Արխիւ

Ուրբաթ, Յունուար 18, 2019

​Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանէ ներս ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող Շոմպի Շարփին, որուն կ՚ուղեկցէին ՄԱԿ-ի մասնագիտական գործակալութիւններու եւ ծրագրերու պատասխանատուները։ Ներկայ էին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «Հայաստանեան կլոր սեղան» միջեկեղեցական բարեգործական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ նոյն հիմնադրամի տնօրէն Կարէն Նազարեան։

Ուրբաթ, Յունուար 18, 2019

Yerepuni.news լրատուական ցանցի կայքէջին վրայ, Յարութիւն Պէրպէրեանի ստորագրութեամբ, վերջերս լոյս տեսաւ յօդուած մը, ուր կ՚արժեւորուի սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Գրիգոր Պըլտեանի աշխատանքը։ Այստեղ յատուկ ուշադրութիւն կը կեդրոնացուի Պըլտեանի «Ֆրանսահայ գրականութիւն 1922-1972. նոյնէն այլը» գիրքին վրայ։ Ստորեւ որոշ յապաւումներով կը ներկայացնենք այս նիւթը։

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019

Ոչ եւս է Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի բազմամեայ նուիրեալ դպրապետը:
Կէտիկփաշայի ընտանիքը կը սգայ իր խորհրդանշական դէմքերէն Լեւոն Սրկ. Էօզփենպէի մահը:

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019

Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Մենթի-Մենթոր ծրագրի առաջին լսարանը տեղի ունեցաւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ, երեքշաբթի, յունուարի 15-ին։ Ծրագիրը կը հովանաւորէր Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան, իսկ կ՚ատենապետէր Արի Չոլաք։

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019

Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս տեղի ունեցաւ այս դռնփակ հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ ժամ մը։

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) 33-րդ ընդհանուր ժողովը այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Արցախի մէջ։ Կուսակցութեան ղեկավար կազմին մէջ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին այս ընդհանուր ժողովով՝ հաշուի առնելով, որ Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն ժամանակ որդեգրած դիրքորոշման բերումով ՀՅԴ կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ։

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019

Անգլիոյ խորհրդարանէն ներս երէկ վստահութեան քուէարկութիւն տեղի ունեցաւ՝ վարչապետ Թերեզա Մէյի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան համար։ Արդիւնքին, Թերեզա Մէյ ստացաւ խորհրդարանի վստահութեան քուէն։

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս օրերուն Երուսաղէմի մէջ ըստ Հին տոմարի կը տօնախմբէ Ամանորն ու Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Կը տեղեկանանք, որ Իսթանպուլէն ուխտաւորներու զանազան խումբեր Սուրբ Քաղաք մեկնած են մասնակցելու համար աւանդական արարողութիւններուն։

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019

Մինչ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերու Սուրիայէ դուրսբերման հարցը առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ օրակարգը, երէկ Մենպիչի մէջ ամերիկացի զինուորներու դէմ կատարուեցաւ յարձակում մը։ Մենպիչի ճաշարաններէն մէկուն առջեւ պայթեցաւ կենդանի ռումբ մը։

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Զուիցերիա, ուր Տաւոսի ֆորումը նախատեսուած է 22-25 յունուարին։

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019

Արմէն Սարգսեան. «Կ՚ապրինք դարու մը մէջ, երբ նորարարութիւնները կը կառավարեն աշխարհը»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը աւարտեց պաշտօնական այցը դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց քաղաքի նորընտիր քաղաքապետ Մոշէ Լիոնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երուսաղէմի նորընտիր քաղաքապետ Մոշէ Լիոն այցելեց Հայոց Պատրիարքարան, ուր արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան։

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Մնացականեան եւ Մամետեարով երէկ հանդիպում մը ունեցան Փարիզի մէջ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին մօտաւոր ապագային այցելութիւն մը տալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան:

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աստուած Իր զօրութիւնը տուած է մարդուն գործածելու համար զայն Ի՛ր կամքին համաձայն։ Բայց Աստուծոյ այդ պահանջքը բռնադատեալ պահանջք մը չէ։

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019

ՎԱՐՈՒԺ  ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ

Տպագիր հայ մամուլը կ՚ապրի տագնապ մը, եւ այդ տագնապին մէկ կարեւոր պատճառը թերեւս նոյնինքն արդիականութեան եւ անցեալէն ժառանգուած իտէալականութեան բախումն է, յաճախ մէկը միւսին զոհելու մօտեցումին կամ անդիմագիծ ներդաշնակումի փորձերուն հետեւանքով։
Նախ պէտք է նշել, որ տպագիր մամուլի տագնապը համաշխարհային տագնապ է յատկապէս համացանցի զարգացումէն ետք մամուլի թուայնացումին եւ բոլորին մատչելի դարձած լրատու կայքէջերուն (որակաւոր, անորակ եւ երբեմն զուտ բամբասանքային տարբերակներով) անհամեմատ տարածումին պատճառով:

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մարկոս աւետարանիչ իր Աւետարանի 2-րդ գլուխին 1-12 համարներուն մէջ կը նկարագրէ դէպք մը, ուր Քրիստոս անդամալոյծ մը կը բժշկէ: Աւետարանիչը կը պատմէ, թէ չորս հոգիներ անդամալոյծ մը շալկելով, բերած են Յիսուսի մօտ, սակայն բազմութեան շատութեան պատճառով չեն կրցած մօտեցնել զինք Յիսուսին:

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Խմբագիր, ուսուցչուհի, գրող Մառի (Մարի) Պէյլէրեանի ծանօթ ժողովածոն՝ «Դէպի վեր»ը, թուայնացուած է: Թուայնացուած է նաեւ պոլսահայ կին գործիչին հրատարակած «Արտէմիս» անունով ամսահանդէսը, որ, ըստ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի, կանանց խնդիրներուն նուիրուած առաջին հայ թերթն էր:

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Անյագուրդ վայելելով Աստուծոյ կողմէ շնորհուած մայրութեան բերկրանքը, որու համար անսահման երախտիքս կը պարտիմ Ամենակարող Աստուծոյ. բաց աստի ապրելով քանի մը տասնեակ միլիոննոց քաղաքի թոհուբոհին մէջ՝ անկարելի է, գրեթէ անհնարին է, թէ հանգչելու ժամանակ ունենաս։ Թուածներս լրացնելու կու գան շուրջ մէկուկէս տարի շարունակուող անքուն գիշերները, իմ սիրած աշխատանքը խմբագրատան մէջ, ինչպէս նաեւ ընտանեկան առօրեայ հոգերն ու փոքրիկ հրաշամանուկիս հետ տեւական զբաղումը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Պիլեզիկճի փողոցի բնակարանէս մի քանի վայրկեան հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր Մայրիկին ճաշարանը։ Թէեւ ունէր այլ անուն մը, բայց իմ ու գանատահայ տնակից ընկերոջս համար «Մայրիկին քով»ն էր ան։ Պարութհանէ պողոտայի անգութ վերելքի գրեթէ վերջաւորութեան, համեստ ու աննշան ցուցափեղկերու ետին կախարդական ձեռքեր շաբաթը վեց օր Տիգրանակերտը կը բերէին Պոլիս։

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019

Շիշլի մարզակումբի պասքեթպոլի մարզիկները վերջերս հրաւիրուեցան Թուրքիոյ ազգային հաւաքականի փորձարկումներուն եւ ընդհանուր մարզումներուն։ Թուրքիոյ պասքեթպոլի դաշնակցութեան կողմէ Շիշլի ակումբին ուղղուած հրաւէրով՝ ազգային հաւաքականի թեկնածուներու փորձարկումներուն մասնակցեցան Շիշլիի կազմէն Նիքօ Զողրաֆիտիս, Ժոզէֆ Արաբ, Կարէն Պոյնուքալըն եւ Արաս Էթեէմէզ։

Էջեր