Արխիւ
Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ Առեւտուրի եւ ներդրումներու խորհուրդին անդրանիկ նիստը:
Ռիչըրտ Միլսի խօսքերով, գործարարութեան բնագաւառէն ներս հաւասար պէտք է ըլլան բոլոր երկիրներուն ընկերութիւնները:
Ֆրանսուա Օլանտ մինչեւ ամսավերջ պիտի տեսակցի Պարաք Օպամայի եւ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջագծով Փարիզ կ՚ակնկալէ Եւրոմիութեան զօրակցութիւնը:
Թուրքիա եւ ԱՄՆ շարժման կ՚անցնին Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները մաքրագործելու նպատակով:
Ճոն Քերի տեղեկացուց, որ ԻՇԻՊ-ի դէմ պիտի կատարուին միասնական գործողութիւններ:
26-րդ գումարման Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի աշխատաքը պաշտօնապէս սկսաւ՝ երեսփոխաններու երէկուան երդման հանդիսաւոր արարողութեամբ:
Խորհրդարանի ամպիոնին մօտ իրենց երդումը կատարեցին նաեւ թրքահայ երեք պատգամաւորները՝ Մարգար Էսաեան, Սելինա Տողան եւ Կարապետ Փայլան:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն ատամնաբոյժ Ռուտի Պօյաճեան կարեւոր յաջողութիւն արձանագրած է իր մասնագիտական աշխատանքին մէջ։ Այսպէս, համապատասխան քննութիւններուն շրջագծով ան նուաճած է Թուրքիոյ առաջնութիւնը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրն ու իր ընկերները։ Թաղականներուն հետ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան։
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ այս շաբաթավերջին «Պողազիչի» համալսարանին մէջ պիտի կազմակերպուի խորհրդաժողով մը, որ խորագրուած է «Ոչնչացուած քաղաքակրթութիւն. ոչ-իսլամներու ստացուածքը՝ ուշ Օսմանեան կայսրութեան եւ վաղ Հանրապետական ժամանակաշրջանին»։
ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ
Տասնչորս տարի առաջ` 9-11-ի ատեն ընկերային ցանցերու աշխարհ չկար: Օրին աշխարհը ահաւոր ոճիրէ մը ցնցուեցաւ, եւ կարեկցական մթնոլորտ կը տիրէր ամէն տեղ, ամէն մարդ կը դատապարտէր այդ հակամարդկային բռնարարքը:
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր այլեւս Պելժիոյ Թագի շքանշանի ասպետ է (Commandeur de l’Ordre de la Couronne): «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, Ազնաւուր կոչման արժանացած է Նոյեմբերի 16-ին, Պրիւքսէլի Egmont Palace-ի մէջ:
Աշխարհի կարեւորագոյն աճուրդի ընկերութիւններէն «Տորոթէում»ի Փրակի մասնաճիւղը վաճառքի դրած է աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի «Վեզիւվի տեսարանը» կտաւը։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, հաւանական է, որ Այվազովսքիի այս գործին աճուրդը տեղի ունենայ յառաջիկայ Նոյեմբերի 28-ին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Պահեցողութիւն», իր լայն առումով կը նշանակէ՝ ինքզինք ազատ կացուցանել այն բոլոր աշխատանքներէն, գործերէն եւ սովորութիւններէն՝ որոնք իրենց բնութեամբ իսկ արգելք կը հանդիսանան մարմնաւոր եւ հոգեկան սրբացման։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
26-րդ գումարման Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը երէկ պաշտօնապէս աշխատանքի ձեռնարկեց նորընտիր երեսփոխաններու երդման հանդիսաւոր արարողութիւնով։ Երէկ գումարուած խորհրդարանը մեծ ներուժ մը ունի՝ մօտաւոր ապագային երկրի կայունութիւնն ու զարգացումը երաշխաւորելու տեսանկիւնէն։
Երէկ, երեկոյեան ժամերուն Մարմարա ծովուն մէջ տեղի ունեցան երկու իրերայաջորդ երկրաշարժներ։ Վարչապետարանի Աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման վարչութեան համապատասխան բաժանմունքէն տեղեկացուցին, թէ երկրաշարժին էփիկեդրոնը շուրջ 20 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր Ավճըլարի, Պահչելիէվլէրի, Զէյթինպուրնուի, Քիւչիւքչեքմեճէի եւ Պիւյիւքչեքմեճէի նման բնակութեան կեդրոններէն։
Ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօրավար Սալիհ Զեքի Չոլաք այսօրերուն կ՚այցելէ Պաքու։ Իր շփումներուն շրջագծով ան հանդիպումներ կ՚ունենայ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն եւ ոլորտի այլ շարք մը պաշտօնատարներուն հետ։
Թեհրանի մէջ վերջերս կազմակերպուեցաւ Հայաստան-Իրան գործարար համաժողով մը, որու ընթացքին շեշտուեցաւ, թէ երկու երկիրներու առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը կարելի է հասցնել 1 միլիառ ամերիկեան տոլարի։ Այս գործարար համաժողովը կազմակերպուած էր Թեհրանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Իրանի Առեւտուրի, արդիւնաբերութեան հանքերու եւ գիւղատնտեսութեան պալատին կողմէ։
Սինիրլիօղլուէն մանրամասնութիւններ՝ Վիեննայի բանակցութիւններուն շուրջ:
Միջազգային համաձայնութեան մէջ կը նախատեսուի Պեշար Էսատի իշխանութենէն հեռանալը:
Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս այսօր կը ժամանէ Թուրքիա։ Ան առաջին անգամ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ կը հիւրընկալուի՝ Յունաստանի վարչապետ դառնալէ վերջ։
Նոյեմբերի 1-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններէն վերջ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ այսօր կ՚ապրուի երդման օր մը։ 26-րդ գումարման Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի անդամները այսօր կը կատարեն իրենց երեսփոխանական երդումը։
Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած ԵՄ-ի անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ հանդիպում:
Եդուարդ Նալպանտեան ներկայացուց սպառազինութիւններու վերաբերեալ հայկական կողմին դիրքորոշումը:
Փարիզի մէջ պատահած աննախընթաց ահաբեկչութեան պատճառած ցնցումը յեղաշրջած է Ֆրանսայի օրակարգը։