Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ղարաբաղի իշխանութիւններուն համար անկախութիւն ճանչնալու հարցը միշտ առաջնային է: Արիւնով նուաճուած այս տարածքի անկախութեան ճանաչման մասին խօսիլը աւելի մեծ աշխուժութեամբ շրջանառութեան մէջ կը դրուէր մասնաւորապէս անցնող 1 Ապրիլին սկիզբ առած քառօրեայ պատերազմի ամենէն թէժ պահերուն:
Սերժ Սարգսեան. «Ատրպէյճանի նախագահի հաւաստիացումները քիչ հաւատ կը ներշնչեն»:
Հայաստանի նախագահը շահեկան համարեց մշտադիտարկումը, որովհետեւ հայկական կողմը երբեք չի խախտեր հրադադարը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած՝ Արարիչը յայտնեց Իր Օրէնքը Իր ժողովուրդին, այսպէս պատրաստելով Յիսուս Քրիստոսի Գալուստը։ Արդարեւ Մովսէսի Օրէնքը կ՚արտայայտէ բազմաթիւ ճշմարտութիւններ՝ որոնք բնականաբար մատչելի են բանականութեան։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 3-ին, 187 տարի առաջ, ներկայիս իբրեւ Ատրպէյճան ճանչցուած երկրին հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Շամխոր քաղաքին մէջ, իր աւարտին հասաւ 18-րդ դարուն սկսած եւ մինչեւ 1829 թուականը շարունակուած ռուս-պարսկական երկարատեւ պատերազմին կարեւորագոյն ու վճռորոշ ճակատամարտներէն մէկը՝ ռուսական զօրքերու եւ անոնց յառաջապահ ուժը կազմող հայ կամաւորականներու փայլուն յաղթանակով։
Աբրահամ Լինքընը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 16-րդ նախագահն էր: Լինքընը ազգային հերոս էր, անոր հետ կը կապուի ստրկատիրական համակարգի վերացումը եւ Սպիտակ տան մէջ միասնութեան եւ ազնուութեան մթնոլորտի հաստատումը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գիրքերը մարդուս ամենէն հաւատարիմ ու անկեղծ բարեկամներն են, իսկ գրադարանները՝ լուսաւոր եւ ապահով պատսպարանն է, որ հեռու կը պահէ մտքի խաւարի ամէն տեսակ վնասաբեր ազդեցութիւններէն։ Եւ այս իմաստով, իրապէ՛ս գիրքերը եւ գրադարանները «լոյս աշխարհ»ի մը կը վերածեն մութէն ու խաւարէն տագնապած ու տուայտած մարդը։
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Իր աւարտին հասաւ արդէն Սթոքհոլմի Globe Arena-ի «Եւրոտեսիլ 2016»ի եզրափակիչ փուլը, որ հակառակ Եւրոպայի տարածքին գտնուողներու քուէարկութեանց, 534 կէտերով յաղթանակ արձանագրեց Ուքրայնան ներկայացնող թաթարա-հայկական արմատներով Ճամալան՝ Սուսաննա Ճամալդինովան, իր ետին ձգելով Աւստրալիայի ներկայացուցիչն ու Ռուսաստանը (491):
Սերժ Սարգսեան-Իլհամ Ալիեւ հանդիպման պահուն Արցախի ճակատին վրայ հայ զինուոր մը նահատակուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։
Համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի ԵԱՀԿ ձեռնամուխ ըլլայ շփման գծին հրադադարի խախտումները հետաքննելու ուղղեալ դրութեան մը հաստատման աշխատանքին։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ֆրանսական որեւէ դեղարան կամ անուշահոտերով եւ օդաորակիչ նիւթերով մասնագիտացած խանութ մը մտնելու եւ «հայկական թուղթ» մը պահանջելու պահուն ամէն մարդ անմիջապէս կը հասկնայ, թէ ինչի՞ մասին է խօսքը: Papier d’Armé-nie. Այսպէս կը կոչուի այն զարմանահրաշ թուղթը, որուն ֆրանսացիները ծանօթ են նախանցեալ դարէն ի վեր: Papier d’Armé-nie-ն այսօր կը նկատուի աշխարհի ամենէն հին օդի թարմացուցիչը:
VADİP-ի հերթական ժողովին ընթացքին համայնքային վարիչները ամփոփեցին առկախեալ ընտրութիւններու հիմնախնդրին վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւնները: Պետրոս Շիրինօղլու եւ Թորոս Ալճան մեկնաբանեցին պաշտօնական պատկան շրջանակներէն հասած ազդանշանները, որոնք նոր երանգ մը կը ստանան նոր վարչապետի անուան յստակեցման բերումով:
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնէն ներս կազմակերպուած առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնին առթիւ։ «Աճառեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որու բերումով ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ վերջերս դպրոցի աշակերտութեան համար կազմակերպուեցաւ շրջապտոյտ մը դէպի Կապադովկիա եւ Անգարա։ Խումբը գլխաւորեց վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան, որու հետ էին նաեւ ուսուցիչներ եւ ծնողներ։
Եշիլգիւղի վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները վերջերս ճամբորդութիւն մը կատարեցին դէպի Էսկիշէհիր։ Վարժարանի տնօրէն Ալին Պիւյիւքէրի գլխաւորած խումբին մաս կազմեցին նաեւ ուսուցչական կազմէն դէմքեր։
Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցի շրջանին, Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն խումբ մը սաներ, գլխաւորութեամբ իրենց հայերէնի ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեանի, իրականացուցեր էին աշխատանք մը՝ բացայայտելու համար նահատակ գրագէտ Ռուբէն Սեւակի (1885-1915) կենսագրութենէն որոշ դրուագներ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ֆաթիհի քաղաքապետ Մուսթաֆա Տեմիրը։ Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Նորին Սրբազնութիւնը ճաշասեղանով մը պատուած է Մուսթաֆա Տեմիրը։
Մխիթարեանի ընտանիքը երէկ ոգեւոր օր մը ապրեցաւ վարժարանի շրջանաւարտներու աւանդական հաւաքին առթիւ։ Խաւիծի օրը առիթ հանդիսացաւ զանազան սերունդներէ սաներուն համախմբման՝ դպրոցի պատմական համալիրէն ներս։
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն եռակողմանի ժողովը։
Հաւաքի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան կազամուղ եւ նաւթամուղ խողովակաշարներու անվտանգութեան հարցերը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ սանուց միութիւններու, ակումբներու եւ հայրենակցական միութիւններու առկայ խնդիրները յաղթահարելու որոնումները ունին կենսական նշանակութիւն։
Մտայնութեան եղափոխութեան մը զուգահեռ՝ պէտք է դադրիլ անցեալը կարօտնալէ եւ հրաժարիլ երիտասարդները մեղադրելէ, որպէսզի համայնքի ընկերամշակութային կեանքէն ներս ծնունդ առնէ նոր շարժում մը, ծնունդ տրուի աշխուժութեան։ Համատեղ ձեռնարկներու կազմակերպումը կրնայ ճանապարհ դառնալ առկայ լճացումէն դուրս գալու համար։
Շուէտի մայրաքաղաքը՝ Սթոքհոլմի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Եւրոտեսիլ-2016» երգի մրցոյթը, որ երաժշտութեան աշխարհի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։
Պաքըրգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ այս շաբաթավերջը բնորոշուեցաւ Տատեան վարժարանի շրջանաւարտներու տարեկան հաւաքով։ Դպրոցի նոր համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական հաւաքոյթը, որուն պատուոյ հիւրերն էին Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու։ Մասնակիցներու շարքին էին Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ իր ընկերները, զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ եւ հիւրեր։