Արխիւ

Երեքշաբթի, Յուլիս 12, 2016

Շու­շիի մէջ, Սեպ­տեմ­բեր 1-ին, պի­տի կա­յա­նայ «Սա­սուն­ցի Դա­ւիթ» օ­փե­րա­յի անդ­րա­նիկ ներ­կա­յա­ցու­մը, այ­նու­հե­տեւ՝ Սեպ­տեմ­բեր 7-ին կամ 8-ին՝ Ե­րե­ւա­նի Ա­լեք­սանդր Սպեն­դիա­րեա­նի ա­նուան օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի ազ­գա­յին ա­կա­դե­միա­կան թատ­րո­նին մէջ: «Սա­սուն­ցի Դա­ւիթ» օ­փե­րա­յով պի­տի բա­ցուի թատ­րո­նի  83-րդ թա­տե­րաշր­ջա­նը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 12, 2016

Ե­րէկ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սփիւռ­քի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հայ­րե­նա­ճա­նա­չու­թեան «Ա­րի տուն» ծրա­գ­րի 4-րդ փու­լի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը:

Երեքշաբթի, Յուլիս 12, 2016

Հա­լէ­պի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած բա­խում­նե­րուն ըն­թաց­քին նա­հա­տա­կուած է սու­րիա­կան բա­նա­կի հա­լէ­պա­հայ զի­նուո­րա­կան ծա­ռա­յող Փա­նոս Ա­ղա­զա­րեան, որ ծնած է 1994 թուա­կա­նին։

Երեքշաբթի, Յուլիս 12, 2016

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան կոմիտէին 40-րդ նստաշրջանը ընթացքի մէջ:
Կը նախատեսուի, որ Անիի աւերակներուն վերաբերեալ որոշումը ընդունուի այս շաբաթավերջին կայանալիք ժողովներուն:

Երկուշաբթի, Յուլիս 11, 2016

Ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն շա­րու­նա­կուե­ցան՝ մեծ ցաւ ու մտա­հո­գու­թիւն յա­ռա­ջաց­նե­լով բո­վան­դակ երկ­րէն ներս։ Թուր­քիա շա­բա­թա­վեր­ջին ի­րե­րա­յա­ջորդ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րարք­նե­րու ա­կա­նա­տե­սը դար­ձաւ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 11, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Քիեւ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան կը մաս­նակ­ցի Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ծրագ­րի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ան­պաշ­տօն ժո­ղո­վին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 11, 2016

Էրտողան Մերքէլի նկատառման յանձնեց իր դառնութիւնը Պունտեսթակի որոշման շուրջ:
Գերմանիոյ վարչապետը առաւելագոյնը պիտի ընէ՝ որպէսզի չվնասուին Թուրքիոյ հետ կապերը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 11, 2016

«Լեռնային Ղարաբաղի պարագային կարգավիճակը պիտի փոխուի՝ եթէ ճանաչում գտնէ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը»:
Սերժ Սարգսեան ՆԱԹՕ-ի Վարշաւիոյ գագաթաժողովին ընթացքին յայտնեց, որ հիմնախնդրի կարգաւորման առջեւ այսօր գլխաւոր խոչընդոտն է Ատրպէյճանի բարձր ղեկավարութեան վարած քաղաքականութիւնը եւ հարցը խաղաղ ճանապարհով լուծելու ուղղութեամբ կամքի բացակայութիւնը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 11, 2016

«Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային 13-րդ փառատօնը հանդիսաւորապէս բացուեցաւ Երեւանի մէջ:
Ծիրանօրհնէքէն վերջ ձեռնարկի սկիզբը բնորոշուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ ստեղծուած մեծ խանդավառութեամբ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 11, 2016

Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը փայլուն անցաւ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց Ռումելիհիսարի արարողութիւններուն:

Երկուշաբթի, Յուլիս 11, 2016

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇ­ԿԷ­ՐԵԱՆ

Հե­տե­ւեալ դէպ­քը կը պա­տա­հի Ֆի­լա­տել­ֆիոյ Ա­միշ (Amish) հա­մայն­քին մէջ։ Ա­միշ հա­մայն­քը ա­ղան­դի մը կը պատ­կա­նի, ո­րուն հիմ­նա­դիր­նե­րը Եւ­րո­պա­յի կրօ­նա­կան հա­լա­ծանք­նե­րէն փա­խուստ տա­լով, 1730-ին հաս­տա­տուած են Ֆի­լա­տել­ֆիոյ Լեն­քես­թըր քա­ղա­քը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 11, 2016

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

«Այս­տե­ղէն կը սկսի Հա­յաս­տա­նը»:
Տքթ. Սու­րէն Դա­նիէ­լեանն է՝ Ե­րե­ւա­նի Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի ա­նուան հայ­կա­կան պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի «Սփիւռք» գի­տաու­սում­նա­կան կեդ­րո­նի վա­րիչ-տնօ­րէ­նը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 11, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ, կորն­թա­ցի­նե­րուն գրած իր ա­ռա­ջին նա­մա­կին մէջ կը սահ­մա­նէ «սէր»ը, եւ կ՚ը­սէ, թէ՝ սէր ու­նե­ցո­ղը համ­բե­րա­տար եւ քաղց­րա­բա­րոյ, եր­կայ­նա­միտ, այ­սինքն՝ նե­րող կ՚ըլ­լայ։ Ար­դա­րեւ նե­րո­ղամ­տու­թեան նա­խա­պայ­մանն է՝ հան­դուր­ժո­ղու­թիւն, համ­բե­րու­թիւն եւ քաղց­րա­բա­րոյ նկա­րա­գիր։ Այն որ կը համ­բե­րէ՝ կը հան­դուր­ժէ եւ գո­նէ եր­կար ժա­մա­նակ չի գրգռուիր բա­րու­կան վատ զգա­ցու­մով եւ կը նե­րէ։ Նե­րել, տե­սա­կէ­տով մը կը նշա­նա­կէ իր «Ես»էն չտա­րուիլ եւ զո­հո­ղու­թիւն ը­նել, զի­ջա­նիլ եւ համ­բե­րե՛լ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 11, 2016

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Քեն­թա­քի նա­հան­գին մէջ կա­ռու­ցուած է Նո­յեան տա­պա­նի ու­շագ­րաւ կրկնօ­րի­նա­կը՝ Ark Encounter-ը, որ ար­դէն բաց է այ­ցե­լու­թեան հա­մար:

Երկուշաբթի, Յուլիս 11, 2016

Հայ եւ օտար գործարարներ յառաջիկայ աշնան քննարկումներու համար ժամադրուած են Փարիզի մէջ:
Ըստ Հայկական գործարար գործակալութեան նախագահ Վարդան Գաբրիէլեանի, աշխատանք պէտք է տանիլ Հայաստանի տնտեսական միջավայրի բարելաւման համար:

Երկուշաբթի, Յուլիս 11, 2016

ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի Հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան կո­մի­տէին 40-րդ ժո­ղո­վը այս օ­րե­րուն տե­ղի կ­­՚ու­նե­նայ Իս­թան­պու­լի մէջ։ Ե­րէկ, Հար­պի­էի մէջ, Իս­թան­պու­լի հա­մա­գու­մար­նե­րու կեդ­րո­նէն ներս բա­ցուե­ցաւ այս նստաշր­ջա­նը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 11, 2016

Փոր­թու­գա­լի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը դար­ձաւ Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յեան։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հա­մայն ֆութ­պո­լի աշ­խար­հին ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած էր Փա­րի­զի վրայ։ «Եւ­րօ-2016»ի ա­ւար­տա­կա­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ «Սթատ տը Ֆրանս»ի մէջ, Սեն Տը­նի։

Շաբաթ, Յուլիս 9, 2016

Է­րե­բու­նիի մէջ հայ-ֆրան­սա­կան ար­շա­ւա­խում­բի ութ տա­րուան պե­ղում­նե­րը տուած են հե­տաքրք­րա­կան ար­դիւնք­ներ: Ծրա­գի­րը մօ­տե­ցած է իր ա­ւար­տին, սա­կայն յոյս կայ, որ ա­նի­կա շա­րու­նա­կուի, լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ ը­սած է  «Է­րե­բու­նի» պատ­մահ­նա­գի­տա­կան ար­գե­լոց-թան­գա­րա­նի տնօ­րէն Գա­գիկ Կիւր­ճեան:

Շաբաթ, Յուլիս 9, 2016

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջէն կը կար­դանք.-

Հա­լէ­պի տար­բեր շրջան­ներ ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մե­րէն սկսեալ դար­ձած են թի­րախ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու հրթի­ռար­ձա­կում­նե­րուն: Ծանր հրթի­ռար­ձակ­ման են­թար­կուած է մաս­նա­ւո­րա­պէս Հա­լէ­պի «Մո­քամ­պօ» եւ «Ալ Ֆըր­քա­ն» թա­ղա­մա­սե­րը, ուր զո­հե­րուն թի­ւը հա­սած է 20-ի:

Շաբաթ, Յուլիս 9, 2016

Այս ամառ Հայաստանի մէջ կը բացուին երեք կարեւոր ու խոշոր առողջապահութեան կեդրոններ:
Ժամանակակից սարքաւորումներով օժտուած կառոյցները ունին տարեկան շուրջ հազար հիւանդ խնամելու տարողութիւն:

Էջեր