասաւորման սկզբնական փուլերուն մասնակցած էր նոյնինքն Արա Կիւլէր։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Ոչ, Պոլսոյ նշանաւոր Շիշլիի ու Սկիւտարի գերեզմանատուներուն մասին չէ գրելիքս, այլ շատ աւելի աննշաններու։ Պոլիսը պիտի թողենք այս շաբաթուայ սիւնակով ու երթանք արեւելք, պատմական հայկական բնակավայրեր՝ Տերսիմ ու Մալաթիա։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ծնւում ենք ակամայ,
Ապրում ենք զարմացած,
Մեռնում ենք կարօտով…
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի կամաւոր հոգաբարձու Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի բացատրութիւններ տուին դպրոցի այժմու վիճակին շուրջ՝ շաբաթավերջին նախատեսուած սիրոյ սեղանին ընդառաջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա դատապարտուած չեն թշնամիներ ըլլալու։
Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական ֆորումի մասնակիցներուն առջեւ տեսակապով ունեցած ելոյթին ժամանակ Մայք Փոմփէօ անդրադարձաւ ԱՄՆ-Ռուսաստան յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն։
«Հայփոստ» ընկերութիւնը կ՚արժեւորէ մեծ բանաստեղծուհիի ծննդեան 100-ամեակի յոբելեանը:
Սիլվա Կապուտիկեանի յիշատակին թողարկուած նամականիշին համար կնքման հանդիսաւոր արարողութիւն:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ երէկ հանդիսաւորապէս ստորագրեցին պատմականօրէն կարեւոր նշանակութեամբ փաստաթուղթ մը։ 1963 թուականին երկու երկիրներու այդ շրջանի ղեկավարներուն՝ Շարլ տը Կոլի եւ Քոնրատ Ատենաուըրի կողմէ ստորագրուած Էլիզէի համաձայնութենէն 56 տարի անց երկու երկիրները վերահաստատեցին ու թարմացուցին իրենց յանձնառութիւնները։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ան կ՚ունենայ կարեւոր հանդիպում մը։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները երէկ մէկուկէս ժամուան տեսակցութիւն մը ունեցան Տաւոսի մէջ՝ անպաշտօն ձեւաչափով:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ կարծիքներ փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացին շուրջ: