Արխիւ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտուհիներէն Քրիստին Ծառուկ վերջերս շատ փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է՝ կօշիկներու գծագրման մրցոյթի մը մէջ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ելոյթներով հանդէս եկաւ Պէօրքլիի եւ Սթենֆորտի համալսարաններուն մէջ:
Եդուարդ Նալպանտեան հայկական կողմի տեսակէտները մանրամասնօրէն կը բացատրէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ներկայ փուլին շուրջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Լորտ Պայրըն կ՚ըսէ, թէ՝ «այս աշխարհի վրայ առաքինութենէ աւելի ազնուական եւ ընտիր բան չկա՛յ»։ Առաքինի մարդ ըլլալ կը նշանակէ՝ ազնիւ մարդ ըլլալ, ընտիր մարդ ըլլալ, տիպա՛ր մարդ ըլլալ եւ մէկ խօսքով՝ մա՛րդ ըլլալ։ Արդարեւ բազմաթիւ արարածներու մէջ «մարդ» ստեղծուած ըլլալ, «մարդ» անուանուիլ՝ իրապէս շնորհ մըն է, առաւելութիւն մը, բացառութի՛ւն մըն է։
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ Հալէպի շուրջ կռիւները սաստկացած են վերստին։ Երկրի ղեկավար Պեշար Էսատի եւ ընդդիմադիրներուն կռիւները սաստկացած են մանաւանդ Հալէպի շուրջ։ Սուրիոյ բանակը սաստիկ յարձակման մը տակ առած է քաղաքը՝ զայն ամբողջութեամբ մաքրագործելու համար զինեալ ընդդիմադիրները եւ լիակատար վերահսկողութիւնը ձեռք անցընելու համար։ Սաստիկ բախումներու մթնոլորտին մէջ յարձակումներու թիրախ կը դառնան նոյնիսկ հիւանդանոցներ։
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին յառաջիկայ ամիս հաւանաբար այցելէ Թուրքիա։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ ան Հոկտեմբերին կրնայ այցելել Թուրքիա։ Նախապատրաստական բոլոր հանգրուաններու աւարտին Քրեմլինի աղբիւրները վերստին պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի ընեն այս մասին։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Պեշթեփէի պալատին մէջ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ գումարուեցաւ ժողովը, որ տեւեց շուրջ վեց ժամ։ Սա խորհուրդի երկրորդ ժողովն էր՝ 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ։
Երեւանի մէջ հայկական ազգագրական երգի ու պարի խանդավառ փառատօն. «Գութան 2016»:
«Մրրօ» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնած ծրագիրը բացուեցաւ մայրաքաղաքի կեդրոնի բացօթեայ երեկոյթով:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այս օրերուն Պոլիս կ՚այցելէ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Տքթ. Վարդան Օզինեան։ Ան Փարիզէն քաղաքս փութացած է իր քրոջ՝ վաստակաւոր կրթական մշակ Մարի Քարաքաշեանի հետ։
Իսրայէլի պետութեան իններորդ նախագահը պիտի յուղարկաւորուի այս Ուրբաթ:
Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր ղեկավարը իննսունչորս տարեկան էր:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք յայտարարեց, որ միջնորդները կը շարունակեն աշխոյժ աշխատանք տանիլ կողմերուն հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շրջագծով հրադադարի յարգումը խրախուսելու համար։
Հայաստանի մէջ նոր կառավարութեան ձեւաւորման աշխատանքները կը շարունակուին։ Կարէն Կարապետեանի վարչապետ նշանակուելուն զուգահեռ սկսած գործընթացը արդէն հասունցած է բաւականաչափ։ Կը նախատեսուի, որ մինչեւ շաբաթավերջ Նախարարաց խորհուրդի նոր կազմը յայտնի պիտի դառնայ վերջնականօրէն։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ՀՕՖ-ի պատուիրակութիւնը:
Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ կառոյցի ղեկավար Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի մասին:
Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսըն երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Ագարայի մէջ:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց իր պաշտօնակցին հետ՝ անդրադառնալով Սուրիոյ իրադարձութիւններուն եւ ԵՓԿ-ի խնդրին:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս արդէն աւարտին հասած է արքունի ճարտարապետաց Պալեան գերդաստանի անդամներուն շիրմին վերանորոգութիւնը։ Յուշարձանի մը ձեւաչափին մէջ վերանորոգուած է շիրիմը, Փարիզէն՝ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբարներու բարերարութեամբ եւ «Հայճար»ի նպաստով։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս վերջերս նշուեցաւ Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարի օծման վեցերորդ տարեդարձը, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ շնորհուած շքանշաններու տուչութիւնը։ Այսպէս, Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան յանձնեց բարերարներուն շքանշանները։ Արեւմտեան Թեմի դիւանէն ստացանք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը, զոր կը հրատարակենք ստորեւ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Արեւելեան ծէսի ընկերութեան 6-րդ միջազգային գիտաժողովը։ Եէյլի համալսարանէն Պրայան Սփինկսի կողմէ գլխաւորուած այս ընկերակցութեան անդամներն ու գիտաժողովի մասնակիցները ընդունուեցան նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Արմէնփրէս» հայկական լրատուական գործակալութեան ջանքերով՝ Ռուսաստանի Աստրախան քաղաքին մէջ Սեպտեմբերի 24-ին բացուած է «Հայաստա՛ն, յաւերժական իմ սէր» խորագիրը կրող լուսանկարներու ցուցահանդէսը՝ նուիրուած Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 25-ամեայ յոբելեաններուն:
Երեւանի մէջ ընթացքի մէջ է «Կոմիտասը եւ միջնադարեան երաժշտութեան մշակոյթը» խորագրեալ գիտաժողով-փառատօնին ծրագիրը։ Օփերայի համալիրէն ներս նախընթաց երեկոյեան տեղի ունեցած հանդիսաւոր համերգէն վերջ, երէկ «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառի յարկէն ներս սկսան գիտաժողովի աշխատանքները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Արտաշէս Գալփաքճեանի «Հօր մը իր զաւկին հետ մտերիմ խօսակցութիւն» յօդուածաշարքէն՝ 11 Սեպտեմբեր 1937 թուակիր «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի մէջ հրատարակուած հետաքրքրական յօդուածը։ Արդարեւ, մեզի համար մեծ հաճոյք է մօտաւորապէս ութսուն տարի առաջ, մեր մեծհօր Արտաշէս Գալփաքճեանի, այս նոյն սիւնակներուն մէջ հրատարակուած յօդուածին անդրադառնալ եւ զայն ներկայացնել մեր սիրելի՜ բարեկամներուն։
Հայաստանի Զարգացման հիմնադրամի հրաւէրով Հայաստան այցելելէ ետք Der Standard օրաթերթի լրագրող Քրիստիան Շախինկըր յօդուած հրապարակած է Հայաստանի մասին՝ ներկայացնելով հայկական շարք մը զբօսաշրջային ուղղութիւններ:




