Արխիւ
Կը տեղեկանանք, որ «Մարալ» միութեան խումբը յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Հայաստան։ Ուղեւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ 11-15 Սեպտեմբեր թուականներուն։
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ գլխաւորուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամները, որոնք ներկայիս կը գտնուին Արցախի մէջ։
Վրաստանի Վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան կ՚ընդունուի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ։ Հիւր վարչապետը կ՚այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդ:
«Եփրատի վահան» գործողութեան զուգահեռ՝ Թուրքիա-Սուրիա սահմանը մաքրագործուեցաւ ԻՇԻՊ-էն:
Էրտողան. «Անգարա պիտի չարտօնէ, որ իր հարաւին ստեղծուի ահաբեկչական նրբանցք մը»:
Իր բազմամեայ գործունէութեան եւ վիրաբուժութեան ծիրէն ներս մեծ ներդրում ունենալուն համար մարդասէր եւ բարերար Փրոֆ. Գրիգոր Երզնկացեան արժանացաւ Իրլանտայի Վիրաբոյժներու թագաւորական գոլէճի բարձրագոյն պարգեւին՝ պատուաւոր անդամի կոչումին:
Երեւանի Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի անժամանակ մահը խոր ցաւի մթնոլորտ ստեղծած է հայկական գիտական աշխարհէն ներս։ Այսօր, Երեւանի մէջ, Նոր Նորքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ երդիքին տակ տեղի կ՚ունենայ Հրաչեայ Թամրազեանի հոգեհանգիստը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այցելութեան մը ձեռնարկեց դէպի Արցախ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այսօր Վեհափառ Հայրապետը մեկնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն։ Ստեփանակերտի մէջ ան կը հիւրըկալուի Արցախի ղեկավարութեան կողմէ։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Դժբախտաբար մարդ արարածը իր լինելութեան ճամբուն վրայ է տակաւին ու դեռ «հեռու է» ցանկալին, մինչ այդ պայքարը կը շարունակուի անասնական հունով, իրար յօշոտելու, իրաւունք կորզելու, ունենալու եւ ա՛լ աւելի ունենալու մարմաջով տարուած. ահա ունինք այսօրուան աշխարհը, որ արդէն բռնկած վառօդ մըն է ու ո՞վ պիտի մարէ զայն, եւ ո՞վ կրնայ...
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ իշխանութիւններուն մօտիկ մէկէ աւելի հեղինակաւոր արաբատառ թերթեր վերջին օրերուն ռումբի նման «պայթեցուցին» այն լուրը՝ Էրտողան-Էսատ հաւանական հանդիպման մը մասին: Շրջանառուող լուրերուն համաձայն, հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ, նախաձեռնութեամբ՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք 6 Նոյեմբեր 1937 թուակիր «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի մէջ հրատարակուած, Արտաշէս Գալփաքճեանի «Լաւ Խօսալու եւ Համոզելու Արուեստը» խորագրեալ շահեկան յօդուածը։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ:
Ներսէսեան Դպրաց Դասը կենսունակութեամբ յառաջ կը տանի ամրան շրջանի իր գործունէութիւնը՝ նոր ուժերու մասնակցութեամբ:
2016-ին զբօսաշրջական մարզի աշխուժութեան նուազման պատճառով Եգիպտոսի մէջ փակուած են 220 պանդոկներ: Ըստ «Արմէնփրէս»ի, մեծագոյն կորուստը կրած է Շարմ Շէյխը, ուր աշխատանքէ դադրած են 54 պանդոկներ:
Ֆրանսահայ բժիշկներու միութեան (UMAF) անդամները աւելի քան հինգ հարիւր երախայ հետազօտած են Հայաստանի Սիւնիքի մարզի տարբեր գիւղերու եւ Սիսիան քաղաքին մէջ, ԱԿԲԱ- «Քրետի Ակրիքոլ Պանք»ի աջակցութեամբ իրագործուող բարեսիրական ծրագրի շրջանակին մէջ:
ԵՄ-ի անդամ եւ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու նախարարներուն հաւաքը:
Եդուարդ Նալպանտեան խօսեցաւ Հայաստանի բարեփոխումներու գործընթացին շուրջ:
Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններուն մէջ հայկական հարցը դարձեալ որոշիչ գործօնի վերածուած:
Պերլինի ղեկավարութիւնը կը շեշտէ, որ Պունտեստակի կողմէ ընդունուած բանաձեւը չունի պարտադիր բնոյթ:
Արցախի անկախութեան 25-ամեակը՝ Ապրիլի պատերազմի յիշողութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտով:
«Ատրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշումը պարտադրանք կը ստեղծէ Լեռնային Ղարաբայի ճանաչման համար»:
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Վիզի ցաւը հիւանդութիւն մը չէ, այլ` ախտանշան մը, որ կը յայտնուի շատ մը հիւանդութիւններու եւ անբնական երեւոյթներու պատճառով: Ժողովուրդին 25 տոկոսը կը գանգատի վիզի ցաւէ: Անիկա կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի եւ երկու սեռերու մէջ, առանց խտրութեան:
Հայութեան առընչութիւնը Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին (ՊԱՀ) արդէն աւելի քան հարիւրամեայ պատմութիւն մը ունի: Դեռ Եղեռնէն իսկ առաջ, թէ՛ կիլիկիահայ եւ թէ արեւմտահայ ուսումնատենչ երիտասարդներ ուսանելու կը ղրկուէին կամ կու գային այն ատեն Սիրիըն Փրոթեսթընթ գոլըճ կոչուող այս երախտաշատ հաստատութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ղարաբաղցիք նշեցին անկախութեան 25-րդ տարեդարձը: Տարբեր հանգամանքներու տակ կը նշուէր այս տարուան տօնը եւ այդ մէկը պայմանաւորուած էր մի քանի պարագաներով: