Արխիւ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 3, 2018

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Նախորդող օրը կէսօրէ ետք ժամը 3-ն էր: Ակադեմական աշխատանքէս նոր արձակուած ու ինքնաշարժիս մէջ նստած, սովորութեանս համաձայն, վայրկեան մը աչքերս գոց կը հանգչէի ֆիզիքապէս ու հոգեպէս նախապատրաստուելու միւս գործիս, որ խմբագրական աշխատանքն է, որուն համար պէտք է շուտով ուղղուէի խմբագրատուն:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 3, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մայիսի «սխալ»ը պիտի սրբագրուի դեկտեմբերին…
Հինգշաբթի յետմիջօրէին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան կարճ ելոյթ մը կ՚ունենար եւ կը յայտարարէր, որ իրաւական բոլոր հիմքերը ապահովուած են արդէն, որպէսզի 2017 թուականի ապրիլին ընտրուած Ազգային ժողովը լուծարուի։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 3, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Խաչվերացէ ետք 8-րդ կիրակի օր Սուրբ Պատարագի ընթացքին կը կարդացուի Ղուկասի աւետարանին 8-րդ գլխուն 17-21 համարները։ Խաչվերացի յաջորդող 8-րդ կիրակին այս տարի կը հանդիպի 4 նոյեմբեր կիրակի օրուան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 3, 2018

Հայկական մարմնամարզի աշխարհը երէկ ունեցաւ ծանր կորուստ մը. ոչ եւս է Ողիմպիական ախոյեան Եուրի Վարդանեան։ Այս վերջինը իսկապէս խորհրդանշական անուն մըն էր ինչպէս հայկական, այնպէս ալ համաշխարհային մարմնամարզի տեսակէտէ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 2, 2018

Յայտնի գրող Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլ վերջերս այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը։ Ան ծանօթ է պատմական նիւթերու վերաբերեալ իր ուսումնասիրութիւններով, որոնց հիման վրայ լոյս տեսած գիրքերը գրասէր շրջանակներէն ներս կ՚արժանանան անմիջական հետաքրքրութեան։ Նեսիմ Օվատիայի վերջին գիրքը կը կոչուի «Օսմանեան եւ Թուրքիոյ թատրոնին մէջ Շահինեանները»։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 2, 2018

Նախագահ. «Կոչ կ՚ուղղեմ բոլորին՝ որպէսզի դադրեցնեն փոքր հակամարտութիւններու զինումը»:
Արմէն Սարգսեանի խօսքով՝ զգուշութիւն պէտք է ցուցաբերել 21-րդ դարուն մեծ խնդիրներու ծագիլը կանխելու նպատակով:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 2, 2018

Երէկ, պաշտօնապէս յայտնի դարձաւ, որ յառաջիկայ 9 դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւն։ Ինչպէս ծանօթ է, այս խնդիրը միջոցէ մը ի վեր կը բնորոշէր երկրին օրակարգը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 2, 2018

Շուէտ ռազմաօդանաւերու վաճառքի համար առաջարկ մը ներկայացուց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան։ SAAB ընկերութեան կողմէ արտադրուած ռազմաօդանաւեր խնդրոյ առարկայ դարձած են այս առաջարկին մէջ։ JAS-39 Gripen տիպի ռազմաօդանաւեր Հայաստան մատակարարելու համար Շուէտի կողմէ ներկայացուած այս առաջարկը կը յաջորդէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընի Երեւան կատարած այցելութեան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 2, 2018

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ ան դիմաւորուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ։ Նիկոլ Փաշինեան եւ Բակօ Սահակեան քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 2, 2018

Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային կարեւոր տեսակցութիւն մը:
Էրտողան եւ Թրամփ անդրադարձան Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն՝ մասնաւորապէս կանգ առնելով Մենպիչի եւ Իտլիպի վերաբերեալ կարգադրութիւններուն վրայ: Ուաշինկթըն վերահաստատեց յանձնառութիւնը՝ Անգարայի սահմաններու անվտանգութեան երաշխաւորման ուղղութեամբ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 2, 2018

ԳՀԽ երէկ անդրադարձ կատարեց համասեռամոլութեան դրսեւորումներուն:
«Հայ ժողովուրդը դարերէ ի վեր կրողն է աստուածօրհնեալ ընտանիքի նուիրական գաղափարին»:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 2, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, երեկ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ դասուն նախագահ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 2, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Սփիւռքահայ միջին տարիքի կին մը Երեւանի կեդրոնական պողոտաներէն  հանրակառք մը կը բարձրանայ, պատուհանին կողքը ազատ տեղ մը նշմարելով կը նստի ու կը դիտէ փողոցը: Հանրակառքը մերթ կը սուրայ, մերթ դանդաղօրէն կը յառաջանայ անցնելով լայն պողոտաներէն՝ Մաշտոցէն, Աբովեանէն, ուրկէ կը սկսի բարձրանալ դէպի Ազատութեան պողոտան տանող ոլորապտոյտ ճամբան, բարձրանալուն զուգահեռ կամաց-կամաց կ՚երեւին Մասիսին զոյգ գագաթները:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 2, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային ցեղին յատուկ բանականութիւնը՝ մարդուն իր ազատ կամքովը շարժելու, շարժումները դատելու եւ անոնց մասին որոշումներ առնելու կարողութիւնը կու տայ։ Բայց այս ազատ կամքին, այսինքն ազատօրէն վարուելու առանձնայատկութիւնը իր հետ կը բերէ նաեւ պատասխանատուութեան զգացումը, եւ նոյն բանականութեան շնորհիւ, ան պարզ զգացումէ մը աւելի, գիտակցութեան կը փոխուի։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2018

Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական հանդէս մը, որ ձօնուած էր ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ հոգելոյս Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2018

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ, տեղի ունեցաւ Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշնչեան ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, աստուածաբանութեան տոքթոր, գրող, հրապարակախօս Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհանդէսը:

 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2018

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Նոյեմբեր 1-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ դասական երաժշտութեան մեծատաղանդ վարպետին՝ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի (1871-1928)։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Եւ թոյլ մի՛ տար, որ փորձութեան մէջ իյնանք. այլ մեզ չարէն ազատէ՛»:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2018

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Խոկում եւ կեանքի փորձառութիւն, ահաւասիկ այս երկու վիճակէն է, որ կը ծնի իսկական տեսիլքը՝ որուն մէջ կը բռնուին մեծ մարդիկ եւ կը ստեղծեն հրաշալիքներ։ Այս իմաստով է որ Միւսէ, ֆրանսացի բանաստեղծը կ՚ըսէ, թէ՝ «մեծ ցաւեր, տառապանքներ են, որ կը ստեղծեն հրաշագործութիւններ եւ կը զօրացնեն մարդուս նկարագիրը»։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2018

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով Իսթանպուլի մէջ բաւական յանդուգն ու ծայրայեղ մեկնաբանութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի մասին։ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հաւաքէն վերջ ան խօսեցաւ Հայաստանի մէջ նախատեսուած արտահերթ ընտրութեան շուրջ։ 

Էջեր