Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը շարունակենք հատուածներ ներկայացնել Վահան Վարդապետ Բաստամեանցի «Կանոնագիտական երկեր»էն, որ մեզի կը հասնի Ազատ Բոզոյեանի աշխատասիրութեամբ։
Հայաստանի մէջ այսօր վերամուտ է։ 2016-2017 կրթական շրջանը կը սկսի ու զուգահեռաբար կը նշուի՝ Սեպտեմբերի 1-ի Գիտելիքի օրը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, երէկ, վերամուտի ընդառաջ տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու օրհնութեան կարգը։ Խորհրդաւոր արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան։
Վրաստանի վարչապետը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ատրպէյճան:
Իլհամ Ալիեւ տարածքաշրջանային կայուութեան հիմք կը համարէ կողմերու ծրագրերը:
Սուրիոյ ճգնաժամը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը եւ այս իրավիճակին մէջ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» գործողութիւնը ա՛լ աւելի նոր հարթութեան մը վրայ դրած է ամէն ինչ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ միասնաբար պէտք է լաւ արժեւորել կիպրական հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ վերջին հնարաւորութիւնը։
Կառավարութեան կազմին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ անակնկալ փոփոխութիւն մը։ Ներքին գործոց նախարար Էֆքեան Ալա հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։
Պերաթ Ալպայրաք եւ Ալեքսէյ Միլըր երէկ մանրամասնօրէն քննարկեցին «Թրքական հոսք» ծրագիրը:
Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ պիտի դրուի ուժանիւթի ոլորտին մէջ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յառաջիկայ շաբաթ՝ Սեպտեմբերի 8-ին ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ:
Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադարձաւ իր ռուս պաշտօնակցին՝ Սէրկէյ Լաւրովի եւ Արլէմ Տեզիրի հետ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Հազուագիւտ կերպով կը պատահի, որ օտար մը հայերէն սորվի։ Ընդհանրապէս հայ մարդոց օտար կողակիցներն են որ հայերէն կը սորվին եւ կը շաղուին մեր ապրելակերպին հետ։ Սա ալ աւելցնեմ, որ վերոյիշեալ պարագային՝ հայերէն սորվիլը ստիպողական չըլլար, այլ սիրայօժար կերպով։
Ռուսաստանի կազի ընկերութեան՝ «Կազփրոմ»ի ղեկավար Ալեքսէյ Միլըր այսօր շփումներ կ՚ունենայ Թուրքիոյ մէջ։ «Կազփրոմ»ի փոխ-նախագահ Ալեքսանտր Մետվետեւ յայտնեց, թէ Միլըրի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը Թուրքիոյ մէջ քննարկումներ պիտի ծաւալէ «Թրքական հոսք» բնական կազի խողովակաշարի կառուցման ծրագրին շուրջ։
Փարիզի Առաջնորդարանը որոշած է ներկայ վերամուտին մշակութային փառատօն մը կազմակերպել Ալվորֆիլի մէջ։ Այս կապակցութեամբ «Նոր Յառաջ» թերթը տեսակցութիւն մը ունեցած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանի հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ժիրայր Չոլաքեանի կողմէ կատարուած այս հարցազրոյցը։
Աւստրալիա կը խստացնէ՝ սուրիահայ գաղթականներուն ապաստան տալու կարգը:
Հալէպի հայաբնակ Նոր Գիւղ շրջանը յաճախ կը դառնայ զինեալ զանազան խմբաւորումներու թիրախը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան աշխատանքային ուղեւորութիւն մը պիտի իրականացնէ դէպի Գերմանիա եւ Սլովաքիա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Գերմանիոյ Փոտըստամ քաղաքին մէջ Նալպանտեան վաղը պիտի մասնակցի ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն ժողովին։
Էրտողան եւ Փութին Սեպտեմբերի 3-ին պիտի տեսակցին Չինաստանի մէջ, «G-20»ի գագաթաժողովի օրերուն:
Նախագահները մասնաւորապէս պիտի անդրադառնան Սուրիոյ ճգնաժամին եւ ուժանիւթի ոլորտէն ներս համագործակցութեան:
Լուսանկարիչ Դաւիթ Յակոբեանի առաջին անհատական ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Ներկայացուած քառասուն դրուագները ցոլացուցին հեղինակի վարպետութիւններն ու ստեղծագործական տաղանդը:
ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ
Վերջին տարիներուն սկսած արեւմ-տահայերէնին տագնապը, որուն տուն տուած էր ԻՒՆԷՍՔՕ-ի յայտարարութիւնը, թէ «արեւմտահայերէնը մեռնող լեզուներու շարքին կը դասուի», կը շարունակուի, առանց հիմնական լուծումներու: Եթէ պահ մը նկատի առնենք ծախսուած հսկայ գումարները այս հարցին համար՝ համագումարներու, խորհրդաժողովներու թէ աշխատանոցներու, կրնանք պահ մը կենալ եւ մտածել. այո՛, մտածել, որովհետեւ ըստ արդիւնքին, ոչ մէկ արդարացում կայ այսքան հսկայ մսխումներու համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեր նախորդ գրութիւնով ըսինք, թէ՝ որեւէ օրէնքի տրամադրութիւնը կամ հատուած մը կարդալ եւ կամ սորվիլ՝ օրէնսգէտ ըլլալ չի՛ նշանակեր, այլ պէ՛տք է հատուածը մեկնաբանել, ինչ որ յատուկ ուսում մը կը պահանջէ։
Լոս Անճելըսի մէջ հիմնադրուած «Անուշաւան Աբրահամեան» կրթական հիմնադրամը, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, քայլ մը եւս առաւ Հայաստանի շրջաններու երիտասարդութեան ապագայի կերտման ճամբուն վրայ:
Իտալիոյ երկրաշարժէն ծանր վնասներ կրած Ամաթրիչէ քաղաքի քաղաքապետ Սերճիօ Փիրոցի խոստացած է, որ երկրաշարժին պատճառով տանիքէ զրկուած բնակիչները վրանային աւանին մէջ մէկ ամիսէն աւելի պիտի չմնան՝ աւելցնելով, որ յառաջիկային պիտի որոշուի եւ փայտաշէն տուներ տեղադրելու համար պիտի յատկացուի անվտանգ տարածք, ուր ժամանակաւորապէս պիտի բնակին երկրաշարժէն վնասուածները:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Վրաստանի նորանշանակ դեսպան Կիորկի Սականելիծէն, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեան դեսպանը շնորհաւորեց նոր ստանձնած պաշտօնին կապակցութեամբ եւ յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական առաքելութեան համար։

