Արխիւ
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանին շրջագծով նախընթաց օր կազմակերպուեցաւ մարմնամարզի խրախճանք մը։ Միջլիսէական այս ձեռնարկը ձօնուած էր յոբելեար դպրոցի մարզանքի հանգուցեալ ուսուցիչներէն Գեղամ Եսայեանի յիշատակին։
Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբը երէկ երեկոյեան մեծարանքի ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ վերջերս կազմակերպուած համաեւրոպական խաղերուն շրջագծով ֆութսալի մէջ երկրորդ կարգը նուաճած քաղաքիս խումբին։ Հարկ է նշել, որ Ամսթերտամի մէջ կազմակերպուած մրցաշարքի արդիւնքին 26 խումբերու կարգին Իսթանպուլի ֆութսալի խումբը եղած էր երկրորդ։
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ ծանր բախումները կը շարունակուին։ Կը հաղորդուի, որ Դամասկոսի արուարձաններէն մէկուն մէջ երէկ զոհուած է հայ զինուոր մը։ Բերիոյ թեմի «Գանձասար» պարբերականի կողմէ կատարուած հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ զոհուած զինուորը հալէպահայ Րաֆֆի Գազէզեանն է, որ Սուրիոյ կառավարական բանակին մէջ կը ծառայէր։
Նազար Հանչէր կը տեղեկացնէ.-
Հայաստանի բռնցքամարտի ազգային հաւաքականը այսօր ժամանեց Թուրքիա։ Տասնհինգ մարզիկներէ բաղկացեալ պատուիրակութիւնը Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքով հասաւ քաղաքս եւ դարձեալ օդային ճանապարհով ուղեւորուեցաւ Սամսուն, ուր կը մասնակցի մրցաշարքի մը։ Խումբը կը գլխաւորէ Հայաստանի բռնցքամարտի դաշնակցութեան նախագահ Դերենիկ Գաբրիէլեան։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պերլին, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ ղեկավարութեան կողմէ։ Հարկ է նշել, որ ներկայիս Գերմանիա ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիրն է։ Արցախի ճակատին վրայ բռնկած բախումներու մթնոլորտին մէջ Սերժ Սարգսեան հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։
Կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնով հանդերձ, Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ սադրանքները կը շարունակուին։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հասան Ռուհանիի եւ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ։ Տիմիթրի Մետվետեւ կ՚այցելէ Երեւան։ Մինսքեան խմբակի համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջանին մէջ։ Սէրկէյ Լաւրովն ալ պիտի այցելէ Հայաստան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը շարունակէ իր ամբողջական զօրակցութեան առարկայ դարձնել Արցախը։ Կը հաղորդուի, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը կը պատրաստուին այցելել Լեռնային Ղարաբաղ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Իւնէօնիւն։ Նորին Սրբազնութեան կողքին էր Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան։
Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան «Բարեւ» թատերախումբը հանդէս եկաւ ներկայացումով մը։ Քրէմ Սիմոնի (Սիմոն Էքմէքճեան) հեղինակած գործը Սօսի Ճնտոյեանի կողմէ պատշաճեցումով բեմադրուեցաւ «Հարս ու կեսուր Գնալը կղզիի մէջ» խաղը։ Բեմադրիչն ալ մեր թատերական աշխարհի յայտնի անուններէն Սօսի Ճնտոյեանն էր։
Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի վերջին տարիներու ծաւալուն ուսումնասիրութեան պատկառելի արգասիքը:
Պատմական թաղի անցեալն ու ներկան, հայկական կեանքի ծալքերը կը ցոլանան հինգ հատորներու մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ու սրտիդ ահուդողէն եւ աչքերուդ տեսած բաներէն, առաւօտուն պիտի ըսես.- Երանի՜ թէ իրիկուն ըլլար՝ ու իրիկունն ալ պիտի ըսես.- Երանի՜ թէ առտու ըլլար» (Բ ՕՐԻՆ. ԻԸզ 67)։
Արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ցուցահանդէս մը՝ «Որպէս նուռ», հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ:
Օրլանտօ Քարլօ Քալումենոյի քարտփոստալներով պատրաստուած ձեռնարկը կը ցոլացնէ հայկական հարցին վերաբերեալ պաշտօնական տեսակէտներու եղափոխութիւնը: Բացումին ելոյթով մը հանդէս եկաւ փոխ-նախարար Նաճի Քորու: Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Զէքիեան Գերապայծառ եւ Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան: «Թոփհանէի Ամիրէ» մշակոյթի կեդրոնէն ներս երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան Արա Տինքճեան եւ Իսթանպուլի Պետական թրքական երաժշտութեան համոյթը:
Ղալաթիոյ SALT մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Դատարկ դաշտեր» խորագրեալ շահեկան ցուցահանդէսի մը բացումը։ Հարկ է նշել, որ այս ցուցահանդէսին գեղարուեստական ղեկավարն է Հայաստանէն Մարիաննա Յովհաննիսեան։
ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ
«Գանատա կայք հաստատելու առիթը պէտք չէ վերածել նորաձեւութեան, «մոտա»ի հետեւելու հեւքոտ ճիգի, աւելին՝ արկածախնդրական ծրագիրի մը»
Մահացաւ 65-ամեայ Զահա Մուհամմէտ Հատիտ, որ կը համարուի աշխարհի ամենայայտնի կին ճարտարապետը, ծագումով իրաքցի բրիտանուհի մըն է։ Ան ծնած է 31 Հոկտեմբեր 1950 թուականին, Պաղտատ, Իրաք։ Իսկ ան մահացաւ Մարտի 31-ին, Մայամիի մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փորձեցէ՛ք դիտել կեանքը, դիտել բնութիւնը, հոն նմանութիւններ պիտի չգտնէ՞ք Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդին հետ։ Կեանքը՝ որ կ՚ընթանայ զանազան պատահարներով, տեսակ տեսակ երեւոյթներով, ըսենք՝ ելեւէջներով, երբեմն ուրախութիւններով, երբեմն տրտմութիւններով, յաճախ չարչարանքներով, տանջանքներով, նեղութիւններով, ցաւերով ու վիշտերով, որոնց վերջաւորութեան մարդ կը հասնի ու կը հանգչի մահուան անխուսափելի երեւոյթով եւ ի վերջոյ յաւիտենականութեան՝ անմահութեան։
Հնագէտները Նեղոս գետի ափին նախապէս անյայտ դամբարանադաշտ մը յայտնաբերած են, որ կազմուած է քառասուներկու ժայռափոր գերեզմանէ:
Հայաստանի մէջ ժողովուրդը ինքնաբուխ օժանդակութեան շարժումի մը ծնունդ տուած է՝ զօրակցելու համար Արցախի Պաշտպանութեան բանակին։ Երեւանի կեդրոնին ստեղծուած են հաւաքակէտեր, ուր կամաւորները կը ստանձնեն ժողովուրդին կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւնները։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Մոսկուա պիտի այցելէ այս Ուրբաթ՝ Ապրիլի 8-ին։ Ան հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։
Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւ վաղը պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ Հարկ է նշել, որ այս շաբթուան երկրորդ կէսին Երեւանի մէջ նախատեսուած է Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Արցախի ճակատին վրայ բռնկած բախումներուն հետեւանքով այդ ժողովը յետաձգուեցաւ։