Արխիւ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

Ֆրանսախօսութեան կազմակերպութեան 2018-ի գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ:
Դեսպան Շարփանթիէ համոզուած է, որ ֆրանսերէնի դերը յառաջիկային պիտի բարձրանայ Հայաստանէ ներս:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ներ­կա­յիս աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ֆրան­սա։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դումնե­րով, վեր­ջին օ­րե­րուն ան Փա­րի­զի մէջ շփում­ներ ու­նե­ցաւ, ու­ղեկ­ցու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Վի­գէն Չի­տէ­ճեա­նի։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի հե­տա­զօ­տու­թեան, գի­տու­թեան ու նո­րա­րա­րու­թեան հար­ցե­րով յանձ­նա­կա­տար Քար­լոս Մոէ­տաս վեր­ջերս Պրիւք­սե­լի մէջ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ «Գե­րա­զան­ցու­թիւն տա­րա­ծե­լով եւ անց­նե­լով նո­րա­րա­րու­թեան սահ­ման­նե­րը» խո­րագ­րեալ գի­տա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին։ «Ար­մէնփ­րէ­ս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, եւ­րո­պա­ցի յանձ­նա­կա­տա­րը, որ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին այ­ցե­լած էր Հա­յաս­տան, այդ հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին բաժ­նեց իր ու­ղե­ւո­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան եւ Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէր­կէյ Շոյ­կու ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, ո­րով կը նա­խա­տե­սուի հայ-ռու­սա­կան հա­մա­տեղ զօ­րա­խում­բի ստեղ­ծու­մը։ Այս նիւ­թը մի­ջո­ցէ մը ի վեր օ­րա­կար­գի վրայ է եւ ծրագ­րին նկատ­մամբ վեր­ջերս իր հա­ւա­նու­թիւ­նը տուած էր Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

«Նեզավիսիմայա Կազեթա»ի հաղորդումներով, Պաքու կը վարէ խտացեալ բանակցութիւններ՝ նոր սպառազինութիւն ապահովելու համար:
Ըստ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի, Համպուրկի մէջ յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ 2+3 ձեւաչափով հանդիպում մը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

ՅԱՍ­ՄԻԿ ՍԱՐ­ԳԻ­ՍԵԱՆ-ԳԷՈՐ­ԳԵԱՆ

Ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը ժո­ղո­վուր­դի մը մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցայ­տող աղ­բիւրն է, ո­րուն ճամ­բով կը պատ­մուի ժո­ղո­վուր­դի մը ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն, սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն, ա­ռաս­պել­նե­րուն մա­սին, ինչ­պէս նաեւ հոն կը հաս­տա­տուի ա­նոր տա­ղանդն ու հնա­րամ­տու­թիւ­նը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Դահ­լի­ճի մը մէջ նստած՝ ժա­մե­րով կը լսեմ թեր ու դէմ կար­ծիք­ներ: Հար­ցը կը քննարկուի բո­լոր տե­սան­կիւն­նե­րէն, հե­ղի­նա­կա­ւոր մտա­ւո­րա­կան­նե­րու հոյլ մը նոյն մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը կ՚ար­ծար­ծէ: Ափ ի բե­րան կը հե­տե­ւիմ ան­ցու­դար­ձին՝ «Միա­ձու­լեն­ք», կ՚ը­սէ մին, «Միա­ձու­լու­մը լու­ծում չէ» կ­­՚ը­սէ ու­րիշ մը: Բո­լո­րը միա­բե­րան կ՚ար­ձա­գան­գեն դպրոց­նե­րու ծրա­գիր­նե­րուն մէջ նե­րա­ռել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

Հայ մեծանուն գրող Վահան Տէրեան բացի քերթուածներէ, նաեւ յօդուածներու եւ խոհերու հեղինակ է: Անոր «Հոգեւոր Հայաստան» յօդուածը համահունչ է այս օրերուն, քանի հայութիւնը կը դիմագրաւէ նախորդ դարասկիզբի մարտահրաւէրները, որոնց ականատես եղած է Տէրեան՝ մեծ գրագէտը եւ չէ կրցած անտարբեր մնալ հայութեան ցաւերուն հանդէպ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան, իր «Հա­յոց անձ­նա­նուն­նե­րի բա­ռա­րան»ին (1942) «Ա­ռա­ջա­բան»ին մէջ սա­պէս կ՚ը­սէ. «Այս աշ­խա­տու­թեան նպա­տակն է հա­ւա­քել, դա­սա­ւո­րել եւ ու­սում­նա­սի­րել այն բո­լոր ա­նուն­նե­րը, որ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, ո­րե­ւէ հայ ան­հատ կրած է եր­բե­ւի­ցէ, ան­կախ իր ու­նե­ցած դիր­քէն ու աս­տի­ճա­նէն՝ ըն­դու­նած կրօ­նէն ու դա­ւա­նան­քէն եւ ապ­րած շրջա­նէն կամ երկ­րէն»։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

National Geographic հե­ղի­նա­կա­ւոր պար­բե­րա­կա­նը հրա­պա­րա­կեց ցու­ցակ մը, ո­րու վրայ նշուած են աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն հի­նա­ւուրց վայ­րե­րը՝ աստ­ղե­րու դի­տարկ­ման հա­մար։ Այդ ցու­ցա­կին վրայ ընդգր­կուած է նաեւ Հա­յաս­տա­նէն Քա­րա­հուն­ջը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, յօ­դուա­ծին մէջ նշուած է, որ հայ­կա­կան այս վայ­րը կը գտնուի Փոր­թու­գա­լի նշա­նա­ւոր քա­րե­րու յու­շար­ձա­նէն դէ­պի ա­րե­ւելք 3000 մղոն հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ՝ Սի­սիեան քա­ղա­քի մեր­ձա­կայ­քին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

Պուք­րէ­շի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ գի­տա­ժո­ղով մը, որ ձօ­նուած էր՝ «Սփիւռ­քի գաղ­թօ­ճախ­նե­րու ազ­գա­յին եւ էթ­նիք ինք­նու­թիւն­նե­րը հան­րա­յին տա­րած­քէն ներս» նիւ­թին։ Բա­նա­կի տան եր­դի­քին տակ, այս հա­մա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պուած էր «Եւ­րո­պա­կան սփիւռք­ներ» ցան­ցա­յին ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րէն ներս։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016

«Կա­զե­թա.ռու» կը հա­ղոր­դէ, որ Քու­պա­յի յե­ղա­փո­խու­թեան ղե­կա­վար Ֆի­տէլ Քասթ­րո­յի վեր­ջին հրա­ժեշ­տի ա­րա­րո­ղու­թեան պի­տի մաս­նակ­ցին շուրջ ե­րե­սուն մի­ջազ­գա­յին ղե­կա­վար­ներ՝ Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յէն եւ Ափ­րի­կէէն:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016

Շար­ժան­կա­րի մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լի ըն­կե­րակ­ցու­թեան Golden Globe ա­մե­նա­մեայ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէջը անդ­րա­դար­ձած է Սա­րիկ Անդ­րէա­սեա­նի «Երկ­րա­շարժ» ֆիլ­մին: Ժա­պա­ւէ­նին նիւ­թը հիմ­նուած է 1988 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած երկ­րա­շար­ժի ի­րա­կան պատ­մու­թեան վրայ, որ խլած է շուրջ 25 հա­զար մար­դու կեանք:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016

Մոս­կուա­յի եւ Փե­քի­նի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յիս աշ­խա­տանք կը տա­նին՝ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) եւ Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հի նա­խագի­ծե­րը ի­րա­րու հետ ա­ռըն­չա­կից դարձ­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Այս նիւ­թը վեր­ջերս քննար­կուե­ցաւ նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ Չի­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սի Ցզին­փի­նի կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016

ՄԱԿ-ի անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դին մօտ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ բաց քննար­կում մը։ «Մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հո­վում. ջրա­յին մի­ջոց­ներ, խա­ղա­ղու­թիւն եւ անվ­տան­գու­թիւն» խո­րագ­րեալ այս հա­ւա­քոյ­թի բաց­ման ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ ՄԱԿ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մուն

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016

Սու­րիոյ մէջ ե­րէկ կորս­տեան մատ­նուե­ցան եր­կու թուրք զի­նուոր­ներ, ո­րոնք կը մաս­նակ­ցէին Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուած «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին, ժա­մը շուրջ 15.30-ին, այդ եր­կու զի­նուոր­նե­րուն հետ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը խզուե­ցաւ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն Ա­տա­նա­յէն հա­սած ող­բեր­գա­կան լու­րե­րը մեծ ցաւ պատ­ճա­ռեց բո­վան­դակ Թուր­քիոյ։ Քա­ղա­քի Ա­լա­տաղ գա­ւա­ռա­կէն ներս հրդեհ մը ծա­գե­ցաւ երկ­յար­կա­նի ա­շա­կեր­տա­կան հան­րա­կա­ցա­րա­նի մը մէջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016

Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պի­տի այ­ցե­լէ Պա­քու։ «Ար­մէն­փր­էս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, դի­ւա­նա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած են, որ իր ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը նա­խա­տե­սուած է Դեկ­տեմ­բե­րի 13-ին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016

Քննարկուեցան Հայաստանը մշակոյթի միջոցաւ միջազգային հարթակներու վրայ ներկայացնելու ուղիները:
Համահայկական սիմֆոնիք նուագախումբը յաջորդ տարի ելոյթներով հանդէս պիտի գայ աշխարհի զանազան քաղաքներուն մէջ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016

Նախարար էօմէր Չելիքի ելոյթը՝ «Թուրքիա-Եւրոմիութիւն քաղաքացիական հասարակութեան հանդիպումներ»ուն երկրորդին շրջագծով։
«Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ՝ Անգարայի հետ բանակցութիւններու դադրեցման ուղղութեամբ առնուած որոշումը զուրկ է տեսլականէ»։
Էրտողան. «Եւրոմիութեան թղթածրարը տակաւին չենք փակած, թուրքիա բազում այլընտրանքներ ունի իր առջեւ»

Էջեր