Արխիւ
Կարսի Մշակոյթի եւ արուեստի միութեան նախագահ Վետաթ Աքչայէօզ յայտնեց, որ Անիի աւերակներուն մօտակայ Ալէմ գիւղի շրջակայքին յայտնաբերուած են ժայռապատկերներ, որոնց հաստատման համար դիմած են՝ տեղւոյն թանգարանի տնօրէնութեան։
Պատրիարքարանի աղբիւրներուն կողմէ տարածուած Տիրամայր Մարի Մութաֆեանի վերջին յայտարարութիւնը այսօր արձագանգ գտած է «Սապահ» օրաթերթին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, մեր համայնքէն խումբ մը անհատներ վերջերս դատական մարմիններուն մօտ դիմում ներկայացուցած էին՝ որպէսզի Տիրամայր Մարի Մութաֆեան խնամատար նշանակուի Մութաֆեան Պատրիարքին համար, որ շուրջ ինն տարիէ ի վեր հիւանդ ըլլալով ի զօրու չէ կատարել իր պաշտօնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յայտնի իրողութիւն մըն է, թէ՝ կիրքերը ազդեցութիւն կը գործեն մարդուս առողջութեան վրայ։ Երբ կ՚ընդունինք կիրքերու ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ, ապա ուրեմն ի՞նչ է «կիրք»ը։ Ամենապարզ բացատրութեամբ՝ կիրքը հոգիին զօրեղ շարժողութիւնն է։ Եւ երբ որեւէ տպաւորութիւն, մարդուս մէջ սաստիկ կերպով կ՚արթնցնէ համապատասխան զգացմունքներ՝ որոնք մտքի ընթացքը յանկարծակի կերպով կը փոխեն, այդ ժամանակ նկատելի կ՚ըլլայ՝ «հոգեկան յուզում», այսինքն՝ կի՛րք. (Կիրք=emotion, affect)։
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
(Կը նուիրեմ սիրելի աշակերտներուս՝ Սօսին, Արտեոմին, Ժիրայրին ու Վահրամին, որոնք երկրաշարժի ահաւոր աղէտէն ետք Մելգոնեան բերուեցան ուսում ստանալու)
Այսօր համայն հայաշխարհը կ՚ոգեկոչէ Սպիտակի ու Լենինական (Կիւմրի)ի երկրաշարժի 27-րդ տարելիցը։
Ռուսաստանի ուժանիւթի բնագաւառի հսկաներէն «Կազփրոմ» ընկերութիւնը ներկայիս Իրանի հետ աշխատանք կը տանի Հայաստան կազ մատակարարելու փոխանակման գործողութիւններու հարցին շուրջ։ Ծանօթ է, որ «Կազփրոմ» Ռուսաստանի բնական կազի պետական ընկերութիւնն է եւ անոր ղեկավարը՝ Ալեքսէյ Միլլէր Լիւքսեմպուրկի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Վրաստանի փոխ-վարչապետ, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Քախա Քալածէի հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ իրականացուած համալիր հետախուզական միջոցառումներու շրջագծով ձերբակալուեցաւ Արմաւիրի մարզի բնակիչ Գարիկ Խաչիկի Մարուքեան (1977)։ Վերոյիշեալ միջոցառումներուն ընթացքին ապահովուած տուեալներու լոյսին տակ 4 Դեկտեմբեր 2015 թուականին ձերբակալուած է երկրի քաղաքացիներէն Գարիկ Մարուքեան, որ եղած է պահեստազօրի գնդապետ։
«Որքան որ հին է Եւրոպայի քաղաքակրթութիւնը, այնքան եւ հին են անոր հետ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կապերը»:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի համոզմամբ, նոր էջ մը կը բացուի Երեւան-Պրիւքսէլ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան մէջ:
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Հալէպահայ Արինա Թէքէեան (19 տարեկան) չորս ժամ լողալէ ետք փրկուած ու հասած է Իզմիր: Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք մեր աղբիւրէն:
Անգարա-Մոսկուա լարուածութիւնը կ՚անդրադառնայ տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւններուն վրայ:
Ռուսաստան կ՚աշխուժանայ Իրաք-Սուրիա առանցքին վրայ:
Թուրքիա կը ջանայ աշխարհին ցոյց տալ Քրեմլինի բուն նպատակները: Վարչապետ Տավուտօղլու այսօր կը հիւրընկալէ Մեսուտ Պարզանին: Խոցուած ռուսական ռազմաօդանաւուն սեւ արկղը յանձնուեցաւ Վլատիմիր Փութինին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Այս առթիւ Գառնիկ Մկրտիչեան նշեց, թէ կեդրոնական վարչութեան բոլոր անդամները այս օրերուն մէկտեղուած են Հայաստանի մէջ, ինչ որ յաւելեալ եռանդ մը կու տայ իրենց բոլորին։
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Հպարտութեամբ կարելի է խոստովանիլ, թէ խստապահանջ նիւեորքահայ հանդիսատեսին կարելի եղաւ հրամցնել հայկական դասական մեր իրա՛ւ երաժշտութիւնը: Յայտագիրը նուիրուած էր Հայոց մեծ եղեռնի 100-րդ տարեդարձին: Դասական երաժշտութեան կարեւոր անուններ այդ երեկոյ՝ Շաբաթ, Նոյեմբերի 21-ին,
Արմէն Ճիկարխանեանի թատերախումբը երէկ հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ:
«Սրճարան «Կեանքը վարդագոյն լոյսի ներքեւ»» խաղը արժանացաւ ջերմ հետաքրքրութեան:
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կարէն Միրզոյեան ԱՄՆ-ի Գոնկրէսէն ներս կը մասնակցի Արցախի անկախութեան տարեդարձին ձօնուած եւ աւանդական դարձած տարեկան ձեռնարկին, որու ընթացքին հանդէս կու գայ ելոյթով մը։
Արցախի ճակատին վրայ բախումները կը շարունակուին ամբողջ թափով։ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին վրայ գիշերուան ժամերուն դարձեալ ապրուեցաւ լարուածութիւն։ Հայկական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճան շարունակած է թափով խախտել հրադադարը՝ շուրջ 250 անգամ։ Ազէրի զօրքերը օգտագործած են զանազան տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ, ականանետեր, նըռ-նականետեր եւ ընդհանուր առմամբ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած են 2700 կրակոց։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յորդորեց ոչնչացնել աշխարհի բոլոր միջուկային զէնքերը։ Երէկ, ան այսպիսի կոչով մը հանդէս եկաւ՝ Սէուլի մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովի մը առթիւ։
Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ իրաւական շրջանակային նոր համաձայնագրի մը շուրջ բանակցութիւնները երէկ սկսան Պրիւքսէլի մէջ։ Սոյն բանակցութիւններու պաշտօնական մեկնարկը ազդարարեցին՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Եւրոմիութեան միասնական արտաքին քաղաքականութեան ու պաշտպանութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար, Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի։ Եւրոմիութեան կեդրոնատեղիէն ներս այս առթիւ տեղի ունեցաւ պաշտօնական արարողութիւն մը, որու ընթացքին բանակցութիւններու սկիզբը ազդարարուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երէկ ելոյթով մը մեկնաբանեց Սահմանադրութեան բարեփոխման շաբաթավերջի հանրաքուէն:
Սերժ Սարգսեանի համոզմամբ, յառաջիկայ ընտրութիւններու արդիւնքին պէտք չէ ըլլան ամէն ինչ ստացածներ եւ ամէն ինչ կորսնցուցածներ:
Արտաքին գործոց նախարար Չավուշօղլու հարցազրոյց մը տուաւ ռուսական ԹԱՍՍ գործակալութեան:
Մոսկուա ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ կը բերէ թրքական զօրքերու Մուսուլի մէջ կատարած վերջին կուտակումը: Մեսուտ Պարզանի պիտի այցելէ Թուրքիա: Իրաք Գերմանիոյ հրաւէր ուղղեց՝ իր զինուորներու մարզման համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ատելութիւնը մոլութիւն մըն է՝ որ մարդս կ՚առաջնորդէ ուրիշ մոլութիւններու, զոր օրինակ՝ խաբէութեան, ինչպէս կ՚ըսէ Առակախօսը. «Ատողը իր շրթունքները կը կեղծէ ու սրտին մէջ նենգութիւն կը պահէ։ Անոր գեղեցիկ խօսքերուն մի՛ հաւատար, քանի որ անոր սրտին մէջ եօթը զզուելի բան կայ։ Ան որ իր ատելութիւնը նենգութեամբ կը ծածկէ, անոր չարութիւնը ժողովուրդին մէջ պիտի յայտնուի։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բաժանումը, խզումը ծանր է, մանաւանդ՝ «Ֆէյսպուք»ի վրայ:
Չկայ զգացում մը, այնքան նման՝ ստամոքսի պրկումին, որ դուք կ՚ունենաք, երբ պատահաբար կը տեսնէք նամակագրութիւն մը ձեր եւ նախկին սիրելիին միջեւ, աւելի երջանիկ ժամանակներու մէջ: Նոյնիսկ աւելի դաժան է, երբ կը նկատէք, որ անոր մականունը փոխուած է այդ ատենէն ի վեր: