Արխիւ
Հոգեգալստեան տօնը այս տարի եւս աւանդական շուքով նշուեցաւ Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն:
Արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ յոյս յայտնեց, թէ մինչեւ տարեվերջ կը լուծուին համայնքի առկայ հարցերը:
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան այս առաւօտ հասան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Պոլսոյ Պատրիարքութեան երեք սրբազաններն ու պատուիրակութեան անդամները մասնակցութիւն կը բերեն եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին, որ պիտի սկսի վաղը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վատիկանի Առաքելական գրադարանի եւ Գաղտնի արխիւներու ղեկավար Մոնս. Ժան-Լուի Պրիւկէսի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերուն կ՚ընկերանար Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեան։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակը երէկ փայլուն արարողութիւններով նշուեցաւ Գատըգիւղի Ս. Լեւոն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Զէքիեան Գերապայծառ։
Կը տեղեկանանք, որ Մխիթարեան միաբանութեան Ընդհանուր աբբահայր Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեան վերջին օրերուն կարճատեւ այցելութիւն մը տուած է Իսթանպուլ, ուրկէ ալ մեկնած է Երեւան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որեւէ բան յանձնարարել, գործ մը առաջարկել եւ կամ պատուիրել ո՜րքան դիւրին է՝ առանց գործի միա՛յն խօսիլ, ըսել եւ ո՛չինչ ընել այդ մասին…։
Եշիլգիւղի ընտանիքը նախընթաց օր ընթրիքով մը մեծարեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։ Ներկայ էր նաեւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Շիշլի գաւառակը եւ Տիարպաքըրի Չընար գաւառակը, որոնք դարձած են քոյր գաւառակներ, կեանքի կը կոչեն զանազան ընկերակրթական ծրագրեր։ Այս շարքին մէջ էր «Արեւմուտքէն դէպի արեւելք պարզուած եղբայրութեան ձեռքը» խորագրեալ նախագիծը։
Գալֆաեան Տան սաները անցեալ ամիս զանազան մշակութային ձեռնարկներու մասնակցեցան։ Այս ծիրին մէջ անոնց տեսակէտէ շատ հետաքրքրական էր «Փորթագալ» գեղարուեստի տուն տրուած այցելութիւնը։
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցան տարեվերջի խանդավառ հանդէսներ։ Մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժնի աշակերտներուն համար նախատեսուած էին այս հանդիսութիւնները։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտներուն համար նախընթաց օր մասնաւոր հանդէս մը կազմակերպուեցաւ՝ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ։ Ներկայ էին թաղի պատուոյ ատենապետուհի Մոնիք Երկանեան, թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքա, դպրոցի զօրակից մեր ազգայիններէն Վազգէն Վարդանօղլու, հիմնադրի ներկայացուցիչ Եդուարդ Հարբութ, ծնողաց միութեան անդամներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ չորրորդ դասարաններու տարեվերջի հանդէսը։ Տարրական կրթութեան առաջին փուլը աւարտած աշակերտները այս առթիւ ապրեցան մեծ ոգեւորութիւն։
Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ մանկարանի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը։ Օրուան սկիզբին մանկարանի առաջին երկու դասարաններու տղոց հանդէսը տեղի ունեցաւ, իսկ երեկոյեան՝ մանկապարտէզի վերջին դասարանի սաները ստացան իրենց վկայականները։
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի նախագահութեամբ երէկ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որ տեւեց շուրջ երեք ժամ:
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին թափ տալու ուղղեալ աշխատանքները աստիճանաբար կը սկսին: Համայնքային շրջանակները ուշադրութեամբ կը հետեւին նոր իրադարձութիւններուն:
Նախաձեռնարկ մարմինը պիտի կազմուի ամսոյս երրորդ շաբթուան ընթացքին: Կրօնական ժողովը նիստ պիտի գումարէ Նորին Սրբազնութեան Մայր Աթոռէ եւ Քէօլնէ վերադարձին:
Արժանթինի մայրաքաղաքը՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Հայ բժշիկներու միջազգային համագումարը, որ 12-րդն էր իր նմաններու շարքին։ «Հայերն այսօր» կայքէջի հաղորդումներով, բացման հանդիսաւոր արարողութեան նախագահեց արժանթինահայ վարակաբան Տքթ. Դանիէլ Ստամպուլեան:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան կենսունակ ձեւով արդէն ձեռնարկած է իր պաշտօնին։ Երէկ առաւօտ Պատրիարքարանի մէջ կազմակերպուած խորհրդակցութիւնը ունեցած է ծանրաբեռնուած օրակարգ մը։ Ան առկայ խնդիրներուն շուրջ կարծիքի փոխանակումներ ունեցած է իր անմիջական գործակիցներուն հետ ու փորձած հնարաւորինս ներթափանցել՝ զանազան մանրամասնութիւններուն։
Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յառաջիկայ շրջանին հաւանաբար այցելէ Իսթանպուլի նահանգապետարան։ Գումգաբուի մէջ երէկ տեղի ունեցած խորհրդակցութենէն վերջ առիթն ունեցանք զրուցելու Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ, որ մեզի հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ այն շփումներուն մասին, որոնք ներկայիս յառաջ կը տարուին պաշտօնական մարմիններուն հետ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Այսօր, նորոգուած ժողովուրդներ, ցնծացէք Սուրբ Հոգիի գալուստով՝ բարձրացնելով Հօրմէ ծնածը՝ Սուրբ Հոգին»։ Այս խօսքերով կը բացատրուի Հոգեգալուստի խորհուրդը շարականագիրի կողմէ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ժամանակը կամազուրկ մարդոց թշնամին է, բայց ջանադիր մարդուն՝ ամէնօրեայ ընկերը։ Ժամանակ-ընկերը կամքի տէր մարդուն համար արագահոս եւ հապճեպ թռչող է, իսկ կամակոր մարդուն համար՝ դանդաղ, անպիտան եւ «անդամալոյծ» մը սոսկ։
ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ
Եթէ դուն Հալէպի փողոցները իջնես այս ամիս, անկարելի է, որ կապոյտը չտեսնես: Կիներն ու աղջիկները կապտաւուն կը դառնան մայիսին: Եկեղեցին ալ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ այս ամսուան ու կը նուիրաբերէ Աստուածածինին: