Արխիւ
Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ վերջերս հանդիսաւոր արարողութիւնով մը օծուեցաւ նորակերտ խաչքար մը, որու բացման արարողութեան հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Արիս Տեմիրի բարերարութեամբ Հայաստանի մէջ պատրաստուած է այս խաչքարը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջերս Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Իթիմատ պիւրօ»ի բազմամեայ պատասխանատու Սարգիս Գրիգորեանը։ Հանդիպման ներկայ էին Պատրիարքարանի հաշուապահներէն Հերման Կիւրճիեան եւ Պետրոս Մարզուան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Սելինա Մանան փայլուն նուաճում մը արձանագրած է համալսարանական մտից քննութիւններու արդիւնքին։ Այսպէս, ան յաջողած է մուտք գործել Իսթանպուլի համալսարանի Ճերրահփաշայի բժշկութեան բաժինը։ Ծանօթ է, որ համալսարանի մտից քննութիւններու դժուարին դրութեան մէջ այս արդիւնքին հասնիլ կը նշանակէ գերազանց մակարդակի մը վրայ գտնուիլ։
«Մանկական Եւրոտեսիլ-2016» մրցոյթին Հայաստան այս տարի կը մասնակցի զուգերգով մը։ Այսպէս, «Մանկական եւրոտեսիլ-2016» երգի միջազգային հեղինակաւոր մրցոյթին այս տարի Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Մերի Վարդանեանն ու Անահիտ Ադամեանը: Անոնց թեկնածութիւնը հաստատած է Հանրային հեռուստաընկերութեան ստեղծագործական խումբը՝ ներքին ընտրութեան իբրեւ արդիւնք:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարը:
Խաղողօրհնէքի աւանդութիւնը այս տարի եւս հաւատացեալները միացուց բերկրանքի սրտաբուխ մաղթանքով:
Ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի «Մարդկային կատակերգութիւն» վէպի հիման վրայ նկարահանուած «Իթաքա» շարժապատկերին առաջին ծանուցումը արդէն իսկ պատրաս-տուած է ու կարելի է դիտել կայքէջի վրայ:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Բարեկամի մը տունը այցելութեան գացած էինք: Սովորութիւն դարձած իրարու որպիսութիւնները հարցնելէ ետք, բնականաբար մեր խօսակցութեան նիւթը հասաւ Արցախի քառօրեայ պատերազմին, Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպման, Ֆրանսիսքոս Պապի Հայաստան այցելութեան, Հալէպի դաժան օրերուն, ապա վերադարձանք Լոս Անճելըսի տեղական մտահոգութիւններուն:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Թերեւս քիչ մը անհեթեթ թուի «նոր նորարարութիւն» եզրը, սակայն ներկայիս գիւտերն ու արհեստագիտական հնարքները գլխապտոյտ պատճառող արագութեամբ կը յայտնուին եւ կը տարածուին, մանաւանդ՝ պատանիներու եւ երիտասարդներու շրջանակներուն մէջ, որոնք նաեւ ակամայ կը դառնան այդ նորութիւններն ու սարքերը հրապարակ, շուկայ հանող ընկերութիւններու «կթան կովերը»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ղարաբաղեան հիմնախնդրին շուրջ վերջին զարգացումներուն առընթեր նշանակալից առիթ մը պէտք է համարել Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Մոսկուա կատարած այցը: Այս այցելութեան արդիւնքներուն մասին մամուլին մէջ թէեւ տակաւին մանրամասն տեղեկութիւններ չկան, սակայն յստակ է, որ խնդրին կարգաւորման վերաբերեալ երեւելի տեղաշարժ մը չկայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Կոյս Մարիամի ստացած աւետաբեր պատուէրով կիներ վերստացան մարդկային ցեղի նախամօր՝ Եւայի մեղքի պատճառով կորսնցուցած յարգն ու պատիւը, եւ անշուշտ իրաւունքը եւ ազատութիւնը։
Միշըն Հիլզի «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի եւ Հայկական գորգի ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Օգոստոսի 20-ին, տեղի պիտի ունենայ հայկական գծագրուած եւ եկեղեցական կտաւներու նուիրուած դասախօսութիւն մը, որ պիտի հարստացուի լուսանկարներու ներկայացումով։
Նախաձեռնութեամբ «Արարատ» հայկական կազմակերպութեան նախագահ Գէորգ Գրիգորեանի, Սոֆիայի ազգային պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կառամատոյց» նախագիծին բացումը, որ մաս կը կազմէ «Երկիր՝ գետին եւ ծովուն միջեւ» շրջիկ ցուցահանդէսին եւ կը ներկայացնէ 20-րդ դարու անուանի գեղանկարիչ Պետիկ Պետրոսեանի մեծ արուեստը:
Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանին մէջ գլուխէն ծանրօրէն վիրաւորուած Սագօ Գույումճեան կնքեց իր մահկանացուն: «Ալ Ռազի» հիւանդանոցէն ներս դարմանուող Գույումճեան վիրաւորուելէն ետք մտած էր մահաքունի եւ անոր ստացած ուղեկորոյս փամփուշտը կը գտնուէր դէմքին մէջ:
Հայաստանի ներքին քաղաքական լարուած մթնոլորտի պայմաններուն ներքեւ պատահած վերջին բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած ոստիկանութեան աւագ ենթասպայ Գագիկ Մկրտչեան դժբախտաբար մահացաւ շաբաթավերջին։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրազիլ, շաբաթավերջին Ռիոյի մէջ այցելեց ողիմպիական աւան։ Այս առթիւ ան հանդիպում մը ունեցաւ այն մարզիկներուն հետ, որոնք 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն կը ներկայացնեն Հայաստանը։
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Անցնող ժամերէն սկսեալ վերաբացուած են դէպի Հալէպ տանող ցամաքային հիմնական ճանապարհները: Այսպէս, սկսած է գործել Քասթելլո շրջանի ճանապարհը, մինչ Դամասկոսը Հալէպի կապող Խանասէր ճանապարհը, որ բաց էր, սակայն ապահովական պատճառներով դարձած էր ամայի, սկսած են բնականոն հունի մէջ մտնել:
Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահը յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Թուրքիա:
Քննարկումներու օրակարգի հիմնական խնդիրը պիտի ըլլայ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի վերադարձը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս Քրիստոսի ծծնդեան ժամանակ Տիրամայրը բնութեան օրէնքներէ բարձր դիրքի մը մէջ կը գտնուէր, նոյնպէս ալ Տիրամօր մահուան ժամանակ ալ բնական օրէնքներ չգործադրուեցան անոր։ Տիրամօր ծննդաբերութիւնը ցաւով եւ նեղութեամբ չէր իրականացած, ինչպէս անոր մահը հիւանդութեամբ չպատահեցա՛ւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Առաջին անգամը չէ, որ ՀՏՓ կուսակցութեան անդամ եւ Թուրքիոյ խորհդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլան կը փորձէ «աստղ» դառնալ մասնաւորապէս սփիւռքի հայութեան լայն հասարակութեան համար: Ասկէ առաջ ալ նոյնանման խօսքերով եւ քարոզչութեամբ ան փորձած է շահիլ «սիրտ»ը սփիւռքի այն հատուածներուն, որոնց համար կարեւորը ոչ թէ խօսքին խորութիւնն է, այլ՝ Թուրքիոյ դէմ սուր խօսքերուն արձագանգը:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) հիւրընկալեց մարսէյլաբնակ հայազգի լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանը, որ մագլցած է աշխարհի ամենաբարձր գագաթը՝ Էվերեսթը: