Արխիւ
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի Թեմի առաջնորդի օրհնութեամբ եւ ԱՐՏ PR ընկերութեան նախաձեռնութեամբ Կիւմրիի Ս. Աստուածածութիւն (Եօթ Վէրք) եկեղեցւոյ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի բացառիկ համերգը։
Իսրայէլի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի պարգեւատրման արարողութիւնը՝ Ազնաւուրի ընտանիքի կողմէ Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն հրեաներու եւ միւս ժողովուրդներու պաշտպանութեան ուղղուած ջանքերու համար։
Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի պաշտօնական բացման արարողութիւնը:
Ղարաբաղեան հարցին շուրջ Էրտողան կրկնեց Թուրքիոյ զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ Ատրպէյճանի:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բնականաբար շարժապատկերի արուեստին մէջ տարածուած երեւոյթ է վիպականացնել գաղտնի գործակալներու, լրտեսներու կեանքն ու գործունէութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ մէջ ընթացող զարգացումներու լոյսին տակ բացայայտ սկսած է դառնալ, որ սուրիական «մեծ խաղ»ին մասնակից գլխաւոր ուժերը կը փորձեն ամէն գնով նախապատրաստել երկրին համար «նախատեսուած» յաջորդ փուլը:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ԺԱՄԱՆԱԿ Երեւանի նորահաստատ Հայ գրատպութեան թանգարանին մէջ առաւ իր տեղը՝ հիմնադրութեան 110-ամեակի ներկայ յոբելենական շրջանին:
Հայաստանի Ազգային գրադարանին յարակից ստեղծուած կառոյցին մէջ ներկայացուած են թերթիս զանազան հին համարներն ու անցեալի խմբագրատուներէն դրուագներ:
Հայ գրատպութեան փառաւոր ուղին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անհատներու եւ հասարակութեան քաղաքակրթական բովանդակ կերտուածքը վայելքի ձգտումին մարմնացումը եւ գործադրո՛ւմն է։
Արդարեւ, մարդկային բոլոր աշխատութիւններուն, տքնութիւններուն, տուայտութիւններուն պատմութիւնն է քաղաքակրթութիւնը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Տիեզերքի ամենայայտնի մոլորակներէն կը համարուի մեր երկիրը, որ ծածկուած է բազմաթիւ գեղեցկութիւններով։ Առատ աշխարհագրական յատկութիւններ կը սահմանափակէ ան։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Պատմութիւնը միայն չի՛ կերտուիր սխրագործութիւններով, յաղթանակներով եւ ձեռքբերումներով, ո՛չ ալ պատմագիրներու նկարագրականով ու բնութագիրներով կ՚անմահանայ։ Այդ պատմութեան շունչ տուող անժանգ արժէքներ կան, որոնք շնչատու գործօններ են եւ դարերու վրայ դրասանգուած տրոփիւններ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մամուլի կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը անուրանալի է ընկերային կեանքի մէջ։ Արդարեւ, հասարակութեան մէջ, անհատներու թէ՛ իրարու հետ, եւ թէ՛ իրենց պատկանած հաւաքականութեան հետ հաղորդակցութիւնը ապահովող բազմաթիւ միջոցներ եւ առարկաներ կը գտնուին։
29 Հոկտեմբերի առթիւ Հանրապետութեան նախագահին տանտիրութեամբ պաշտօնական ընդունելութիւն:
Պեշթեփէի համալիրէն ներս կազմակերպուած շքեղ երեկոյթի մասնակիցներու շարքին էր՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ մեր համայնքին կողմէ շնորհաւորեց Էրտողանը:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը թեւակոխեց իր հրատարակութեան 110-րդ տարին։ Հայ մամլոյ նահապետը 28 հոկտեմբերին դարձաւ 110 տարեկան։ Իր գոյութեան երկրորդ դարուն մէջ ան արդէն բոլորեց տասնամեակ մը եւս։ Ուրեմն ԺԱՄԱՆԱԿ կ՚ողջունէ նոր տարի մը, նոր հանգրուան մը՝ իր առաքելութեան ճանապարհին վրայ ինքնավստահ ու մանաւանդ՝ իր հաւատարիմ ու սիրեցեալ ընթերցողներուն հետ ուս ուսի, սիրտ սրտի։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կը շարունակէ մեր համայնքի երիտասարդները խրախուսել՝ Փալագաշեան կտակի միջոցներով։ Երէկ, թաղային խորհուրդը բաժնեց այս տարուան կրթաթոշակները։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի 90-ամեայ յոբելեանին առթիւ գոհաբանական Ս. Պատարագ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ պատարագեց Լոս Անճելըսի Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ:
Արամեան սանուց միութեան մէջ անցեալ Ուրբաթ երեկոյեան տեղի ունեցած «Գատըգիւղի Յուշամատեանի» շնորհանդէսին ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վաղը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Լոս Անճելըսի մէջ:
Վեհափառ Հայրապետը Արեւմտեան Թեմի հայկական հաստատութիւններէն ներս կը բաժնէ իր օրհնութիւնները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեսունհինգ տարիներ առաջ կը սպաննուէր Լիբանանի նախագահ Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ: Երկիրը ծանր բաժանումի մատնած քաղաքացիական պատերազմի ողջ տեւողութեան Ժըմայէլի սպանութիւնը կը համարուի կարեւոր դարձակէտ մը:
Սպանիոյ իրադարձութիւնները ներկայիս կը բնորոշեն Եւրոպայի օրակարգը։ Միջոց մը առաջ տեղի ունեցած հանրաքուէի հիման վրայ Քաթալոնիա երէկ հռչակեց միակողմանի անկախութիւն։ Այսպէսով Սպանիոյ մէջ նոր հարթութիւն մը թեւակոխեց պառակտման տագնապը։
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը վաղը կը դառնայ 94 տարեկան։ Այս շաբաթավերջին ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։ Մայրաքաղաք Անգարայի եւ բովանդակ Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ տեղի կ՚ունենան փայլուն տօնակատարութիւններ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Առաջադէմ ու առաջատար դէմք մը ըլլալու փափաքը մարդ արարածին ամենաբուռն բաղձանքներէն մին կարելի է համարել։