Արխիւ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ «Աւանդական արժէքներ. ժամանակակից հասարակութեան զարգացման հոգեւոր-բարոյական ուղենիշները» խորագրեալ միջազգային գիտաժողով մը։
ՏՔԹ. Յ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
«Ա՜խ լեզուն, լեզուն.
լեզուն որ չըլլայ, մարդ
ինչի՞ պէս կ՚ըլլայ…»
ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆ
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Գրիչը կ՚ըմբոստանայ արձանագրելու համար վախճանը այս պրիսմակէ թանկարժէք կեանքին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբեք խորհա՞ծ էք, սիրելինե՜ր, պահ մը գոնէ, կեանքի բազմատեսակ զբաղումներուն մէջ, տաղտկալի ապրումներուն ընթացքին, պա՛հ մը միայն, թէ՝ «Ի՞նչ է մարդը»։
Ճաբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիոյի մէջ իրականացած է հայկական մշակոյթի շաբաթ, որուն ընթացքին տեղի ունեցած են բազմաբնոյթ ձեռնարկներ՝ հայ եւ ճաբոնցի արուեստագէտներու մասնակցութեամբ:
Երեւանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Հնդկաստան միջկառավարական յանձնաժողովին եօթներորդ նիստը։
Պելժիոյ դատական իշխանութիւնները որոշեցին Սալահ Ապտիւսսելամը արտայանձնել Ֆրանսայի։ Ինչպէս ծանօթ է, Ապտիւսսելամ 13 Նոյեմբեր 2015-ին Փարիզի մէջ պատահած ահաւոր ահաբեկչական յարձակումներու գլխաւոր հեղինակներէն մին էր։
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը երէկ տմարդի յարձակում մը իրականացուց Տիարպաքըրի Պաղլար գաւառակին մէջ։ Ժամը շուրջ 17.00-ին, ճանապարհին վրայ զետեղուած ռումբի մը հետեւանքով յարձակման ենթարկուեցաւ զրահապատ մինիպիւս մը, որ կը փոխադրէր ոստիկաններ։
Եդուարդ Նալպանտեան երէկ տեսակցութիւն մը ունեցաւ դեսպան Ճէյմս Ուորլիքի հետ:
Հայկական կողմին համոզմամբ, Պաքուի սադրանքները դարձած են օրինաչափութիւն:
Հարաւային Կովկասի իրավիճակը՝ հայ-ամերիկեան օրակարգի բաղադրիչներու շարքին:
Երեւան եւ Ուաշինկթըն կը ձգտին ջանքերը համատեղել՝ յարաբերութիւններու վերընթաց զարգացման մթնոլորտին մէջ:
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի (CCAF) համանախագահներէն Մուրատ Փափազեան յայտարարեց, որ Հայաստանի կառավարութեան մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գտնուիլը կը նշանակէ Սփիւռքի մէկ մասին ներկայութիւնը։ Երեւանի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մուրատ Փափազեան նշեց, թէ լաւ երեւոյթ մըն է՝ համահայկական բնոյթով այդ կուսակցութեան կառավարութեան մէջ ներգրաւուած ըլլալը։
Սուրիացի փախստականներու խնդիրներուն ձօնուած բարձր մակարդակով միջազգային հանդիպում մը:
Ըստ Նալպանտեանի, նման մեծ մարդասիրական ճգնաժամերու յաղթահարման համար անհրաժեշտ է համախմբում:
Մասաչուսէցի շփումներուն գծով Սարգսեան խօսեցաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններուն շուրջ:
«Մենք խիստ շահագրգռուած ենք Թուրքիոյ խաղաղ ու ժողովրդավարական զարգացմամբ», ըսաւ Հայաստանի նախագահը:
«Թուրքիա հակուած է մտածել, որ ԱՄՆ իր թիկունքին է ու կը հասկնայ զինքը» ըսաւ Հանրապետութեան նախագահը Ուաշինկթընի մէջ: Էրտողանի խօսքերով, երկու երկիրներու միջեւ փոխադարձ շահերու հիման վրայ ձեւաւորուած դաշնակցային յարաբերութիւնը այլընտրանք չունի:
Այսօր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի կ՚ունենայ՝ «Աւանդական արժէքներ. ժամանակակից հասարակութեան զարգացման հոգեւոր-բարոյական ուղենիշները» խորագրեալ միջազգային գիտաժողով մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ տեղի կ՚ունենայ այս գիտաժողովը, որ կազմակերպուած է Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիներու համատեղ ջանքերով։
Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին Պատրիարքարան։ Այս տարի եւս Ս. Զատկի առթիւ Գումգաբուի մէջ ստեղծուեցաւ անմիջական միջավայր մը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, որոնք փութացած էին շնորհաւորելու տաղաւարը։
Ապրիլի 17-ին, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ՝ Մոսկուայի «ЗИЛ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայորդիք» ազգային պարերու միջազգային ամէնամեայ փառատօնը: Փառատօնի ղեկավարն է «Հայորդիք» երգի-պարի խումբի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար Անահիտ Սարգսեան:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ գրականութեան ակունքներուն, կենսայորդ իր բխումով, անփոխարինելի տեղ կը գրաւէ եւ բարձրարժէք արուեստի անսպառ աղբիւր է հայ ժողովրդական բանաստեղծութիւնը, որ ծնունդ տուած է անմահ տաղասացներու, աշուղ-երգիչներու եւ հանճարեղ բանաստեղծներու մեր ազգային համաստեղութեան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս նորոգումէ ետք, նորացուած ցուցադրութեամբ Երեւանի մէջ իր դռները բացաւ ինքնատիպ ու իւրօրինակ թանգարան մը՝ Միջին Արեւելքի թանգարանը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ի՞նչ է ձեր կարծիքը, սիրելի՜ բարեկամներ։ Կարեւորը եւ կարեւորին արժէք տուողը՝ «ունեցած»ին քանակին վրա՞յ է, հապա՝ «տրուած»ին քանակին վրա՛յ։ Աւելի պարզ ըսենք. ո՞ր մէկը արժէք կը ներկայացնէ՝ որեւէ բան ունենա՞լ, թէ ունեցածը տալ՝ բաժնել ուրիշներու հետ։ Եւ եթէ «բարիք» ըսուածը ուրիշին օգտակար ըլլալ կը նշանակէ, ապա ուրեմն կարեւորը ո՛չ թէ ունենալ, այլ՝ տա՛լն է։