Արխիւ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Ֆրանսայի հարաւին, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Նիսի քաղաքապետ Քրիստիան Էսթրոզիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ողջունելով Սարգսեանը Էսթրոզի նշեց, թէ մեծ պատիւ է, որ Հայաստան պատուոյ հիւրը կը հանդիսանայ աշխարհի ամենայայտնի երաժշտական փառատօններէն մէկուն՝ «Միտէմ» միջազգային փառատօնին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մէկէ աւելի լրատուական ծառայութիւններ տեղեկութիւններ կը փոխանցեն իրանեան զինեալներու Դամասկոս հասնելուն մասին: Ըստ տրուած տեղեկութիւններուն, անցնող երեք օրերուն Դամասկոս հասած իրանցի եւ իրաքցի զինեալներուն թիւը կը հասնի եօթ հազարի: Կը սպասուի նաեւ, որ յառաջիկայ օրերուն այդ ուժերուն թիւը հասնի տասներկու հազարի։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան 25-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովի ձեւաւորման հանգրուանը:
Վաղուան ընտրութիւններուն արդիւնքը պիտի պայմանաւորէ ներքին քաղաքական նոր հաւասարակշռութիւնները:
Արամ Խաչատրեանի սենեկային ստեղծագործութիւնները ամփոփումը:
Աշխարհահռչակ յօրինողի նոր թողարկուած սկաւառակներուն համար շնորհանդէս Երեւանի մէջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Հոգեւոր Առաջնորդ Այէթուլլահ Համանէյի ուխտագնացութիւններու հարցերով ներկայացուցիչ Սէիտ Ալի Կազի Ասքարը, որ վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան։ Իրեն կ՚ուղեկցէր Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մուհամմէտ Րէիսի։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը եւ առաջին դասարանի Ընթերցման տօնը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Մանկապարտէզի փոքրիկներուն գործադրած յայտագիրը կը ցոլացնէր գծանկարեալ գիւղի մը մթնոլորտը, որու մէջ անոնք ծափահարութիւններու արժանացան իրենց պարերով, երգերով ու նուագներով։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդիսութիւնը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ։ Տնօրէնուհի Անիթա Թումայեանի գլխաւորութեամբ դպրոցի ամբողջ ընտանիքը ներկայ էր հանդէսին, ծնողներով եւ հիւրերով հանդերձ։
Էսաեան վարժարանի ութերորդ դասարանի աշակերտները անցեալ շաբաթավերջին տարեվերջի շրջապտոյտ մը իրականացուցին դէպի Քուշատասը։ Ուղեւորութեան ընթացքին անոնք հանգրուանեցին նաեւ Եփեսոսի աւերակներուն եւ Շիրինճէ գիւղին մէջ։
Պէզճեան Մայր վարժարանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ թետերական ներկայացում մը։ Դպրոցի թատերախումբը բեմադրեց «Հապապամ սընըֆը» անուն յայտնի զաւեշտը, ուսուցչուհիներէն Նետիմէ Աքայի բեմադրութեամբ։ Թեքնիկ պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր Գարօլին Էզիքօղլու։
2014-2015 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ ստեղծուած խանդավառութիւնը կը շարունակուի։ Անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած անդրանիկ շրջանաւարտներու հրաժեշտի արարողութենէն վերջ, երէկ, այս դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդիսութիւնը։
Պէյազըտի «Փրեզիտընթ» պանդոկին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի այս տարուան միջնակարգի շրջանաւարտներուն ի պատիւ ընթրիք մը։ Ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ ընթացաւ երեկոյթը, որու ընթացքին Սամաթիոյ ընտանիքին կողմէ տղաքը խրախուսուեցան՝ իրենց կրթական կեանքի այս կարեւոր ճամբաբաժանին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց Ընդհանրական Եկեղեցւոյ հայրերէն Ս. Յովհան Ոսկեբերանի «Մեկնութիւն մարգարէութեանն Երեմիայ» խմբագիր մեկնութիւնը՝ աշխատասիրութեամբ Յակոբ Քէօսէեանի։
Եշիլգիւղի վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի ընթերցման տօնը եւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը։ Երկու ձեռնարկներուն ընթացքին ալ աշակերտները հանդէս եկան յաջող ելոյթներով եւ արժանացան ծափահարութիւններու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Սուտ»ը կը կայանայ սխալ բան մը ըսելու մէջ՝ խաբելու դիտաւորութեամբ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս։ Ուստի սուտին մէջ ճշմարտութիւն չի գտնուիր։ Սուտը, այս իմաստով, ճշմարտութեան դէմ ամենէն մեծ եւ ուղղակի թշնամին է։
Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանէն ներս տեղի ունեցաւ «Հայաստան» շարժանկարի սրահի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Համալիրէն ներս տեղի ունեցած շրջայցի ընթացքին Սերժ Սարգսեան ծանօթացաւ 2013 թուականէն ի վեր իրականացուած վերանորոգման աշխատանքներուն։
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սերպիոյ Ա. փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչի Երեւանի մէջ ունեցած շփումներուն արձագանգները կը շարունակուին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Տաչիչ արտայայտուած էր Պաքուի մէջ իրեն ներկայացուած առաջարկին շուրջ, որով Ատրպէյճան փափաք յայտնած է ընդլայնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն շրջագիծը եւ եռանախագահներու շարքին ընդգրկել նաեւ Գերմանիան ու Թուրքիան
Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Անաթեմա» ռաք երաժշտութեան խումբի համերգը։ «Պարոնեան» թատրոնի երդիքին տակ հանդէս եկաւ «Անաթեմա»ն, որ մեծ համբաւ կը վայելէ աշխարհի վրայ։
Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան նախաձեռնութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները անպաշտօն հանդիպում մը պիտի ունենան Մինսքի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հաւաքոյթին նպատակը պիտի ըլլայ վերջերս Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած ԵՄ-ի անդամ եւ Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու գագաթաժողովի արդիւնքներուն ամփոփումը։
Թուրքիա մօտէն կը հետեւի հայկական հարցին վերաբերեալ Պելժիոյ մէջ ապրուած վերջին խմորումներուն։ Տեղական մամուլը բոլորովին վերջերս տեղեկացուցած է, թէ Պելժիոյ խորհրդարանէն ներս մեծամասնութեան տէր չորս կուսակցութիւններ ձեռնամուխ եղած են հայկական բանաձեւի մը ընդունման։
Իրան-Հայաստան կազամուղի վերջին հատուածը կը վաճառուի «Կազփրոմ Արմէնիա» ընկերութեան:
Երեսփոխան Արտակ Զաքարեանի խօսքով, սպառնալիք մը չկայ երկրի ուժանիւթի անվտանգութեան տեսակէտէ: