Արխիւ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

Հա­լէ­պա­հայ ե­րէց սե­րուն­դէ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան Թո­րոս Թո­րա­նեան, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հաս­տա­տուած է Ե­րե­ւան, վեր­ջերս զրու­ցեց «Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջին հետ։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք իր հետ կա­տա­րուած տե­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին շեշ­տած է, որ Սու­րիոյ գա­ղու­թը պի­տի պահ­պա­նուի՝ Հա­յաս­տա­նի հա­մար։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

Յոյն շնոր­հա­լի բա­նաս­տեղծ ու հայ մշա­կոյ­թի մեծ սի­րա­հար Քու­լիս Ա­լե­փի­սի «Ար­մե­նի­քի մու­սա» եր­կե­րու հա­ւա­քա­ծոն, իր սկզբնա­կան հրա­տա­րա­կու­թե­նէն 78 տա­րի­ներ ետք, դար­ձեալ լոյս կը տես­նէ՝ «Ար­մե­նի­քա» ե­ռամ­սեա­յի կող­մէ վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թեամբ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

Ara KOÇUNYAN

Samatya Surp Kevork Kilisesi Vakfı Yönetim Kurulu, geçtiğimiz Pazartesi günü bu sütunda Ermenice olarak yayımlanmış olan "Samatya'da Neler oluyor?" başlıklı yazımızla ilgili cemaat basınında bir duyuru yayımladı. Zorunlu addedilmiş olan duyuru hem Ermenice, hem de Türkçe; üstelik iki versiyon arasında tutarsızlıklar da var.

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

Օթ­թաուա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ լու­սան­կար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս մը, որ ձօ­նուած էր միջ­նա­դա­րեան Ա­նի քա­ղա­քին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեվ­լէթ Պահ­չե­լիի հետ։ ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը եւ ՄՀՓ մի­ջո­ցէ մը ի վեր աշ­խա­տանք կը տա­նին Սահ­մա­նադ­րու­թեան բա­րե­փոխ­ման նիւ­թին շուրջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Նազար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ յայտ­նի ա­րուես­տա­գէտ Ա­րամ Կոս­տա­նեան։ Ու­սուց­չաց օ­րուան յա­ջորդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, Թըր-քա­հայ ու­սուց­չաց հի­մնար­կի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ե­րե­կոյթ մըն էր այս մէ­կը, որ ձօ­նուած էր մեր կրթա­կան մշակ­նե­րուն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի Ծնո­ղաց միու­թիւ­նը ե­րէկ ճաշ­կե­րոյթ մը կազ­մա­կեր­պեց Պա­քըր­գիւ­ղի «Է­ֆէն­տիմ» ճա­շա­րա­նին մէջ։ Վարժա­րա­նի հա­մա­կիր­նե­րը այս առ­թիւ հա­ճե­լի ժա­մանց ու­նե­ցան՝ ե­րաժշ­տա­կան յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեամբ։ Տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն մը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազրոյց մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նո­րըն­տիր փոխ-նա­խա­գահ Մայք Փեն­սի հետ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, զրոյ­ցը տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­մե­րի­կեան կող­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

​Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ո­րո­շած է պար­գե­ւատ­րել մեր հա­մայն­քի բա­րե­րա­րու­հի­նե­րէն Մո­նիք Եր­կա­նեա­նը։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի տնօ­րի­նու­թեամբ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն ի­րեն պի­տի շնոր­հուի «Կո­լոտ» շքան­շա­նը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ե­րա­նաշ­նորհ Յով­հան­նէս Բա­ղի­շե­ցի Պատ­րիար­քի յի­շա­տա­կին հաս­տա­տուած այս շքան­շա­նը կը շնոր­հուի բա­րե­րար­նե­րուն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

Գարակէօզեանի «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցին մէջ:
Հանգուցեալ բեմադրիչ Արթօ Պէրպէրեան վերյիշուեցաւ իր մահուան 17-րդ տարելիցին առթիւ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի հե­տա­զօ­տու­թեան, գի­տու­թեան ու նո­րա­րա­րու­թեան հար­ցե­րով յանձ­նա­կա­տար Քար­լոս Մոէ­տաս վեր­ջերս Պրիւք­սե­լի մէջ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ «Գե­րա­զան­ցու­թիւն տա­րա­ծե­լով եւ անց­նե­լով նո­րա­րա­րու­թեան սահ­ման­նե­րը» խո­րագ­րեալ գի­տա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին։ «Ար­մէնփ­րէ­ս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, եւ­րո­պա­ցի յանձ­նա­կա­տա­րը, որ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին այ­ցե­լած էր Հա­յաս­տան, այդ հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին բաժ­նեց իր ու­ղե­ւո­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան եւ Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէր­կէյ Շոյ­կու ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, ո­րով կը նա­խա­տե­սուի հայ-ռու­սա­կան հա­մա­տեղ զօ­րա­խում­բի ստեղ­ծու­մը։ Այս նիւ­թը մի­ջո­ցէ մը ի վեր օ­րա­կար­գի վրայ է եւ ծրագ­րին նկատ­մամբ վեր­ջերս իր հա­ւա­նու­թիւ­նը տուած էր Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

«Նեզավիսիմայա Կազեթա»ի հաղորդումներով, Պաքու կը վարէ խտացեալ բանակցութիւններ՝ նոր սպառազինութիւն ապահովելու համար:
Ըստ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի, Համպուրկի մէջ յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ 2+3 ձեւաչափով հանդիպում մը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

ՅԱՍ­ՄԻԿ ՍԱՐ­ԳԻ­ՍԵԱՆ-ԳԷՈՐ­ԳԵԱՆ

Ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը ժո­ղո­վուր­դի մը մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցայ­տող աղ­բիւրն է, ո­րուն ճամ­բով կը պատ­մուի ժո­ղո­վուր­դի մը ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն, սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն, ա­ռաս­պել­նե­րուն մա­սին, ինչ­պէս նաեւ հոն կը հաս­տա­տուի ա­նոր տա­ղանդն ու հնա­րամ­տու­թիւ­նը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Դահ­լի­ճի մը մէջ նստած՝ ժա­մե­րով կը լսեմ թեր ու դէմ կար­ծիք­ներ: Հար­ցը կը քննարկուի բո­լոր տե­սան­կիւն­նե­րէն, հե­ղի­նա­կա­ւոր մտա­ւո­րա­կան­նե­րու հոյլ մը նոյն մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը կ՚ար­ծար­ծէ: Ափ ի բե­րան կը հե­տե­ւիմ ան­ցու­դար­ձին՝ «Միա­ձու­լեն­ք», կ՚ը­սէ մին, «Միա­ձու­լու­մը լու­ծում չէ» կ­­՚ը­սէ ու­րիշ մը: Բո­լո­րը միա­բե­րան կ՚ար­ձա­գան­գեն դպրոց­նե­րու ծրա­գիր­նե­րուն մէջ նե­րա­ռել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

Հայ մեծանուն գրող Վահան Տէրեան բացի քերթուածներէ, նաեւ յօդուածներու եւ խոհերու հեղինակ է: Անոր «Հոգեւոր Հայաստան» յօդուածը համահունչ է այս օրերուն, քանի հայութիւնը կը դիմագրաւէ նախորդ դարասկիզբի մարտահրաւէրները, որոնց ականատես եղած է Տէրեան՝ մեծ գրագէտը եւ չէ կրցած անտարբեր մնալ հայութեան ցաւերուն հանդէպ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան, իր «Հա­յոց անձ­նա­նուն­նե­րի բա­ռա­րան»ին (1942) «Ա­ռա­ջա­բան»ին մէջ սա­պէս կ՚ը­սէ. «Այս աշ­խա­տու­թեան նպա­տակն է հա­ւա­քել, դա­սա­ւո­րել եւ ու­սում­նա­սի­րել այն բո­լոր ա­նուն­նե­րը, որ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, ո­րե­ւէ հայ ան­հատ կրած է եր­բե­ւի­ցէ, ան­կախ իր ու­նե­ցած դիր­քէն ու աս­տի­ճա­նէն՝ ըն­դու­նած կրօ­նէն ու դա­ւա­նան­քէն եւ ապ­րած շրջա­նէն կամ երկ­րէն»։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

National Geographic հե­ղի­նա­կա­ւոր պար­բե­րա­կա­նը հրա­պա­րա­կեց ցու­ցակ մը, ո­րու վրայ նշուած են աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն հի­նա­ւուրց վայ­րե­րը՝ աստ­ղե­րու դի­տարկ­ման հա­մար։ Այդ ցու­ցա­կին վրայ ընդգր­կուած է նաեւ Հա­յաս­տա­նէն Քա­րա­հուն­ջը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, յօ­դուա­ծին մէջ նշուած է, որ հայ­կա­կան այս վայ­րը կը գտնուի Փոր­թու­գա­լի նշա­նա­ւոր քա­րե­րու յու­շար­ձա­նէն դէ­պի ա­րե­ւելք 3000 մղոն հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ՝ Սի­սիեան քա­ղա­քի մեր­ձա­կայ­քին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

Պուք­րէ­շի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ գի­տա­ժո­ղով մը, որ ձօ­նուած էր՝ «Սփիւռ­քի գաղ­թօ­ճախ­նե­րու ազ­գա­յին եւ էթ­նիք ինք­նու­թիւն­նե­րը հան­րա­յին տա­րած­քէն ներս» նիւ­թին։ Բա­նա­կի տան եր­դի­քին տակ, այս հա­մա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պուած էր «Եւ­րո­պա­կան սփիւռք­ներ» ցան­ցա­յին ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րէն ներս։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

Երեւանի մէջ քննարկում մը՝ միջազգային մասնագէտներու մասնակցութեամբ:
«Եթէ Վրաստան անդամակցի ՆԱԹՕ-ին, ապա չեն ազդուիր Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները»:

Էջեր