Արխիւ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2016

Սերժ եւ Ռիթա Սարգսեան ամոլը նախագահական ապարանքին մէջ կը հիւրընկալեն բազմաթիւ փոքրիկներ:
Խրախճանքները կ՚անցնին ոգեւոր մթնոլորտով, հտպիտներու ծրագրերով ու մանաւանդ Կաղանդ պապուկի ժամանումով:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լիի հետ։ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ տե­սակ­ցու­թիւ­նը, որ սկսաւ յա­պա­ղու­մով ու տե­ւեց 40 վայր­կեան։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը քննար­կե­ցին Սահ­մա­նադ­րու­թեան բա­րե­փո­խում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Սա ա­նոնց եր­րորդ տե­սակ­ցու­թիւնն էր, ո­րու կա­պակ­ցու­թեամբ ո­րե­ւէ պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն չկա­տա­րուե­ցաւ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը կը շա­րու­նա­կեն Սու­րիոյ մէջ յա­ռաջ տա­նիլ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Էլ Պապ քա­ղա­քին վրայ ներ­կա­յիս կեդ­րո­նա­ցած են բա­նա­կի աշ­խա­տանք­նե­րը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016

Հայաստանի նախագահը երէկ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցեցաւ ԵՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովներուն:
Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ Երեւանի եւ Թեհրանի այն ծրագրին, որ կը նախատեսէ միջանցք մը ստեղծել Պարսից ծոցի եւ Սեւ ծովու միջեւ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ մեծ շու­քով յի­շա­տա­կեց Ս. Ստե­փա­նոս նա­խավ­կան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ սար­կա­ւագ­նե­րուն ձօ­նուած տօն մըն է։ Բերկ­րա­ռատ օ­րուան առ­թիւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան ա­ւան­դա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ձմրան դա­սըն­թացք­նե­րու մաս­նա­կից­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պուե­ցան Ա­մա­նո­րի խրախ­ճանք­ներ։ Այս­պէս, թէ՛ ա­կում­բի հա­ւա­քա­տե­ղիին եւ թէ Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի «Եթ­քին Պէր­պէ­րօղ­լու» մար­զաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցան խրախ­ճանք­նե­րը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը վեր­ջերս ճատ­րա­կի մէջ ար­ձա­նագ­րե­ցին փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։ Պէ­յօղ­լուի շրջա­նի վար­ժա­րան­նե­րուն մի­ջեւ կազ­մա­կեր­պուած մրցա­շար­քի մը շրջագ­ծով ա­նոնք ա­պա­հո­վե­ցին դափ­նի­ներ, ինչ որ ար­ժա­նա­ցաւ մեծ գնա­հա­տան­քի։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016

Ա­մա­նո­րի սե­մին Գա­տը­գիւ­ղի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ քէր­մէս մը։ Ս. Թա­գա­ւոր Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը Գա­տը­գիւ­ղի հա­մա­նուն ե­կե­ղեց­ւոյ «Պա­լըք­ճեան» սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պեց այս ձեռ­նար­կը, ո­րու մաս­նա­կից թա­ղե­ցի­նե­րը բաժ­նե­ցին տօ­նա­կան շրջա­նի հրճուան­քը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, որ այս ա­ռա­ւօտեան կա­նուխ ժա­մե­րուն իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի հա­մակ­րե­լի դէմ­քե­րէն Ա­զա­տու­հի Թո­րոս։ Հան­գու­ցեա­լը մայրն էր «Ֆօ­թօ Պո­լիս» լու­սան­կար­չա­կան ծա­ռայու­թեան հիմ­նա­դիր, յայտ­նի լու­սան­կա­րիչ Մկրտիչ Ար­ծի­ւեա­նի։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Կա­թո­ղի­կէ աշ­խար­հի Ս. Ծննդեան տօ­նին առ­թիւ այ­ցե­լեց Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէից Ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նը։ Յա­նուն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին ան այս առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ յղեց Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեա­նին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այ­սօ­րուան հրա­տա­րա­կուե­լիք գի­րը գրե­թէ պատ­րաստ էր, որ հար­ցազ­րոյց մըն էր Ի­րա­քէն Հա­յաս­տան հաս­տա­տուած պատ­մա­գէ­տի մը հետ, մինչ այդ լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը գու­ժե­ցին Ռու­սաս­տա­նէն Սու­րիա ու­ղե­ւո­րուող եւ Սեւ ծո­վուն մէջ կոր­ծա­նած Tu-154 օ­դա­նա­ւի ա­ղէ­տին մա­սին: Նիւ­թը ինք­նա­բե­րա­բար փո­խուե­ցաւ, երբ յայտ­նի դար­ձան յու­զիչ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ կոր­ծա­նած օ­դա­նա­ւուն մէջ գտնուող ան­ձե­րուն մա­սին:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016

ՅԱ­ԿՈԲ ՊԱ­ԼԵԱՆ

Յա­ճախ ը­սած եմ, որ մե­ծե­րու միտ­քե­րը իս­կա­կան դպրոց­ներ են, ե­թէ քա­ջու­թիւն եւ հա­մես­տու­թիւն ու­նե­նանք ա­նոնց դի­մե­լու եւ սոր­վե­լու, մենք մեզ եւ մեր ժա­մա­նա­կը հասկ­նա­լու, մեր կեան­քին եւ ա­րարք­նե­րուն ու­ղին ճշդե­լու:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եր­բեմն կան այն­պի­սի խօս­քեր, որ կ՚ը­սէ մարդ մե­քե­նա­բար եւ չի խոր­հիր, թէ ի՛նչ ը­սել կ՚ու­զէ։ Զոր օ­րի­նակ, ի՞նչ ը­սել կ՚ու­զէ մէ­կը երբ կ՚ը­սէ. «Բնու­թիւ­նը գե­ղե­ցիկ է»։ Ի՞նչ է որ «գե­ղե­ցիկ» կ՚ա­նուա­նուի. ծա­ռե՞­րը, կամ եր­կին­քի կա­պո՞յ­տը, եւ կամ գետ­նի սա կա­նաչ խո՞­տը, թէ՝ մար­դուս շուր­ջը պա­տա­հող հա­զա­րա­ւոր ե­րե­ւոյթ­նե­րը, ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը՝ ո­րոնք ի­րա­րու խառ­նուե­լով կը յօ­րի­նեն այն ի՛նչ որ վրձի­նի մէկ հարուա­ծով «պատ­կե՛ր» մը կը ստեղ­ծէ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016

Հայաստանի վարչապետը մեծարեց երկրի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները:
Կարէն Կարապետեան տօնական շրջանին շնորհաւորեց լրագրողները, նաեւ պարգեւատրեց անոնցմէ ոմանք:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Սեն Փե­թերս­պուրկ։ Ան կը մաս­նակ­ցի Հա­ւա­քա­կան անվտան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) եւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն, ո­րոնք կը կազ­մա­կեր­պուին Ռու­սաս­տա­նի տան­տի­րու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2016

Ան­գա­րա­յի մէջ աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին նոր Սահ­մա­նադ­րու­թեան մշակ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն նա­խա­տե­սուած է Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի եւ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լիի հան­դի­պու­մը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2016

«Եփրատի վահան» գործողութեան հետեւանքով սաստիկ հարուածներ կը տրուին ԻՇԻՊ-ին դէմ:
Թուրք զինեալ ուժերը շաբաթավերջին նոր կուտակումներ կատարեցին Սուրիոյ սահմանին մերձակայ շրջաններէն ներս:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2016

Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան Անարատ Յղութիւն մատրան մէջ Սուրբ Ծննդեան աւանդական արարողութիւններ:
Մանուկներու խորհրդաւոր կատարումները եկան ամբողջացնել հոգեւոր ապրումները, մինչ անոնք ջերմօրէն գնահատուեցան եկեղեցական հայրերուն կողմէ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2016

Կարմիր բանակի երգչախումբին օդանաւը անկում մը ունեցաւ Սոչիի մօտ ու սուզուեցաւ Սեւ ծովու մէջ:
92 զոհ. փրկարար աշխատանքներուն կը մասնակցի 3500 հոգի:
Ռուսաստանի Դաշնակցութեան մէջ այսօր հռչակուած է ազգային սուգ, մինչ աշխարհ ցաւով կը հետեւի իրադարձութիւններուն:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2016

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան սա­նուց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ շա­բա­թա­վեր­ջին ձեռ­նարկ մը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Ա­մա­նո­րի առ­թիւ։ Միու­թեան եր­դի­քին տակ զա­նա­զան դա­սըն­թացք­նե­րու մաս­նա­կից փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած խրախ­ճանք մըն էր այս մէ­կը։

Էջեր