Արխիւ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի Հայ մա­տե­նագ­րու­թեան թուան­շա­յին գրա­դա­րա­նը վեր­ջերս հա­մալ­սա­րա­նի «Մա­նու­կեա­ն» սրա­հին մէջ շնոր­հան­դէ­սի մի­ջո­ցաւ նե­րա­կա­յա­ցուց իր նոր կայ­քէ­ջը՝ նո­րա­ցուած բո­վան­դա­կու­թեամբ եւ ար­դի գոր­ծի­քա­կազ­մով։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Գէորգ Դ Քե­րես­տէ­ճեան (1866-1882) Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը փոր­ձեց Սսի եւ Աղ­թա­մա­րի կա­թո­ղի­կո­սա­կան խնդիր­նե­րը լու­ծել։ Այս հար­ցին լուծ­ման վրայ մեր­ձա­ւոր հսկո­ղու­թիւն ու­նե­նալ կ՚ու­զէր Հայ­րա­պե­տը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016

Ս. ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷ­ՃԵԱՆ

Ար­ցա­խի սահ­ման­նե­րուն վրայ հայ զի­նուորն ու կա­մա­ւո­րը Ապ­րի­լի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն սխրանք­ներ ար­ձա­նագ­րե­ցին, ա­զէ­րի յե­լու­զակ­նե­րը ետ մղե­ցին գրա­ւեալ տա­րածք­նե­րէ եւ հայ­կա­կան դրօ­շը վե­րա­հաս­տա­տե­ցին Թա­լի­շի, Մա­տա­ղի­սի ու շրջա­կայ դիր­քե­րու վե­րեւ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Հրա­տա­րակ­չա­կան բա­ժի­նը, օրհ­նու­թեամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի, լոյս ըն­ծա­յեց հո­գե­լոյս Տ. Վա­հան Ծ. Վրդ. Բաս­տա­մեան­ցի (1842-1881) կա­նո­նա­գի­տա­կան եր­կե­րու ժո­ղո­վա­ծոն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ յանձ­նուե­ցաւ «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կը, ո­րու ա­ռա­ջին դափ­նե­կի­րը դար­ձաւ Մար­գա­րիտ Փա­րան­կի­ցէ (Պրուն­տի)։ Միւս թեկ­նա­ծու­ներն էին՝ Թոմ Քա­թի­նա (Սու­տան), Սաի­տա Ղու­լամ Ֆա­թի­մա (Փա­քիս­տան) եւ Հայր Պեռ­նար Քին­վի (Կեդ­րո­նա­կան Ափ­րի­կէի Հան­րա­պե­տու­թիւն)։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016

Թիւնէլի հրապարակին եւ Հայտարփաշայի կայարանին մօտ ոգեկոչումներ՝ անվտանգութեան միջոցառումներով:
Թուրքիոյ մէջ հասարակութեան զանազան շրջանակները այս տարի եւս նշեցին Ապրիլի 24-ը՝ հանդէս գալով մամլոյ յայտարարութիւնով մը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016

Ամբողջ աշխարհի հայութիւնը շաբաթավերջին բիւր յարգանքով ու խոր երկիւղածութեամբ խնդրեց իր Սուրբ նահատակներուն բարեխօսութիւնը:
Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը դարձեալ մագնիսացուց հայ ժողովուրդին ուշադրութիւնը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «2016 թուականի Ապրիլի 24-ին, ի լուր աշխարհի կը յայտարարեմ, որ Արցախի մէջ պիտի չըլլայ հայերու բնաջնջում կամ բռնագաղթեցում»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016

Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թը այս ա­ռա­ւօտ կա­նուխ ժա­մա­նեց քա­ղաքս։ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թին հրա­ւէ­րով ու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Իս­թան­պուլ հա­սաւ Պա­րի պե­տա­կան ան­սամպ­լը։ Ե­շիլ­գիւ­ղի «Ա­թա­թիւրք» օ­դա­կա­յա­նին մէջ խում­բը դի­մա­ւո­րուե­ցաւ «Մա­րալ»ի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Կար­պիս Չափ­քա­նին եւ այլ ան­դամ­նե­րուն կող­մէ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016

Համայնքային շրջանակները յարատեւութեան մաղթանքով ու զօրակցութեան տրամադրութեամբ ողջունեցին Շիշլի մարզակումբի հիմնադրութեան 70-ամեակը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի գլխաւորութեամբ Էթիլէրի մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքը փայլուն անցաւ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016

Ապ­րի­լի 24-ի առ­թիւ ե­րէկ Ս. Պա­տա­րագ մա­տու­ցուե­ցաւ Գում­գա­բուի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի տնօ­րի­նու­թեամբ, այս տա­րի եւս շա­րու­նա­կուե­ցաւ Ապ­րի­լի 24-ի առ­թիւ Գում­գա­բուի մէջ Ս. Պա­տա­րա­գի մա­տուց­ման նա­խըն­թա­ցը, որ կը շա­րու­նա­կուի քա­նի մը տա­րիէ ի վեր եւ այ­լեւս ա­ւան­դու­թեան մը վե­րա­ծուե­լու վրայ է։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Ապ­րի­լի 24-ին առ­թիւ Ա­թո­ռա­նիստ Մայր Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գին առ­թիւ խօ­սե­ցաւ հե­տե­ւեալ քա­րո­զը։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Պատ­րիար­քա­րա­նի կող­մէ թո­ղար­կուած պաշ­տօ­նա­կան բնա­գի­րը։ 
ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ՅԱ­ՐԵԱՒ Ի ՄԵ­ՌԵ­ԼՈՑ
Գո­հու­թիւն եւ փառք Ա­մե­նա­կա­լին Աս­տու­ծոյ, որ կը շա­րու­նա­կենք վա­յե­լել մեր Տի­րոջ եւ Փրկչի Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի Սուրբ Յա­րու­թեան տա­ղա­ւա­րի ցնծու­թիւ­նը։ Կը շա­րու­նա­կենք ձայ­նակ­ցիլ հրեշ­տակ­նե­րուն, ո­րոնք վի­մա­փոր գե­րեզ­մա­նի դրան քա­րը գլո­րե­ցին եւ յայ­տա­րա­րե­ցին, թէ «Քրիս­տոս, խա­չուած Նա­զով­րե­ցին չէ աստ, այլ՝ յա­րեաւ»։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Լա՛ւ տրա­մադ­րու­թիւն ու­նե­նալ» կը նշա­նա­կէ՝ ինք­նավս­տահ ըլ­լալ, կո­րո­վի, զօ­րեղ զգալ ինք­զինք, քա­ջա­րի ըլ­լալ եւ պատ­րաս­տա­կամ՝ կա­տա­րե­լու այն ի՛նչ որ ի­րեն կը վե­րա­բե­րի։ Լաւ տրա­մադ­րու­թիւն ու­նե­ցո­ղը «հո­գիի ուժ» ու­նե­ցող մէկն է։

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ յո­բե­լե­նա­կան յատ­կան­շա­կան հան­դի­սու­թիւն մը։ Այս­պէս, Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ նշուե­ցաւ թե­մի նուի­րեալ հո­գե­ւոր սպա­սա­ւոր­նե­րէն Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տէ­միր­ճեա­նի քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թեան եւ օծ­ման, հո­վուա­կան ծա­ռա­յու­թեան 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Տէր Հօր ծա­ռա­յած Վեն­նայ­սի Ս. Պետ­րոս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցան կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ յո­բե­լե­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016

Գալ­ֆաեան Տան եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դէս մը, ո­րով տօ­նախմ­բուե­ցաւ Ապ­րի­լի 23-ը։ Ե­րէկ, Ման­կանց տօ­նին առ­թիւ դպրո­ցէն ներս կազ­մա­կեր­պուած խրախ­ճան­քը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թեան։

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր Գում­գա­բուի մէջ ըն­դու­նեց «Օս­ման­լը օ­ճաք­լա­րը» միու­թեան ե­րի­տա­սար­դաց թե­ւի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, գլխա­ւո­րու­թեամբ ի­րենց ղե­կա­վա­րին՝ Մուս­թա­ֆա Քե­մալ Է­րէ­նի։

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը հա­մախմ­բուե­ցան՝ տօ­նախմ­բե­լու հա­մար Շիշ­լի մար­զա­կում­բի հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Այս առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րի­քին ըն­թաց­քին Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ձե­ռամբ յու­շա­նուէր մը յանձ­նուե­ցաւ հա­մայն­քա­յին յայտ­նի բա­րե­րա­րու­հի Մո­նիք Եր­կա­նեա­նին։

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ ե­կե­ղե­ցին Ապ­րիլ 24-ին կը յի­շա­տա­կէ Սուրբ Խա­չի ե­րեւ­ման տօ­նը՝ ան­գամ մը եւս յի­շե­լով Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի չար­չա­րանք­նե­րը, ա­նոր խա­չե­լու­թիւ­նը, եւ խա­չի վրայ ա­նոր թա­փած ան­մեղ ա­րեան շնոր­հիւ մարդ­կա­յին ցե­ղի փրկու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

«Քամփ Ար­մէն»ի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քին Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­դար­ձուի­լը հիմ­նա­կան շօ­շա­փե­լի ար­դիւնքն է շուրջ մէկ տա­րուան այս աղմ­կա­լի գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։ Սա ե­ղաւ կա­ռա­վա­րու­թեան մի­ջամ­տու­թեամբ։ Ա­նոնք, ո­րոնք քիչ թէ շատ ծա­նօթ են ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, կը գի­տակ­ցին՝ թէ ե­րես­փո­խան Մար­գար Է­սաեան ու­նե­ցած է կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն մը։

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016

Ռամ­կա­վար ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ՌԱԿ) Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած վե­րա­կանգ­նու­մի ու վե­րա­միա­ւոր­ման շարժ­ման ե­ռօ­րեայ հա­մա­ժո­ղո­վը հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Այս առ­թիւ կու­սակ­ցու­թեան յա­ռա­ջա­տար ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը սար­քե­ցին մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րով ամ­փո­փե­ցին հա­մա­ժո­ղո­վին շրջագ­ծով կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քը։

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016

Կա­զիան­թէ­պի մէջ այս շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր հա­ւա­քոյթ մը։

Էջեր