Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հռետորական ոճով մը ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփ Երուսաղէմը ճանչցաւ՝ որպէս Իսրայէլի պետութեան մայրաքաղաք: Թրամփ, որ «հերոսական» եւ «յաղթանակ» տանողի դիրքերէն խօսեցաւ, նաեւ ըսաւ՝ որ իր այս քայլը (իմա՝ ճանաչումը) «բաւական ուշացած քայլ մըն է»։
Նախագահ Տանըլտ Թրամփ, անտեսելով բոլոր զգուշացումները, յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Երուսաղէմը կը ճանչնայ՝ որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որ երէկ հիւրընկալեց Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորը, յառաջիկայ շաբթուան կէսին արտահերթ գագաթաժողովի մը հրաւիրեց Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները, որոնք պիտի համախմբուին Իսթանպուլի մէջ:
Սարըեէրի քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենչ երէկ երեկոյեան «Կրան Թարապիա» պանդոկին մէջ կազմակերպեց իր աւանդական ամանորեան երեկոյթը։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիւքրիւ Կենչ վերջին տարիներուն Ամանորի շրջանին ընթրիք կը կազմակերպէ քաղաքիս փոքրամասնական շրջանակներուն եւ հասարակութեան այլ զանազան խաւերու ներկայացուցիչներուն համար։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հրազդան Թոքմաճեան Հալէպի մէջ, ռումբերու տարափին տակ պատրաստած է իր վերջին հատորը, որ կը կոչուի՝ «Գալէմքեարեաններ. Այնթապ, Դամասկոս, Հալէպ»։ Այս պատկերագիրքի շնորհանդէսը, հեղինակին ներկայութեամբ, խաղաղած Հալէպի մէջ տեղի ունեցաւ ընթացիկ օրերուն:
Գաղտնիք մը չէ, որ ամերիկացիներ եւ շատ հաւանաբար ալ շարք մը ուրիշ ազգերու ժողովուրդներ ծայր աստիճան հոգատար են իրենց որդեգրած ընտանի կենդանիներուն եւ յատկապէս շուներուն նկատմամբ։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Թաքսիին մէջէն բարձրաձայն քահ-քահները դուրսէն կը լսուին, կողքէն անցնողները կը ժպտին: Վարորդը ուրախ ու ժպտուն, երբեմն խնդուքով մը ինք եւս կը մասնակցի յաճախորդներուն քահ-քահներուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աչքը՝ տեսողութեան գործարանն է ամէն կենդանի էակի, աչքով է, որ կը տեսնեն անոնք աշխարհը, թէեւ ամէն մէկը տարբեր կերպերով։
Ինչպէս որ տեսնելու համար էակ մը աչքի կը կարօտի, աչքն ալ իր պարտականութիւնը կարենալ կատարելու համար լոյսի կը կարօտի եւ հոն ուր լոյս չկայ, աչքը իր պարտականութիւնը չի կրնար կատարել՝ չի՛ տեսներ։
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Էլմար Մամետեարով երէկ երեկոյեան միջնորդներուն մասնակցութեամբ տեսակցեցան Վիեննայի մէջ:
Նախարարները, որոնք պիտի շարունակեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցութիւնները, ունեցան նաեւ առանձնազրոյց մը:
Արցախի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան ռազմափորձեր։ Այս զօրավարժութիւններուն մասնակցեցան Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Մովսէս Յակոբեան եւ հայկական բանակի բարձրագոյն հրամանատարութենէն դէմքեր։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս այցելեց Ֆրանսա եւ Զուիցերիա։ Աւելի քան տասնօրեայ ուղեւորութեան ընթացքին ան եղաւ Մարսէյլի, Լիոնի, Վալանսի, Տեսինի եւ Կրընոպլի մէջ։
Կիպրոսի հարաւի պաշարներէն բնական կազ արտահանելու եւ ծովի յատակէն կառուցուելիք խողովակաշարի մը միջոցաւ Եւրոպա փոխադրելու վերաբերեալ ստորագրուեցաւ փաստաթուղթ մը։ NTV-ի հաղորդումներով, այս փաստաթուղթը ստորագրեցին Յունական Կիպրոս, Յունաստան, Իսրայէլ եւ Իտալիա։ Այս վերջինը յանուն Յունական Կիպրոսին կը կատարէ բնական կազի որոնումներ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան վաղը պիտի այցելէ Աթէնք։ Երկօրեայ այցելութիւնը նախատեսուած է՝ Յունաստանի Նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի հրաւէրով։
Վաղը Վիեննայի մէջ պիտի սկսի ԵԱՀԿ-ի (Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւն) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը։ Սա այս կազմակերպութեան նախարարներու խորհուրդի 24-րդ նիստն է։ Երկօրեայ հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։
Երուսաղէմը որպէս մայրաքաղաք ճանչնալու ուղղեալ ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփի մտադրութիւնով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալէ Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորը՝ քննարկելով տարածքաշրջանի իրադրութիւնը:
Պատրաստեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Այն ինչը սուտով սկսած է. սուտով ալ պէտք է աւարտի։ Սա բնութեան օրէնքն է…»։
Ֆէոտոր Միխայլովիչ Տոստոյեւսքի 19-րդ դարու ռուսական ռէալիզմի տիտաններէն մին էր։
Հայաստանի ազգային ակադեմական երգչախումբի հիմնադրութեան 80-ամեակին ձօնուած համերգ:
Յոբելենական հանդիսաւոր երեկոյթի պատուոյ հիւրերն էին՝ Սերժ եւ Ռիթա Սարգսեան ամոլն ու Ամենայն Հայոց Հայրապետը: Մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի վաստակը միշտ արժանի բարձր գնահատանքի ու երախտագիտութեան:
«Սուրբ Յովհան Օձնեցի իմաստասէր երանելի կաթողիկոսը եւ իր ժամանակը»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի մէջ կը նշուի երանաշնորհ հայրապետի գահակալութեան 1300-ամեայ յոբելեանը, որ կ՚արժեւորուի բազմակողմանի զեկուցումներով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աղօթքը, ընդհանրապէս, վարժութեամբ զարգացող եւ կատարեալին հասնող զգացում մըն է։ Այս իմաստով աղօթքը «արուե՛ստ» մըն է։ Ստացական ընդունակութի՛ւն մը։ Այսպէս եթէ չըլլար, Յիսուս իր աշակերտներուն աղօթել սորվեցնելու պահանջքը չէ՛ր զգար, եւ անոնք, որ կը կարծէին աղօթել, այդպէս կը շարունակէին։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ արձագանգեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ շաբաթավերջին կատարուած յայտարարութիւններուն՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան այս կապակցութեամբ ըսաւ.
Մեր համայնքի յայտնի մուճակի վաճառականներէն Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլու վերջերս փոխադրած է իր խանութը։ Պարութհանէ պողոտայի վրայ երկար ժամանակ գործունէութիւն ծաւալելէ վերջ Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլու խանութը տեղափոխած է «Մուրատօղլու» շուկայի առաջին գետնայարկը։