Արխիւ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016

«WTM 2016» զբօսաշրջային ցուցահանդէսին շրջագծով Հայաստանի տաղաւար:
Լոնտոնի մէջ լայնօրէն ծանօթացուեցան երկրի հնարաւորութիւններն ու մեծ ներուժը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ հիմ­նա­նո­րո­գու­թեան եր­կա­րա­տեւ աշ­խա­տանք­նե­րէ վերջ վե­րա­բա­ցուե­ցաւ Մար­տի­րոս Սա­րեա­նի տուն-թան­գա­րա­նը։ Ձեռ­նար­կը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ մե­ծա­նուն նկա­րի­չի հեր­թա­կան ան­գամ խոր ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ վեր­յիշ­ման։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը բա­ցուե­ցաւ «Փրոֆ. Ռ. Եո­լեան» ա­րիւ­նա­բա­նա­կան կեդ­րո­նը, որ կը գոր­ծէ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան են­թա­կա­յու­թեամբ։ Բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան պա­տուոյ հիւ­րերն էին Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016

Տե­ղե­կա­տուու­թեան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու ո­լոր­տէն ներս հա­մաշ­խար­հա­յին ներդր­ման հա­մար Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին կող­մէ հաս­տա­տուած մրցա­նա­կը այս տա­րի շնոր­հուե­ցաւ «Օ­փըն-Ռութ» կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Լուի Փու­զէ­նին։ Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ, նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը շնոր­հուե­ցաւ այս տա­րուան մրցա­նա­կը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2016

Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի եւ «Մեն­չըս­թըր Եու­նայ­թըտ»ի կի­սա­պաշտ­պան Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան հան­դէս կու գայ նաեւ ըն­կե­րա­յին յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րով։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան ԻՒ­ՆԻ­ՍԷՖ-ի բա­րի կամ­քի ազ­գա­յին դես­պան նշա­նա­կուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2016

Մե­ներգ­չու­հի Սի­պի­լի Պէյ­րու­թի մէջ տուած հա­մեր­գին դրա­կան ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ծա­նօթ է, որ Սի­պիլ «Հա­մազ­գա­յին»ի Լի­բա­նա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ հան­դէս ե­կաւ հա­մեր­գով մը, որ պսա­կուե­ցաւ փայ­լուն յա­ջո­ղու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2016

Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարար Փաոլօ Ճենթիլիոնի այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ:
Պերլինի մէջ «Ֆրիտրիխ-Էպերթ» հիմնարկին մօտ Եդուարդ Նալպանտեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2016

Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիարք Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա. ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճա­նի կող­մէ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս առ­թիւ պա­տուեց Թո­րոս Ալ­ճա­նի գրա­սե­նեա­կը, որ կը գտնուի KEY Plaza-ի եր­դի­քին տակ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2016

Թուրքիա եւ ԱՄՆ Ռաքքայի վրայ պիտի կեդրոնացնեն իրենց յառաջիկայ համագործակցութիւնը:
Անգարայի մէջ մշտապէս պիտի գտնուի ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորական մը՝ քայլերու համակարգման համար:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2016

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառի տնօրէնը վերադարձաւ:
Աշոտ Մելքոնեան տեղեկութիւններ քաղեց Պատրիարքարանի արխիւներու ներկայ վիճակին շուրջ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2016

Գ­ԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ա­ճուրդ­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս տե­ղի կ՚ու­նե­նան վա­ճա­ռե­լու հա­մար թան­կար­ժէք նկար­ներ, հռչակ ա­ռած ֆիլ­մե­րու մէջ գոր­ծա­ծուած պի­տոյք­ներ եւ կամ ա­նոնց դե­րա­սան­նե­րուն հա­գած հա­գուստ­նե­րը ու վեր­ջա­պէս հնա­դա­րեան հա­զուա­գիւտ ի­րեր, ո­րոնք կը զե­տե­ղուին թան­գա­րան­նե­րու մէջ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2016

ԽԱ­ՉԻԿ ԵԸԼ­ՄԱ­ԶԵԱՆ

Հայ գրա­կա­նու­թեան հսկա­նե­րու՝ Դա­նիէլ Վա­րու­ժան­նե­րու, Սիա­ման­թօ­նե­րու, Ռու­բէն Զար­դա­րեան­նե­րու կող­քին՝ իր ա­ռանձ­նաշնոր­հեալ տե­ղը գրա­ւած մտքի մշա­կի, խի­զախ եւ ան­վե­հեր կե­ցուած­քով, պող­պա­տեայ նկա­րա­գի­րով կազ­մուած, հա­մա­մարդ­կա­յին տա­րած­քի վրայ ու­նե­ցած ազ­գա­յին ե­զա­կի ջի­ղով շա­ղա­խուած եւ գա­ղա­փա­րա­պաշ­տու­թեան վեհ հա­մո­զում­նե­րով տո­գո­րուած, ա­մե­նա­սեւ օ­րե­րուն իր ժո­ղո­վուր­դի ցա­ւե­րու եւ յոյ­սե­րու ար­տա­յայ­տի­չը դար­ձած, ինք­նա­կամ եւ գի­տակ­ցուած նա­հա­տա­կու­թիւ­նը ընտ­րած հե­րո­սի, լիա­կա­տար ար­ժա­նիք­նե­րով օժ­տուած բա­նաս­տեղծ-գրա­գէտ, բժիշկ Ռու­բէն Սե­ւա­կի աղջ­կան՝ Շա­մի­րամ Սե­ւա­կի մա­հը խոր ցաւ յա­ռա­ջա­ցուց մեր բո­լո­րին սրտե­րուն մէջ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այսօր տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը: Ա­մե­րի­կա­ցիք պի­տի ընտ­րեն երկ­րի 45-րդ նա­խա­գա­հը:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Պէյրութի մէջ մօտաւոր անցեալին հրատարակուած իր հետաքրքրական գիրքով Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան պատմութեան մէջ կը հետապնդէ հայ սեղանաւորներու հետքերը։ Այս գիրքը հրատարակուած օրէն ի վեր ստեղծած է դրական արձագանգ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եր­կու ար­ժէք­ներ, ո­րոնք կը կա­նո­նա­ւո­րեն, կը կազ­մա­կեր­պեն մարդ­կա­յին կեան­քը եւ ըն­թաց­քը եւ ուղ­ղու­թիւ­նը կ՚ո­րո­շեն ա­նոր։ Ար­դա­րեւ, ա­ռա­ջին ակ­նար­կով, «հնա­զան­դու­թիւն» եւ «ա­զա­տու­թիւն» հա­կա­դիր ար­ժէք­ներ կ՚ե­րե­ւին մար­դուս բա­նա­կա­նու­թեան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2016

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը Պէյ­րու­թի մէջ  այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Լի­բա­նա­նի նորըն­տիր նա­խա­գահ Մի­շէլ Աու­նին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2016

Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Պատ­մու­թեան կա­ճա­ռի տնօ­րէն Փրոֆ. Ա­շոտ Մել­քո­նեան, որ հիւ­րա­բար կը գտնուի քա­ղա­քիս մէջ, շա­բա­թա­վեր­ջին շա­րու­նա­կեց իր հան­դի­պում­նե­րը հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն հետ, նաեւ այ­ցե­լեց պատ­մամշա­կու­թա­յին տե­սար­ժան վայ­րեր։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2016

Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ ներ­կա­յա­ցո­ւած կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն ՀՏՓ ո­րո­շեց կա­սեց­նել իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը խորհր­դա­րա­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2016

Հայաստան եւ Վրաստան կը տեւականացնեն քաղաքական երկխօսութիւնը:
Երեւան-Թիֆլիզ գործակցութիւնը պիտի զարգանայ ենթակառուցուածքներու արդիականացումով:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2016

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ։ Վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նին կո­չուե­լէ վերջ սա իր ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թիւնն էր դէ­պի Ար­ցախ։

Էջեր