Արխիւ
Երեւանի մօտ Հնդկաստանի նորանշանակ դեսպան Եոկեշվար Սանկվան երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին յանձնեց իր հաւատարմագիրը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու Ելմտական նախարարի աւագ օգնական Տանիէլ Կլէյզըր, անցեալ Մայիսին, անակնկալ այց մը կը կատարէր դէպի Պէյրութ: Ամերիկացի գործիչը շփումներ կ՚ունենար Լիբանանի դրամական ոլորտի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ:
Պինալի Եըլտըրըմ Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն կը մօտենայ դրական ոգիով:
Վարչապետին համոզմամբ, մշտական թշնամանք չի կրնար ըլլալ Ռուսաստանի, Եգիպտոսի, Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ:
Ինչպէս հաղորդած էինք, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան վերջերս Վատիկանի կողմէ Մխիթարեան միաբանութեան համար նշանակուեցաւ պապական պատուիրակ։ Այս իրադարձութիւնը լայն արձագանգ գտած է հայաշխարհէն ներս։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Լիբանանի մէջ երէցները կը պատմեն, թէ հանրապետութեան նախկին նախագահներէն Սլէյման Ֆրենժիէ (1970, երեսփոխան Ս. Ֆրենժիէի մեծ հայրը) նախագահ ընտրուելով՝ յայտարարած է, որ օր պիտի գայ, երբ լիբանանցիները այլեւս դռները պիտի չկղպեն (այնքան ապահով պիտի ըլլայ): Եկած են քաղաքացիական պատերազմի օրերը, եւ մարդիկ իսկապէս պէտք չեն ունեցած կղպելու դռները, որովհետեւ ո՛չ դուռ մնացած է, ո՛չ ալ պատուհան: Այսպէս կ՚ըսեն: Կատակը՝ կատակ, կարդացէ՛ք…
Յետմիջօրէի քանի մը ժամերուն եղբօրս կառատունը շատ աւելի մեծ թիւով մարդ կը հաւաքուէր, քան՝ հայկական ակումբները: Անիկա դարձած էր անպաշտօն «ակումբ» մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պատմութեան ամէն շրջանին եղած են անձեր՝ որոնք դրական կամ բացասական, ընթացք տուած են ընդհանուր ընկերային կեանքին եւ նաեւ եկեղեցիին։ Անոնք երբեմն օգտակար, երբեմն վնասակար, երբեմն շահադիտութեամբ, երբեմն նուիրական ոգիով՝ ծառայասիրութեամբ դրոշմ եւ հետք թողած են ժողովուրդի մը ճակատագրին վրայ։
Գումգաբուի ընտանիքը երէկ երեկոյեան փայլուն հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ տուաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Աւանդական հրաժեշտի երեկոյթը տեղի ունեցաւ Պէզճեան սրահին մէջ, ուր ընթացաւարտներն ու իրենց ծնողները համախմբուեցան ընթրիքի սեղաններու շուրջ։
Երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան Տան մէջ տեղի ունեցաւ դպրոցի այս տարուան շրջանաւարտներուն հրաժեշտի հանդիսութիւնը։ Ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ անցաւ երեկոյթը, որու հանդիսավարներն էին Ալեքսան Զարուքի եւ Լուսին Չաղլը։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ երեկոյեան հրաժեշտ տուաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Սփիւռքի հայութեան ազգային դիմագիծի պահպանման եւ մեր գաղութները հայօրէն ապրեցնող անհրաժեշտ հոգեւոր սնունդի հայթայթման գործին մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցներու կողքին, մեծ դեր կը կատարեն Սփիւռքի մէջ լոյս տեսնող հայկական թերթերը ու մանաւանդ գաղափարական եւ կուսակցական մամուլը։
ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդը քննարկեց Սուրիոյ ներքին պատերազմին ծանր հետեւանքները։
Դեսպան Արման Կիրակոսեան ուշադրութիւն հրաւիրեց Հալէպի հայկական թաղամասերու հրթիռակոծման վրայ։
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ Երկուշաբթի Սէն Փեթերսպուրկի մէջ պիտի տեսակցին Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ շարունակելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ քննարկումները։
Երեւանի մօտ Հնդկաստանի նորանշանակ դեսպան Եոկեշվար Սանկվանի այս օրերուն Հայաստանի ղեկավարութեան կը յանձնէ իր հաւատարմագրերը։ Երէկ, ան ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ, որուն յանձնեց իր հաւատարմագրերուն պատճէնը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայիպ Էրտողան երէկ իֆթարի հաւաքոյթի մը ընթացքին մէկտեղուեցաւ անվտանգութեան համակարգէն պաշտօնեաներու հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ զուգահեռ կառոյցի՝ զայն որակելով դաւաճանութեան հրոսախումբ։
Արդարադատութեան նախարարութիւնը յստակեցուց իր դիրքորոշումը Անթիլիասի կողմէ բացուած դատին կապակցութեամբ:
Սահմանադրական ատեանին յանձնարարուած է ընթացք չտալ՝ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձման նպատակով կատարուած դիմումին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իրաւական նախաձեռնութեան ճակատագիրը կրնայ վճռուիլ տեսանելի ապագային:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ Սուրբ Վլատիմիր Ուղղափառ ճեմարանի տեսուչ Տքթ. Ճոն Քհնյ. Պեռին, որուն կ՚ուղեկցէր Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանի տեսուչ Տ. Մարտիրոս Ա. Քհնյ. Չեւեան։
Երեւանի մէջ ներկայիս տեղի կ՚ունենան Չինական մշակոյթի օրեր։ Բազմակողմանի յայտագիր մը կը գործադրուի այս շրջագծով։ Հայաստանի եւ Չինաստանի մշակոյթի նախարարութիւններուն համագործակցութեամբ կազմակերպուած է այս ձեռնարկը։
Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ, երէկ երեկոյեան, Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ» պարախումբի ներկայացումը։ Համակրելի արուեստագիտուհի Նաթալին Պոզ Եըլմազի առաջնորդութեամբ անցեալ եղանակին յառաջ տարուած պարի դասընթացքներուն տարեվերջի ներկայացումն էր այս մէկը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տարեվերջի խրախճանքի ծրագիրը կը գործադրուի մեծ խանդավառութեամբ։ Փառատօնի շաբթուան շրջագծով մասնաւոր բաժին մը յատկացուեցաւ աշակերտներու անգլերէն ելոյթներուն։
