Արխիւ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յուլիս 13-ին կը նշենք ծննդեան ութսունամեակը ժամանակակից հայ գրականութեան տաղանդաւոր բանաստեղծներէն Ալիսիա Կիրակոսեանի (1936-2014), որ երկու տարի առաջ՝ 22 Մայիս 2014-ին իր մահացաւ Լոս Անճելըսի մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անցեալի մասին տեղեկութիւն ունենալ, մանաւանդ անցեալը արժանահաւատ անձնաւորութիւններու վկայութեամբ ուսումնասիրել եւ դիտել, նկատելի է, որ ներկան շատ աւելի հասկնալի եւ դիւրութեամբ ըմբռնելի կ՚ընէ, քանի որ ան շատ աւելի յստակ կը տեսնուի։ Այդ իսկ պատճառով է որ անցեալին պէտք է կարեւորութիւն ընծայուի։
Սեպտեմբեր 17-ին, ժամը 11.00-19.00-ի միջեւ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմը կը կազմակերպէ իր առաջին համահայկական փառատօնը:
Ժան-Մարք Էյրօ տեսակցեցաւ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին հետ զրոյցին ներկայ էր նաեւ Արամ Ա. Կաթողիկոս:
Հայկական արդի երաժշտութեան եզակի խումբերէն «Զուլալ» եռեակը ելոյթ մը պիտի ունենայ Երեւանի մէջ:
Համերգին ընդառաջ Թենի Աբէլեան, Երազ Մարգարեան եւ Անայիս Թեքերեան երէկ հիւրընկալուեցան ԹՈՒՄՕ կեդրոնէն ներս:
Գոց շուկայի մէջ սկիզբ առած է վերանորոգութեան լայնածաւալ աշխատանքներու ծրագիր մը։ Երէկ արդէն այդ գործընթացին պաշտօնական մեկնարկը տրուեցաւ։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան արդէն պատրաստութիւններու ձեռնարկած է՝ Անգլիոյ «Փրէօմիէր լիկ»ին մէջ հանդէս գալու համար։
Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին երկրի նոր կառավարութիւնը կազմելու պաշտօնը յանձնեց Պահպանողական կուսակցութեան նորընտիր առաջնորդ Թերեզա Մէյին։ Այս վերջինը դարձած է Մարկրիթ Թեչըրէ քսանհինգ տարի վերջ անգլիոյ վարչապետի պաշտօնը ստանձնած իգական սեռէ առաջին գործիչը։
CNN Travel աշխարհի առաջին 15 գինեգործութեան ուղղութիւններուն շարքին դասեց Հայաստանը:
Վայոց ձորի մարզէն ներս Արենիի մէջ շատ երկար ժամանակէ ի վեր կը պահուին խաղողի տոկուն տեսակներ:
Երեւանի մէջ կը շարունակուի «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային 13-րդ փառատօնը, որ անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանայ շարժանկարի աշխարհին կողմէ։
Պրիւքսելի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-Ռուսաստան խորհուրդի ժողովը։ Հարկ է նշել, որ 2002 թուականին ստեղծուած էր այս խորհուրդը, սակայն 2014 թուականէն ի վեր անոր աշխատանքը ընդհատուած էր՝ Խրիմի՝ Ռուսաստանին կցուելուն հետեւանքով։
ԱՔ Կուսակցութեան նահանգային մասնաճիւղերու ղեկավարներուն 110-րդ ընդլայնուած կազմով ժողովը՝ Անգարայի մէջ:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի խօսքերով՝ Իսրայէլէն եւ Ռուսաստանէն վերջ, Թուրքիա կը ջանայ յարաբերութիւնները բնականոնացնել նաեւ Սուրիոյ հետ:
Թուրքիա-Ռուսաստան ձիւնահալի մթնոլորտին մէջ, Մոսկուայի հրաւէրին ընդառաջ Անգարայի կողմէ պատուիրակութիւն մը այսօր շփումներ կ՚ունենայ՝ երկկողմանի համագործակցութիւնը բնականոն հունին վերադարձնելու առաջադրութեամբ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Օրուան երկրորդ կէսին ան կը հասնի Ռուսաստանի մայրաքաղաքը, ուր կը հիւրընկալուի իր պաշտօնակցին՝ Սէրկէյ Լաւրովի կողմէ։ Ամերիկացի պետական քարտուղարը կը տեսակցի նաեւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արաբկիրէն եւ Խարբերդէն Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած, հռչակաւոր հայուն՝ Մայքըլ Արամին անունը նորէն հնչեց վերջերս, երբ անոր պատրաստած «Նոյեան տապան» խորհրդանշական քանդակը Հռոմի Ֆրանսիսկոս Ա. Սրբազան Պապը Հայաստանէն իր հետ Վատիկան տարաւ:
ՏՔԹ. ՃՕՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Ոեւէ մէկուն «խօսք զարնել» չէ նպատակս, պարզապէս միութենական գործունէութեանս անցեալէն դրուագ մըն է հետեւեալը, որ յաճախ կը պատահի, եւ ենթակայ է ապագային ալ կրկնուելու։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հալէպահայ ծանօթի մը կը բարեւեմ փողոցը քալած միջոցիս: Երիտասարդ հարս մըն է ան, ունի ճլվլուն ու տաքարիւն հինգ տարեկան դստրիկ մը: Այնքան ուշիմ փոքրիկ մըն է, որ անմիջապէս կ՚ընկալէ շուրջի անցուդարձը, կը նմանի փափուկ խմորի մը, զոր ձեւաւորելը շատ դիւրին է ու հաճելի: Կը յաճախէ իրենց տան շրջանի մանկապարտէզը, ամէն տեսնելուս նոր երգեր ու ոտանաւորներ կ՚արտասանէ, նոյնիսկ հեքիաթներ կը պատմէ: Ու.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութեան մէջ հակադիր ուժեր են չարը եւ բարին՝ մէկը ժխտական, միւսը դրական։ Մէկը՝ վնասակար, միւսը՝ օգտակա՛ր։ Եւ բարին չարին դարմանն է միշտ, որուն կարելի է ըսել նաեւ՝ սխալի մը սրբագրութիւնը։
Ուքրայնոյ Նախագահ Փեթրօ Փորոշենքօ պաշտօնական այց մը տուաւ Պաքու, Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։
ՍԴՀԿ-ի վարիչ Շահէ Մինասեան. «Հալէպ կ՚ապրի իր ամենածանր օրերը»:
«Շտապ օգնութեան մարմին»ը կը շարունակէ իր ջանքերը՝ փութալով ընտանիքներու օգնութեան: