Արխիւ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2015

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թեան կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած հա­մա­լիր հե­տա­խու­զա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու շրջագ­ծով ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ Ար­մա­ւի­րի մար­զի բնա­կիչ Գա­րիկ Խա­չի­կի Մա­րու­քեան (1977)։ Վե­րո­յի­շեալ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն ըն­թաց­քին ա­պա­հո­վուած տուեալ­նե­րու լոյ­սին տակ 4 Դեկ­տեմ­բեր 2015 թուա­կա­նին ձեր­բա­կա­լուած է երկ­րի քա­ղա­քա­ցի­նե­րէն Գա­րիկ Մա­րու­քեան, որ ե­ղած է պա­հես­տա­զօ­րի գնդա­պետ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2015

«Որքան որ հին է Եւրոպայի քաղաքակրթութիւնը, այնքան եւ հին են անոր հետ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կապերը»:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի համոզմամբ, նոր էջ մը կը բացուի Երեւան-Պրիւքսէլ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան մէջ:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2015

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջին վրայ կը կար­դանք.-
Հա­լէ­պա­հայ Ա­րի­նա Թէ­քէեան (19 տա­րե­կան) չորս ժամ լո­ղա­լէ ետք փրկուած ու հա­սած է Իզ­միր: Այս մա­սին տե­ղե­կու­թիւն ստա­ցանք մեր աղ­բիւ­րէն:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2015

Անգարա-Մոսկուա լարուածութիւնը կ՚անդրադառնայ տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւններուն վրայ:
Ռուսաստան կ՚աշխուժանայ Իրաք-Սուրիա առանցքին վրայ:
Թուրքիա կը ջանայ աշխարհին ցոյց տալ Քրեմլինի բուն նպատակները: Վարչապետ Տավուտօղլու այսօր կը հիւրընկալէ Մեսուտ Պարզանին: Խոցուած ռուսական ռազմաօդանաւուն սեւ արկղը յանձնուեցաւ Վլատիմիր Փութինին:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Հայ մարմ­նակր­թա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀՄԸՄ) կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Գառ­նիկ Մկրտի­չեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը։ Այս առ­թիւ Գառ­նիկ Մկրտի­չեան նշեց, թէ կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան բո­լոր ան­դամ­նե­րը այս օ­րե­րուն մէկ­տեղուած են Հա­յաս­տա­նի մէջ, ինչ որ յա­ւե­լեալ ե­ռանդ մը կու տայ ի­րենց բո­լո­րին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2015

ՅԱ­ԿՈԲ ՎԱՐ­ԴԻ­ՎԱ­ՌԵԱՆ

Հպար­տու­թեամբ կա­րե­լի է խոս­տո­վա­նիլ, թէ խստա­պա­հանջ նի­ւեոր­քա­հայ հան­դի­սա­տե­սին կա­րե­լի ե­ղաւ հրամց­նել հայ­կա­կան դա­սա­կան մեր ի­րա՛ւ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը:  Յայ­տա­գի­րը նուի­րուած էր Հա­յոց մեծ ե­ղեռ­նի 100-րդ տա­րե­դար­ձին:  Դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան կա­րե­ւոր ա­նուն­ներ այդ ե­րե­կոյ՝ Շա­բաթ, Նո­յեմ­բե­րի 21-ին,

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2015

Արմէն Ճիկարխանեանի թատերախումբը երէկ հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ:
«Սրճարան «Կեանքը վարդագոյն լոյսի ներքեւ»» խաղը արժանացաւ ջերմ հետաքրքրութեան:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2015

Կար­սի Մշա­կոյ­թի եւ ա­րուես­տի միու­թեան նա­խա­գահ Վե­տաթ Աք­չա­յէօզ յայտ­նեց, որ Ա­նիի ա­ւե­րակ­նե­րուն մօ­տա­կայ Ա­լէմ գիւ­ղի շրջա­կայ­քին յայտ­նա­բե­րուած են ժայ­ռա­պատ­կեր­ներ, ո­րոնց հաս­տատ­ման հա­մար դի­մած են՝ տեղ­ւոյն թան­գա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2015

Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րուն կող­մէ տա­րա­ծուած Տի­րա­մայր Մա­րի Մու­թա­ֆեա­նի վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը այ­սօր ար­ձա­գանգ գտած է «Սա­պահ» օ­րա­թեր­թին մէջ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, մեր հա­մայն­քէն խումբ մը ան­հատ­ներ վեր­ջերս դա­տա­կան մար­մին­նե­րուն մօտ դի­մում ներ­կա­յա­ցու­ցած էին՝ որ­պէս­զի Տի­րա­մայր Մա­րի Մու­թա­ֆեան խնա­մա­տար նշա­նա­կուի Մու­թա­ֆեան Պատ­րիար­քին հա­մար, որ շուրջ ինն տա­րիէ ի վեր հի­ւանդ ըլ­լա­լով ի զօ­րու չէ կա­տա­րել իր պաշ­տօ­նը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մուն յոր­դո­րեց ոչն­չաց­նել աշ­խար­հի բո­լոր մի­ջու­կա­յին զէն­քե­րը։ Ե­րէկ, ան այս­պի­սի կո­չով մը հան­դէս ե­կաւ՝ Սէու­լի մէջ կազ­մա­կեր­պուած խորհր­դա­ժո­ղո­վի մը առ­թիւ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան մի­ջեւ ի­րա­ւա­կան շրջա­նա­կա­յին նոր հա­մա­ձայ­նագ­րի մը շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ե­րէկ սկսան Պրիւք­սէ­լի մէջ։ Սոյն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան մեկ­նար­կը ազ­դա­րա­րե­ցին՝ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ Եւ­րո­միու­թեան միաս­նա­կան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ու պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցե­րով գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար, Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի։ Եւ­րո­միու­թեան կեդ­րո­նա­տե­ղիէն ներս այս առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկիզ­բը ազ­դա­րա­րուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երէկ ելոյթով մը մեկնաբանեց Սահմանադրութեան բարեփոխման շաբաթավերջի հանրաքուէն:
Սերժ Սարգսեանի համոզմամբ, յառաջիկայ ընտրութիւններու արդիւնքին պէտք չէ ըլլան ամէն ինչ ստացածներ եւ ամէն ինչ կորսնցուցածներ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

​Արտաքին գործոց նախարար Չավուշօղլու հարցազրոյց մը տուաւ ռուսական ԹԱՍՍ գործակալութեան:
Մոսկուա ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ կը բերէ թրքական զօրքերու Մուսուլի մէջ կատարած վերջին կուտակումը: Մեսուտ Պարզանի պիտի այցելէ Թուրքիա: Իրաք Գերմանիոյ հրաւէր ուղղեց՝ իր զինուորներու մարզման համար:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­տե­լու­թիւ­նը մո­լու­թիւն մըն է՝ որ մարդս կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ ու­րիշ մո­լու­թիւն­նե­րու, զոր օ­րի­նակ՝ խա­բէու­թեան, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Ա­ռա­կա­խօ­սը. «Ա­տո­ղը իր շրթունք­նե­րը կը կեղ­ծէ ու սրտին մէջ նեն­գու­թիւն կը պա­հէ։ Ա­նոր գե­ղե­ցիկ խօս­քե­րուն մի՛ հա­ւա­տար, քա­նի որ ա­նոր սրտին մէջ եօ­թը զզուե­լի բան կայ։ Ան որ իր ա­տե­լու­թիւ­նը նեն­գու­թեամբ կը ծած­կէ, ա­նոր չա­րու­թիւ­նը ժո­ղո­վուր­դին մէջ պի­տի յայտ­նուի։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

​ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Բա­ժա­նու­մը, խզու­մը ծանր է, մա­նա­ւանդ՝ «Ֆէյս­պուք»ի վրայ:

Չկայ զգա­ցում մը, այն­քան նման՝ ստա­մոք­սի պրկու­մին, որ դուք կ՚ու­նե­նաք, երբ պա­տա­հա­բար կը տես­նէք նա­մա­կագ­րու­թիւն մը ձեր եւ նախ­կին սի­րե­լիին մի­ջեւ, ա­ւե­լի եր­ջա­նիկ ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ: Նոյ­նիսկ ա­ւե­լի դա­ժան է, երբ կը նկա­տէք, որ ա­նոր մա­կա­նու­նը փո­խուած է այդ ա­տե­նէն ի վեր:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Ե­րի­տա­սար­դը կի­թա­ռը ձեռ­քը ա­ռած կը հպի լա­րե­րուն։ Վար­պետ հպում­նե­րու իբր հե­տե­ւանք գե­ղե­ցիկ, հա­յա­բոյր ե­րաժշ­տու­թիւն մը կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ մտքե­րու մէջ խո­րա­սու­զուած այս պա­հուն։ Ան թռիչ­քով մը փո­խադրուած է շատ գե­ղե­ցիկ վայր մը, ուր յա­ճախ կ՚այ­ցե­լէր պա­տա­նու­թեան տա­րի­նե­րուն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի կառավարութեան նորկառոյց մասնաշէնքը նշանակութիւն ունի թէ՛ վարչական եւ թէ ճարտարապետական տեսանկիւնէն:
Ընդարձակ համալիրը արդէն եկած է համալրելու մայրաքաղաքի համայնապատկերը՝ իր շքեղութեամբ, առանձնայատկութիւններով եւ լուսաւորութեամբ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Հայ մարմ­նակր­թա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀՄԸՄ) կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Գառ­նիկ Մկրտի­չեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը, որ վեր­ջերս այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան։ Հարկ է նշել, որ ՀՄԸՄ-ի կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ներ­կայ կազ­մը ընտ­րուած էր ան­ցեալ Սեպ­տեմ­բե­րին Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րուած 11-րդ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի ար­դիւն­քին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ Ա­րեւ­մուտ­քին հետ հա­մա­ձայ­նու­թեան հաս­նե­լէ վերջ՝ Ի­րան ներ­կա­յիս կը նա­խա­տե­սէ բազ­մա­կող­մա­նի քայ­լե­րու ձեռ­նար­կել տնտե­սու­թիւ­նը թա­փով զար­գաց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Թեհ­րան վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կած է ար­տա­սահ­մա­նեան ու­ժա­նիւ­թա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հետ պայ­մա­նագ­րեր կնքե­լու կար­գը՝ փոր­ձե­լով 30 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի նոր ներդ­րում­ներ ներգ­րա­ւել։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան կը ձեռ­նար­կէ դէ­պի Փե­քին։ Չի­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սի Ցզին­փի­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը։

Էջեր