Արխիւ
Շիշլի մարզակումբը այս տարի եւս Գնալը կղզիի մէջ ճատրակի մրցաշարք մը կազմակերպեց ի յիշատակ վաղամեռիկ Ալեքս Տաղլըեանի, որ ակումբի մարզիկներէն էր։
Կը տեղեկանանք, որ մեր մտաւորական աշխարհի երէց սերունդի տիտաններէն Տոց. Տքթ. Վարդ Շիկահեր կը շարունակէ իր արտադրական աշխատանքը եւ այս շրջագծով հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Պարտիզակ»։
Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ այս տարուան արարողութիւնները ջնջուած են անվտանգութեան պատճառներով։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Շիրին Քըյըճը յաջողութեամբ աւարտած է իր տոքթորայի շրջանը՝ ատամնաբուժական կալուածէն ներս։
Պատրիարքարանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ համայնքային կարեւոր ժողով մը, որուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Կը հաղորդուի, որ Համայնքային վագըֆներու հարթակի (VADİP) ելմտական յանձնախումբի անդամները եւ վարժարան մը հովանաւորող եկեղեցիներու մատակարար մարմիններուն ներկայացուցիչները մասնակցած են այս խորհրդակցութեան։
Սէն Փեթերսպուրկի «Էմփէրիալ շափիթօ» կրկէսը շաբաթավերջին սկսաւ Երեւանի ներկայացումներու շարքին։
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Քաղաքը ճազ կը լսէ» համերգային երեկոյթ մը։
Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպան Էյճի Թակուչի յայտարարեց, որ ամէն տարի իր երկրէն տասը հազար հոգի կ՚այցելէ Հայաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ըսաւ, թէ ներկայիս դեսպանատունը կ՚ուսումնասիրէ առեւտուրի եւ ներդրումներու ոլորտէն ներս համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։
Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին Գեղարքունիքի եւ Կոտայքի մէջ այցելեց ճամբարներ:
«Աշխարհին մէջ կան շատ մարտահրաւէրներ, որոնք կրնան յաղթահարուիլ համատեղ ուժերով»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին շաբաթներուն Լիբանան այցելողները նկատած են, որ երկրին մէջ խնդրի վերածուած աղբահանութեան հարցը կրնայ քաղաքական տագնապի վերածուիլ: Մինչ 22 Օգոստոս Շաբաթ երեկոյ քաղաքացիական աքթիւիսթներ բողոքի մեծ հաւաք մը կատարեցին Պէյրութի սրտին վրայ գտնուող վարչապետարանին՝ «Մեծ Սարայլ»ին մօտ, անդին այսօր՝ Երկուշաբթի, մայրաքաղաքի բոլոր փողոցներուն մէջ երեւելի պիտի դառնան «աղբաբլրակ»ները:
Էրտողան այսօր կը տեսակցի Իսմէթ Եըլմազի հետ, ինչ որ կը բնորոշէ նախընտրական շրջանի սկիզբը:
Տավուտօղլու զանազան կուսակցութիւններէ նախարարի թեկնածուներուն առաջարկ պիտի ներկայացնէ անհատական հիմքով:
Սուրիոյ փոքրիկները կը կորսնցնեն իրենց մանկութիւնը…
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Թոռնիկիս՝ Վանային, իր տարեդարձին իբրեւ նուէր այս տարի խաղալիքի փոխարէն գնած էի վարդագոյն կողքով յուշատետր մը, որուն առաջին էջին նախ պիտի արձանագրէր իր անունն ու մականունը, ծննդեան թուականն ու ծնած քաղաքը, ապա, ըստ մեր ներքին համաձայնութեան, ամէն երեկոյ քանի մը տող յուշ պիտի գրէր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, ընդհանրապէս, իր ծոցին մէջ կը կրէ աղէտաբեր սերմը, որ ամէն ինչ կը փճացնէ իր գաղտնի թոյնով, կոյր եւ ծածկեալ ամբարտաւանութեամբ։
Սան Մարինոյի մէջ պիտի կայանայ ֆրանսահայ բեմադրիչ Անրի Վերնէօյի «Մայրիկ» վէպի իտալերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը:
Արժանթինի մէջ աւանդական դարձած «Encuentros 2015» միջազգային փառատօնի ժամանակ յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի Եղեռնի զոհերու յիշատակին:
Արիւն մաքրելու (տիալիզ) փոքր, աժան եւ արդիւնաւէտ սարքը, որուն հեղինակը գանատահայ Անիա Փողարեանն է, միջազգային ուշադրութեան արժանացած է։
Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ պարգեւատրեց վերջերս տեղի ունեցած Միջհամալսարանական համաշխարհային մարմնամարզի մրցաշարքերուն մէջ յաջողութիւն արձանագրած հայ մարզիկներն ու անոնց մարզիչները։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Անտիոքի Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետ Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքը։
Հայաստանի մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացը կը հասուննայ փուլ առ փուլ։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Ազգային ժողով ուղարկեց սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն նախագիծը։