Արխիւ

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2017

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ե­րէկ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ վեր­ջերս դէ­պի Վրաս­տան կա­տա­րած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շուրջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան հա­ւա­նա­կան նկա­տեց, որ Հա­յաս­տան եւ Վրաս­տան պի­տի կա­րե­նան այ­լընտ­րան­քա­յին ճա­նա­պարհ մը գտնել՝ Վե­րին Լար­սի սահ­մա­նա­յին ան­ցա­կէ­տին հա­մար։

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2017

Թուրքիա Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարագային հերթական անգամ քննադատեց Հայաստանի կողմէ որդեգրուած դիրքորոշումը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան մասնակցեցաւ՝ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան 13-րդ գագաթաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Փաքիստանի մէջ:

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Յար­գե­լի Տքթ. Մի­նաս Գո­ճա­յեան,
Կար­դա­ցինք Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քի Իս­թան­պուլ այ­ցե­լու­թեան վե­րա­բե­րեալ ձեր գրու­թիւ­նը, որ լոյս տե­սած է Պէյ­րու­թի «Զար­թօնք»ի եւ Լոս Ան­ճե­լը­սի «Նոր Օր»ի այ­սօ­րուան թի­ւե­րուն մէջ։ Խո­րա­պէս շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք ձեր ար­ձա­գան­գին հա­մար եւ հա­ւա­տա­ցէք՝ սա զուտ քա­ղա­քա­վա­րա­կան մղում­նե­րով չէ։

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ժո­ղովր­դա­կան ա­րուես­տի թան­գա­րա­նին մէջ, ի թիւս կարգ մը հայ­կա­կան ծի­սա­կան, ժո­ղովր­դա­կան, ա­ւան­դա­կան տիկ­նիկ­նե­րու, կայ նաեւ զուար­ճա­լի տիկ­նիկ մը, ո­րուն ա­նունն է Ակ­լա­տիզ կամ Պաս պա­պիկ: Հե­տաքրք­րա­կան պատ­մու­թիւն մը ու­նի Ակ­լա­տիզ տիկ­նի­կը:

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2017

ԳԷՈՐԳ ՄԱ­ՆՈ­ՅԵԱՆ

Իր ար­տա­սո­վոր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջին մէկ ամ­սուան ըն­թաց­քին նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամփ ցոյց տուաւ, որ ոչ միայն իբ­րեւ նա­խա­գա­հու­թեան թեկ­նա­ծու կա­րե­ւո­րու­թիւն չի տար ի­րա­կա­նու­թեանց, այլ պատ­րաստ է իր շա­հե­րուն չյար­մա­րող ճշմար­տու­թեանց դէմ պայ­քա­րը շա­րու­նա­կե­լու՝ Սպի­տակ տու­նէն եւս:

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Կո­տայ­քի մարզ, Ա­ղուե­րան, լեռ­նե­րուն գա­գաթ­նե­րով շրջա­պա­տուած գողտ­րիկ, իւ­րա­յա­տուկ գե­ղեց­կու­թեամբ վայր մը: Ձիւ­նը սպի­տակ քօ­ղով հար­սի պէս շող­շո­ղուն զգեստ­ներ հագ­ցու­ցած է գա­գաթ­նե­րուն, ա­րեւն ալ կը զմայ­լի կար­ծես ու իր ժպի­տով ա­նոնց փայլ­քին շո­ղը կը կրկնա­պատ­կէ:

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Սուտ»ը՝ որ ճշմար­տու­թեան հա­կադ­րումն է՝ խա­ւա­րի եւ լոյ­սի, չա­րի եւ բա­րիի, վնա­սա­կա­րի եւ օգ­տա­կա­րի, շա­հա­մո­լու­թեան եւ ա­ռա­տա­ձեռ­նու­թեան նման, միշտ կ՚ապ­րի պա­հուը­տա՛ծ, որ­պէս­զի չյայտ­նուի իր իս­կա­կան ե­րե­սը։ Ծա­ծուկ կը շար­ժի, գաղտ­նօ­րէն կը վա­րէ իր կեան­քը, քա­նի որ մի՛շտ վա­խը ու­նի յայտ­նուե­լու։

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2017

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Կեան­քը ինք­նին գո­յա­մարտ է… սա­կայն երբ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը կը հաս­տա­տուի կ՚ամ­րա­նայ իր հո­ղին վրայ, ու եր­կար ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին յա­րա­բե­րա­կան խա­ղա­ղու­թեան տի­րա­նայ, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կար­ծես կը մոռ­ցուին ար­տա­քին պայ­քար­նե­րը ու կ՚ըն­թա­նայ սո­վո­րա­կան դար­ձած օ­րի­նա­չա­փու­թեան մը վրայ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2017

Ար­դէն սկսաւ Մեծ պահ­քը: Այդ շրջա­նը կը տե­ւէ 48 օր՝ Բուն բա­րե­կեն­դա­նէն մին­չեւ Ս. Յա­րու­թեան (Ս. Զատ­կի) տօ­նի նա­խօ­րէն: Պահ­քի շրջա­նին կ՚օգ­տա­գոր­ծեն բա­ցա­ռա­պէս բու­սա­կան ծա­գում ու­նե­ցող սննդամ­թերք:

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2017

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայ ժո­ղո­վուր­դի մշա­կու­թա­յին կեն­սու­նա­կու­թեան եւ ազ­գա­յին տա­ղան­դին ա­մենէն խօ­սուն վկան է հայ թատ­րո­նը, ո­րուն ար­ժա­նա­ւոր հսկա­նե­րէն Մար­տի­րոս Մնա­կեա­նի (1837-1920) մա­հուան 97-րդ տա­րե­լի­ցը կ՚ո­գե­կո­չենք Փետ­րուար 22-ին:

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ո՛չ մէկ տա­րա­կոյս, ո՛չ մէկ կաս­կած՝ Աստուած Ի՛նքն է զօ­րու­թեան ա­կը՝ Ան ա­մե­նա­կա­րող է, քա­նի որ Ան ա­մե­նա­զօր է եւ ա­մէն զօ­րու­թիւն Իր­մէ կը բխի։ Բայց այդ զօ­րու­թեան ներ­գոր­ծու­թեան ար­դիւն­քը պէտք է ապ­րուած կեն­դա­նի կեան­քով ցոյց տրուի մարդ էա­կին, ո­րո­հե­տեւ ան տես­նե­լով եւ շօ­շա­փե­լով է որ կրնայ ըմբռ­նել կարգ մը վե­րա­ցա­կան  ար­ժէք­ներ՝ ո­րոնք «խոր­հուրդ» են եւ կը ծած­կուին մարդ­կա­յին տե­սո­ղու­թե­նէն եւ զգա­յու­թե­նէն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2017

Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի թեւակոխած նոր փուլը եւ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ ձեւաւորուած ենթադրութիւնները՝ հրատապ օրակարգ:
Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ասուլիս-խորհրդակցութիւն մը՝ հաստատութեան զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներուն մասնակցութեամբ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2017

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան հան­դէս ե­կաւ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան ուղ­ղեալ կո­չով մը։ Այդ կո­չը տա­րա­ծուե­ցաւ նաեւ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք զայն ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­ծե­լով։

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը աւարտեց իր երկօրեայ աշխատանքային այցը դէպի Պրիւքսել:
Սերժ Սարգսեան ԵՄ-ի ղեկավարութեան նկատառման յանձնեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի առկայ վիճակը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2017

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, որ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը Սու­րիա­յէ ներս՝ Ճե­րապ­լու­սի, Ռա­յիի, Տա­պը­քի եւ Էլ Պա­պի մէջ շատ յա­ջող գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ յա­ռաջ տա­րած են ու ներ­կայ փու­լի թի­րախն է Մեն­պիչ քա­ղա­քը։ Էր­տո­ղան շեշ­տեց նաեւ, որ ՓԵՏ եւ ԵՓԿ պէտք է ետ քա­շուին դէ­պի Եփ­րա­տի ա­րե­ւել­քը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2017

Ա­մե­րի­կեան Thrillist կայ­քէ­ջը Հա­յաս­տա­նը նե­րա­ռած է այն ինն եր­կիր­նե­րու շար­քին, ուր հնա­րա­ւոր է ապ­րիլ ամ­սա­կան 1000 ա­մե­րի­կեան տո­լա­րով:

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2017

Մար­տի 5-ին Ա­լեք­սանդր Սպեն­դիա­րեա­նի ա­նուան օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ա­րամ Խա­չատ­րեա­նի «Դի­մա­կա­հան­դէս» պա­լէի ա­ռաջ­նա­խա­ղը:

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2017

Սփիւռքահայ յայտնի լուսանկարչին վերջին ալպոմը ծանօթացուեցաւ Մատենադարանի երդիքին տակ:
Երեւանի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսին ընթացքին հնչեցին բարձր գնահատանքի ելոյթներ՝ գործի որակի արժեւորմամբ

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2017

Հայ բժիշկ­նե­րու 12-րդ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վը 31 Մա­յիս-2 Յու­նիս թուա­կան­նե­րուն տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Պուէ­նոս Այ­րէ­սի մէջ։ Ար­ժան­թի­նի մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ նա­խա­տե­սուած այս հա­ւա­քին հա­մար ար­դէն սկսած են նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2017

Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Մե­սուտ Պար­զա­նի վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ան­գա­րա­յի մէջ։ Նա­խըն­թաց օր Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ Պեշ­թե­փէի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­լէ վերջ, Պար­զա­նի ե­րէկ տե­սակ­ցե­ցաւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի հետ։

Էջեր