Արխիւ
Վարպետ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր հիւրընկալուեցաւ «Զաման» օրաթերթին կողմէ աւանդաբար կազմակերպուող լրագրողական ձեւաւորման օրերու ձեռնարկին։ Այս առթիւ բացման խօսքեր արտասանեցին «Զաման»ի հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն Էքրէմ Տումանլը եւ տեսողական հրատարակութեան վարիչ Ֆեւզի Եազըճը։
Ամերիկացի թատերագիր եւ մանկավարժ Ռիչըրտ Քալինոսքիի կենսագրութեան մէջ շրջադարձ մը կը մատնանշէ «Գազանը լուսնի վրայ» թատերախաղը, զոր ան սկսած է գրել 1991-ին։ Այս ստեղծագործութիւնը անմիջապէս մեծ հետաքրքրութեան արժանացած է համաշխարհային հանրութեան կողմէ, բեմադրուած բազմաթիւ անգամներ եւ արժանացած բազմաթիւ մրցանակներու։
Յայտնի հայ երաժիշտ Արամ Տիգրան իր անունը կրող արուեստի փառատօնով մը չորրորդ անգամ պիտի ոգեկոչուի Տիարպաքըրի մէջ։
Ջութակահար Քիմ Քաշքաշեան եւ դաշնակահար Փիթըր Նակի, ի ներկայութեան երգահան Տիգրան Մանսուրեանի, այս իրիկուն համերգ մը պիտի սարքեն Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ մէջ։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործադիր կոմիտէի հերթական նիստը:
Միջեկեղեցական բարձրաստիճան ժողովականները ընդունուեցան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ:
Ֆրանսայի «Լը Մոնտ» յայտնի օրաթերթը վերջերս դրուատալից յօդուած մը լոյս ընծայած է Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին։ Հինգ էջերու վրայ տարածուած այս ծաւալուն յօդուածը մանրամասնօրէն ծանօթացուցած է «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը, նաեւ անոր բարեյիշատակ հիմնադիրը՝ ազգային մեծանուն բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երկինքի անբիծ կապոյտը հրաւէ՛ր է մարդկութեան հաւատքի, մաքուր կեանքի, բարի ապրելու, ճշմարիտ արժէքներ ճանչնալու եւ վերջապէս՝ յաւիտենական կեանքի։
Երեւանի մէջ վերջերս ծանօթացուեցաւ յայտնի նկարիչ եւ ուսուցիչ Հրազդան Թոքմաճեանի «Այնթապի ասեղնագործութիւնը» գիրքը։ Մատենադարանի երդիքին տակ այս գիրքին համար կազմակերպուած շնորհանդէսին ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։
Վրաստանի մայրաքաղաքը՝ Թիֆլիզ ժամանեցին Հայաստանի Գրողներու միութենէն պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեանի։ Այցի նպատակը Յովհաննէս Թումանեանի թիֆլիզեան բնակարանը ամբողջական տեսքով Վիրահայոց Թեմին փոխանցելն էր:
Ամերիկայի հայկական համագումարը (ԱՀՀ) Հայաստանի իր տարածքաշրջանային նորաստեղծ մասնաճիւղին համար տնօրէնուհի նշանակած է Արփի Վարդանեանը։ ԱՀՀ-ի աղբիւրներուն կողմէ կատարուած հաղորդումներով, 1994 թուականէն ի վեր Արփի Վանդանեան եղած է այս կառոյցի գործունէութեան աջակիցը։
Արամ Խաչատուրեանի անուան 11-րդ միջազգային երաժշտական մրցոյթի շրջագծով Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին մէջ կայացաւ հազուագիւտ լարային գործիքներու ցուցահանդէս մը։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը առաջնահերթ կարեւորութիւն կու տայ թուայնացման:
Յասմիկ Պօղոսեանի բացատրութիւններով, աշխատանքները կ՚ընդգրկեն նաեւ ժապաւէններն ու ձայնագրութիւնները:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Պրազիլիոյ ծերակոյտին կողմէ առնուած այն որոշումը, որ 1915-ը կը ճանչնար որպէս ցեղասպանութիւն։ Ըստ նախարարութեան, այս որոշումը անյարիր է պատմական իրականութեան եւ առ ոչինչ կը համարէ իրաւունքը։
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին 12-13 Յունիս թուականներուն պիտի այցելէ Ատրպէյճանի մայրաքաղաքը՝ Պաքու, ուր պիտի մասնակցի Եւրոպական առաջին խաղերու բացման։ Պաքու այցելութեան օրերուն Փութին պիտի մէկտեղուի նաեւ իր գործընկերոջ՝ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ անոր հետ պիտի քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հանդէս եկաւ գրաւոր յայտարարութեամբ մը:
Եւրոպական միութիւնն ու Միացեալ Նահանգներ գնահատեցին շաբաթավերջի արդիւնքները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին գործակցելու:
Յուլիս 7-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները երկրի ժողովրդավարականացման տեսանկիւնէն լուրջ անկիւնադարձ մը կը նկատուին։ Միջազգային հանրութեան ու մամուլին արձագանգը այս ուղղութեամբ է։
Խմբագրատանս մէջ հաճոյքն ունեցանք հիւրընկալելու նախկին իսթանպուլաբնակ ֆրանսահայ համայնքային գործիչ Արամ-Անի Շիմշիր ամոլն ու իրենց դուստրը՝ Մելինէ Շիմշիրը։
Շաբաթավերջին կայացած խորհրդարանական ընտրութեանց հետեւեցան նաեւ դիտորդական տարբեր կազմակերպութիւններ, թէ՛ քաղաքացիական հասարակութենէն եւ թէ միջազգային հանրութենէն։ ՀՏՓ-ի հրաւէրով ընտրութեանց հետեւեցաւ նաեւ ՀՅ դաշնակցութեան Եւրոպայի հայ դատի գրասենեակի պատուիրակութիւնը։
Մշոյ Եուքարըեոնկալ գիւղին մէջ գտնուող Ս. Կարապետ վանքի տարածքը հոն գտնուող տուներէն ազատելու եւ վանքի վերակառուցման աշխատանքները իրականացնելու համար դիմում մը ներկայացուած է Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան, ինչպէս նաեւ Ներքին գործոց նախարարութիւններուն։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Կիրակի մեկնեցաւ Հայաստան։
Հայ Առաքելական Եկեղեցին անցեալ շաբաթավերջին նշեց Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի տօնը։ Օրուան առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ Ս. Պատարագ մատոյց Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան։